Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Արմենիսա շնորհալի ու հրապուրիչ էակ մըն էր. ատողներ ու պաշտողներ միայն կային շուրջը. անտարբերներու հանդիպած ըլլալու չէր։ Իր վրայ ամեն բան յատուկ դրոշմ ունէր, շարժուածքը, նայուածքը, խօսուածքը։

Բնաւ հետաքրքիր չէր. զարմանալու սովորութիւնը չունէր կարծես. ի՞նչ բանէ կ՚աղխորժէր արդեօք, ինչո՞վ կարելի էր հաճելի դառնալ իրեն. դժուարի՜ն հանելուկ, զոր լուծողին՝ այս հեշտաբոյր ու գեղանի կինն էր խոստացուած պարգեւը։

Իր լանջաբերձ ու խրոխտ կուրծքին մէջ սիրտը կը մնար թաքուն ու գաղտնի, անհպելի գանձի մը պէս, որուն «Բացուէ ո՜վ Սէզամ»ը կը փնտռուէր ու չէր գտնուեր։

Արմենիսայի մեծագոյն զբօսանքը պտոյտն էր, լայնեզր յարդէ գլխարկի մը տակ ամփոփելով առատ մազերը որոնք դէպի վեր առնուած, իր ծոծրակին աննման ու անբիծ սպիտակութիւնը ցոյց կուտային, մէկ ձեռքով իր շրջազգեստը ժողվելով շնորհալի ձեւով մը եւ միւսով իր կարմիր հովանոցը բացած, որուն արեւին տակ ցոլացումը իր դէմքին վարդի երանգները կը շեշտէր։

Պաշտելի ու հրաշագեղ էր այսպէս. կիրակի առտուները անպատճառ Մեծ Կղզի պիտի երթար. ես ալ հոն պատահեցայ օր մը իրեն։

Այն մաքուր, աւլուած ու ծառազարդ ուղիէն կ՚երթայի, որ նաւամատոյցէն դէպի Ճաքօմօի օթէլը կը տանի։

Երկու կողմէ, խնամուած ծաղկած պարտէզներու մէջ, ամեն մէկ քայլին սիրուն տուներ, վիլլաներ երբեմն, ապարանքներ որոնց բաց դռներէն ներս կահաւորման ճոխութիւնն ու շռայլութիւնը աչքի կը զարնէ, սեւ հագուստներով եւ ճերմակ փողկապով սպասաւորներ, տիրուհիին չափ զարդարուած սպասուհիներ, ստնտուներ՝ ճերմակ ու բարակ կտաւէ գոգնոցով՝ դրան մօտ սպասելու կեցած։

Տարբեր տարբեր ճաշակով կառուցուած այս քէօշկերուն մէջ քարուկիր ու անպաճոյճ շէնք մը իր պարզութեամբը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, իբր միակ լուրջ դէմքը այս բոլոր զուարթ ու խնդացող պատկերներուն մէջ։

Ամենքը հոն կը դիմեն, ես ալ կը հետեւիմ իրենց ու Հայ-Հռոմէականաց մատուռին մէջ կը գտնեմ ինքզինքս։

Իրա՞ւ Հայոցն է այս եկեղեցին. տաճկերէն կը խօսին, ֆրանսերէն կը բարեւեն իրար. Եւրոպացիներ կը տեսնեմ միայն շուրջս, ձեռնոցը ձեռուընին, գլուխնին բաց, Շթայնի խանութին հագուած արձաններուն պէս անշարժ ու կանգուն. ոչ ոք կ՚աղօթէ. սեղանին վրայ քահանայ մը ցած ձայնով ու անհասկնալի բարբառով ինքնիրեն բան մը կը մրմնջէ. լռութիւն կը տիրէ ամեն կողմ. թիւ պատարագն է այս. կիները իրենց փղոսկրէ ծածկոյթով աղօթագիրքնին կը թղթատեն եւ երբեմն սեղանին խոնարհութիւն մը կ՚ընեն, չկրնալով չփակին տակէն քօռսէին երկաթներուն մէջ ամփոփուած ճմլուած լանջերնին ծռել. այրերը՝ իրենց հագուստին ծալքերը շտկելով, ատեն ատեն ձախ ծունկերնին առջեւի նստարանին կռթնցնելու չափ կոտրելով, իբր ծնրադրելու փորձ մը, ամենքը լուրջ ու ծանր կերպարանք մը առած, ներկայացման մը եկածի պէս հանդիսաւոր։

Արմենիսային կը հանդիպի ակնարկս. ալ աւելի գեղեցկացած կը տեսնեմ զինքը այս սրբավայրին մէջ. բոլոր այս դիմակաւոր դէմքերուն մէջ իրենը միայն անկեղծ ու ջերմեռանդ երեւոյթ մը ունի որ մանկական անմեղութիւն մը կ՚ընծայէ իրեն։ Ակամայ սակայն այս հիացումս կը թողում. կը վախնամ որ իրեն նայիլս ուշադրութիւն չհրաւիրէ. ի՞նչ ընելու եմ սակայն. այս մաքուր ու բարձր ընկերութեան մէջ կորսուած, շուարած, տիկիններու վրայէն բուրող անուշ հոտերուն անձնատուր, բոլոր ճիգս կը թափեմ գոնէ անպատշաճ շարժում մը չընելու համար։

Նեղուելով, դողալով որ վրաս չխնդացնեմ այս հեգնող ու կարծես իբր օտարոտի զիս միայն դիտող բազմութիւնը, չհամարձակելով դուրս ելլել, ի զուր մանկական յիշատակներուս կոչում կ՚ընեմ ժամերգութեան սկիզբը թէ վերջը ըլլալնիս հասկնալու համար. չեմ յաջողիր. յուսահատելու մօտ եմ. քրտինքի խոշոր կաթիլներ ճակտէս վար կը սահին. յանկարծ մէկ քանի անձերու մեկնիլը կը նշմարեմ. փրկութի՜ւն. առիթը փախցնելու չգար. բոլոր քաջութիւնս կը ժողվեմ ու դուրս կը նետուիմ շուտափոյթ ու սրտատրոփ, այո՛, սրտատրո՛փ, վասն զի ահա Արմենիսայի ճիշդ մօտն եմ. ան ալ կը մեկնի. դրան մէջ քով քովի ենք. մեկնելէ առաջ մարմարէ աւազանի մը մէջէն ջուր կ՚առնէ եւ երեսը կը խաչակնքէ. չեմ գիտեր այս ջուրին ինչ ըլլալը, բայց ես ալ Արմենիսայի պէս այդ ջուրով կը խաչակնքեմ երեսս. ջուրէ՞ն թէ իրմէ երանութեան խոստում մը կը ծաւալի ու հոգիիս կը թափանցէ. Արմենիսա ինծի կը նայի, եւ ժպիտ մը, մթամած հորիզոնի մը վրայ ծագող ճառագայթի մը պէս, իր գեղեցիկ կարմիր շրթունքին վրայ կը գծագրուի։

Այս եղաւ ահա մեր բարեկամութեան սկիզբը. այդ աւազանը մեր ճակատները միացուց, ու կաթիլ մը ջուրը հալեցուց մեզ իրարմէ բաժնող սառոյցէ պատնէշը։

Հալքի վերադարձին՝ շոգենաւին մէջ միասին գտնուեցանք դարձեալ. Արմենիսա խօսեցաւ հետս, օդին գեղեցկութեան, ջերմութեան, Հալքիի զբօսանքներուն վրայ, մինչդեռ ես, ամեն մէկ բառս կշռելով, անմիտ ու ապուշ համարուելու աստիճան խոհեմութեամբ կուտայի պատասխանս, որպէս զի այս անյուսալի դիպուածով ձեռք բերած մտերմութիւնս չկորսնցնեմ։

Ապաքէն հինաւուրց բարեկամի մը պէս մտերմութիւն ցոյց կուտար հիմակ։ Հալքիի երիտասարդներուն վրայ կը խնդար, ազատ ու համարձակ ծիծաղներով. կ՚զգամ որ այս խնդուկներուն մէկ մասը ինծի կը պատկանէր, մինչդեռ ինք՝ յանկարծ ուղղակի ինծի նայելով՝

Կաթոլիկ էք, այնպէս չէ՞, հարցուց։

Այս անակնկալ հարցման վրայ չշուարելու խելացութիւնը ունեցայ։

Այո՛, ըսի իրեն՝ ատիկա հարցնելն իսկ աւելորդ դատող եղանակով մը։

Ես իսկ զարմացայ այս յայտնի ստախօսութեանս վրայ պզտիկ մը չվարանելուս։ Այս հաստատ պատասխանս զինքը համոզեց, գրեթէ զուարթացուց։

Խօսուածքնուդ կ՚երեւայ արդէն. Հայերը եւ նախատական ու արհամարհող բան մը ունէր ձայնին մէջ՝ այս բառը արտասանած ատեն երբեք ձեզի պէս տաճկերէն չեն կրնար խօսիլ։

Տաճկերէն խօսեր էինք միշտ։

Արմենիսա, ճշմարիտ կաթոլիկ մը, մոլեռանդ բայց պաշտելի հայատեաց մը կը թուէր։