Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԵՆԹ ԵՐԳ

Կ՚երթամ ու կ՚երթա՜մ

-Ես գիտե՞մ թէ ո՜ւր-

Ճամբայ մը տարտամ՝

Գերեզմանոցի մը քովէն տխուր...

 

Գարուն է, գիշե՜ր...

Ես պիտի երթամ,

Հեռո՜ւն, շատ հեռո՜ւն,

Ճամբայ մը տարտամ՝

Գերեզմանոցի մը քովէն տխուր,

Ուր սէր կը մուրան

Լուսնէն, հովերէն,

Այնպես մեղմօրէն,

Մեծ-մեծ, խօլ, անսեր

Բոյսեր... ։

 

Գարո՜ւն է, չերթա՞մ

Նոյն ճամբէն տարտամ...

Տե՜ս, արցունքի պէս

Այնչափ աստղե՜ր կան...

Ու սա լուսընկան,

Հարսի մը նման՝

Կաթ ու սատափէ

Շողեր կը թափէ

Հողմավար՝

Ծառերն ի վար։

 

Գարո՜ւն է, գիշե՜ր...

Ըսէ՛, քո՜յր, չերթա՞մ

Ճամբայէն տարտամ,

Անցնող հովերէն

Քեզ, քե՛զ մուրալէն... ։