ՎԵՐՋԻՆ
ԳԻՇԵՐԸ
I
Զո՜ւր
է
աղօթքը
մամուն,
Որ
հովն
այս
մութ,
կատաղի՝
Րոպէ
մը
գէթ
խաղաղի...
Պիտի
չիջնէ
Ձեռքն
անհուն։
II
Գռիհն
ի
վեր
ամայի,
Մեծ
կնձնիներ
կը
հեծեն,
Ծիւրած
լուսին
մ՚իր
բանտէն
Անոնց
ցաւին
կը
նայի...
Ա՛յսքան
միյան,
ո՛չ
մէկ
ձայն,
Ամէն
կողմ
մութ,
ոչ
մէկ
իր,
Ոչ
մէկ
հոգի
չի
շարժիր.
Մամն
է
հսկողը
միայն։
Պատին
տակ
լուռ
կծկտած,
Կ՚ունկնդրէ
հեծքը
դուրսի,
Ու
թէեւ
շատ
կը
մըսի,
Յոյսն
այդ
Ձեռքէն
չէ՜
կտրած...
։
Լուռ
կ՚աղօթէ
ձեղունին,
Գերաններուն
մրոտած.
Օ՜,
ան
գիտէ
թէ
Աստուած
Անոնցմե
քիչ
մ՚է
անդին։
III
Խցիկ
մըն
է
որմերով,
Որոնցմէ
վար
կը
նայի
Դատարկութիւն
մ՚ամեհի,
Մահուան
վրայ
երգելով...
Ծեր
ու
յոգնած
մամուն
քով,
Պատին
մութէն
հողմավար՝
Խաչուած
Յիսուս
մ՚ոգեվար
Կ՚արտասուէ
գորշ
աչքերով։
IV
Մահիճն
անկիւն
մ՚է
դրուած,
Այդ
նկարէն
շա՜տ
հեռու.
Հոն
մեռնողը՝
Ձեռքերու
Չի՛
հաւատար։
Անաստուա՜ծ։
Աշնան
հովը
չունի
գութ.
Մե՜ղք
է,
ծեր
մա՜յր,
աչքերուդ...
։