Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

(Շարուր իր խարխափումին մէջ):

ՇԱՐՈԻՐ (Յուսահատ տըքուկներով) Բացէ՛ք, բացէ՛ք, դուրսն եմ մնացեր, դուռը բացէ՛ք, ո՛չ միս՝ մորթիս տակ, ոչ հոգի՝ բերանս. (ճոկանովը դռան) թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք:

Ներսէն (Դուռը ճռնչելէն կը բացուի կիսատ մը, ուրկէ ներսիններէն մէկը գլուխը դուրս հանելով զարմացած ու սրտնեղ) Ո՞վ էք, մա՛րդ, ի՞նչ ունիք, ի՞նչ էր բնտռածնիդ մութին մէջ:

ՇԱՐՈԻՐ Օթեակս կը բնտռեմ, ապրած հոգի, դուրսն եմ մնացեր, օթեւանս կը բնտռեմ, իմ տեղս, իմ թաղս ո՞ւր կ՚ըլլար:

  ՆԵՐՍԷՆ Սխա՛լ, ծերո՛ւկ, սխալ, սխալ, ձերը չէ աս դուռը, մենք առջի իրիկուընէ փակեր ենք դռուընիս: Աս խոռոչը ան է, անհուն մեծութեամբ սրահ մը, ուր հազարներով կ՚ապրինք, բոլորիս պատմութիւնը նոյնպէս գրուած է: Հոս խղճի յանցանքով բեռնաւորուածներուն հետ բարեկամի վստահութիւնը չարաչար գործածողները փակուեր են: Սխալ եկեր էք, ծերո՛ւկ, սխա՛լ, սխա՛լ, դէն գացէք ու ձերը բնտռեցէք: (Դուռը կը փակուի ներսէն ժիր շառաչով):

ՇԱՐՈԻՐ (Ինքնիրենը երկրորդ դուռ մը երթալու ատենը) Արեւին աշխարհքէն անգոսնուած մը, որ հոս ալ իր տեղը չի գտներ, բացէ՛ք, բացէ՛ք, ապրած հոգիներ, (թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք):

ՆԵՐՍԷՆ. Ո՞վ է ան, գիշերի աս պահուն, ի՞նչ ունի մեր դուռը:

ՇԱՐՈԻՐ Օթեւանը կորսնցնող դժբաղդ մը, սիրելի՛ս, բարի եղէք:

ՆԵՐՍԷՆ Մերն է աս, ծերո՛ւկ, կին անպատուողներուն, կնկայ պատիւ բռնաբարողներուն խոռոչն է աս, մեր արեւակողմը դժոխքին պատը կայ. (Կը գոցուի աս դուռն ալ նոյն կերպով):

ՇԱՐՈԻՐ (Երրորդ դուռ մը թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք) Դուրս եկէ՛ք, ողորմա՛ծ հոգիներ, ձեր դռան առաջքը մոլորուած մը իր տեղը կը բնտռէ:

ՆԵՐՍԷՆ (Առանց երեւնալու). Ո՛վ ալ ըլլաք, մեր դուռը չի բացուիր, ճանբո՛րդ, մենք հոս ենք բոլորս ալ, մեզմէ մարդ պակսած չերեւնար, մենք մէկէ աւելի ու չորս չենք համրուիր, մեր մեղքին տեսակը այն անխոստովանելի տարօրինակութեան մէջ էր, որ մէկ անգամ յայտնելու ատեննիս, երեք օր, երեք գիշեր հրալեզու օձեր ու կարիճներ վխտացին կայարանին ծածքերուն տակ: (Ներսը շփոթ աղաղակներ):

ՇԱՐՈԻՐ (Ուրիշ դուռ մը) Եթէ աս դուռն ալ չի բացուի, գիշերը ո՞ւր պիտի մնամ (թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք):

ՆԵՐՍԷՆ Հասարակային շահը թալլողներուն նկուղն է աս, մեզի հետ անանկները եկեր կը հեւան, որոնք ժողովուրդին միամտութիւնը շահագործելու վատութիւնը ըրեր են: Եթէ դուք ալ մեզմէ կամ միւսներուն տեսակէն նորեկ մըն էք, ներս անցէք, եթէ ոչ անդին: (Կը գոցուի դուռը, բա՜թ):

ՇԱՐՈԻՐ (Ուրիշ դուռ մը) Դուռը բացէ՛ք, ճանբայ մը աղաչաւոր ծերուկին:

Ն[ԵՐՍԷՆ] (Ներսէն ձայն մը) Հոս, նենգամիտներ, խորամանկներ, քսուներ ու լեզուանիներ… եթէ մեզնէ էք, բանանք դուռը, մենք դուրս չենք կրնար ելլել, մեզմէ շատերը բաղնիքը լոգցողներու մերկութեան մէջ՝ շատն ալ իրարու հետ չոր խոտէն հիւսուած տրցակի մը պէս մէկդի նետուած են: Շողոքորթները, պնակալէզները, ոսպի հատի մը փոխարէնովը պատիւնին ծախող յիմարներն ալ՝ տեղ չի գտնելով, մեզի հետ կցուեր են:

ՇԱՐՈԻՐ (Դռան մը վրայ ականջ դնելով մտիկ ընելէն յետոյ. թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք ) աս գիշեր գոնէ մեր ասպնջականը եղէք, ողորմած հոգիներ:

Ն[ԵՐՍԷՆ] (Մէկը դուրս ելած) Հոս միայն մեզի համավիճակ եղողներուն տեղն է, ծերունի՛, մեզմէ ոմանք դրամի սիրուն ճշմարտութիւնը աղբանոց նետողներն են, ոմանք՝ խաթեր համար, իրենց անձնական համոզումէն ու անկախութենէն մաշուած անճարակները, ուրիշներ՝ թիւով անհամար ալ, այն դատարկապորտները, որ երկու դրացնի, երկու աղբօր ու բարեկամի մէջ, արիւնոտ վէճեր ստեղծեր ու տուներ քանդեր են (դուռը գոցուելու վրայ):

ՇԱՐՈԻՐ Կեցի՛ր, սիրելի՛ս, պիտի խնդրէի, որ ըսես թէ՝ սա դռան ներսը ովքե՞ր կան:

Ն[ԵՐՍԷՆ] Հոտ ալ կարծեմ իրենց խիղճերէն լլկուած բժիշկները, իրենց դեղերու սրուակներուն մէջէն կեսարեկի մը կիսադէմքը ցոլացնող դեղագործները, երկլեզու, երկկողմանի ընթացքով, երկու դատատէրերու օճաղը մրեղող փաստաբանները, թափած բառարան մը գոց ընելով ինքզինքնին հայ դաստիարակութեան «կապալառութեան» տուող թինթիլիկ վարժապետները, սիկառի ու շաքարեղէններու պիտակներն ու շողոտ սիրատողեր սերտելէ յետոյ, գրական հրապարակի մը վրայ, իրենց յատուկ զիլերովը կաքաւող ու «վաղին լուրջ հարցը» հեգնող գրագէտ ըսուածները, բայց ո՛ր մէկն ըսէի, ծերո՛ւկ, դուն կը հետաքրքրուէի՞ր այս բացատրութիւններով, այդ դռան մէջը խծկուողներուն մէջ անանկներն ալ քիչ տեղ չեն բռներ, որ լայն-լայն թղթերու վրայ իրենց նախշած հէքեաթներովն ու չգիտեմ ինչերովը, հասարակութեան ականջին տարիներով սոսկ նէննիներ մը երգեր են: Դուն հիմա ի՞նչ կը բնտռէիր, ո՞վ էր ուզածդ ասկէ:

ՇԱՐՈԻՐ Երկար տարիներէ ի վեր ես ալ աստեղուանքը քաշկռտուող մը, բոլորովին նոր նոր բաներ կը լսեմ, դուք ո՞ր տեղացի էիք:

Ն[ԵՐՍԷՆ] Ճանբա՛դ, ալեւո՛ր, ճանբադ ձեռք առ, քիչ կը մնայ, որ հիմա հօրս քթին ձեւն ալ հարցնես:

ՇԱՐՈԻՐ Գիշեր է, մոլորուած մըն եմ, անկար ծեր մը, տղա՛ս, գոնէ չէի՞ք ըսեր թէ՝ ո՞ր կողմ կը գտնուի սեւերեսներուն թաղը:

Ն[ԵՐՍԷՆ] Ա՛ն կողմը, ա՛ն կողմը (մատով ցոյց տալով):

  (Շարուր ցուցուած կողմը երթալու ճանբուն վրայ, դուռ մըն ալ կը զարնէ):

ՇԱՐՈԻՐ (Թը՛ք, թը՛ք, թը՛ք) Մէկը դուրս գար, ցուցում մը ընէր, դրացի՛, իմ տեղս կը բնտռեմ: Մինչեւ հոս եկայ ու ալ անդին չեմ համարձակիր:

Ն[ԵՐՍԷՆ] (Գլուխ մը) Մեզի արտօնուած չէր աս դռան շէմքէն քայլ փոխել, ալեւո՛ր, խարդախ վաճառականին հետ կեղծ ապրանքներ արտադրողներու կայքն է աս: Մենք ոչ իսկ մեր քովի դրացիներուն հետ կրնանք յարաբերութիւն ընել:

ՇԱՐՈԻՐ Անոնք ո՞վ էին արդեօք:

Ն[ԵՐՍԷՆ] Շատ ստոյգ չենք գիտեր, իրա՛ւ, բայց անգամ մը, երբ աս օթեակը անոնցինէն զատող միջնորմը ծակեր էր, անդին տեսնուեցաւ թէ՝ շատերը ձեղունէն գլխիվար կախուած՝ իրենց կնիկներուն անունին վրէժ մը կը գոռան: Ետքը հասկցանք թէ՝ այն կողմիններն ալ տարիներով կին ու զաւակ դռան ետեւը լքանող, կնասպան ու որդեսպան ոճրագործներն են: Եթէ կ՚ուզէիր քիչ մը անդիններն ալ հասկնալ, անոնք ալ կարծեմ իրենց դրամին ու դիրքերուն շնորհիւ հասարակութեան գլուխը կեցող ու հասարակային կեանքը փճացնող դիւազգիներն են: Ճանբադ գնա ծերունի՛, ճանբադ շարունակէ, կայարանին դռուընուն առջեւ, հնա՞ր է, որ մէկ անգամէն մեղքերու ու մեղաւորներու որակը ըմբռնուէր:

ՇԱՐՈՒՐ Սեւերեսներու կողմը կը բնտռեմ:

Ն[ԵՐՍԷՆ] Ա՛նդին, ա՛նդին, կարճ վերելք մը ըրէ եւ պիտի հասնիս բնտռածիդ, բայց կը զարմանամ թէ՝ ինչո՞ւ դուրսը մնայիր, եթէ խենթ մը չես իրօք:

ՇԱՐՈԻՐ Խե՛նթ մը, յիմար մըն ալ:

(Շարուր շարունակելով ճանբան, կը գտնէ վերջապէս իր տեղը սեւերեսներուն թաղը):

(Հանդիպում Կարկուտ-Գլէին) Բարի՛, բարի՛, բարի՛, ե՞րբ եկար Աւագ, տեսա՞ր Եփրիկս, տուի՞ր նամակս, ո՞ղջ էր, տի՞նճ էր, ի՞նչ կ՚ընէր:

ՇԱՐՈԻՐ (Այլայլուած ու սրտնեղ)Սո՛ւս, սո՛ւս, սո՛ւս…

ԿԱՐԿՈՒՏ-ԳԼԷ Լեզուդ ալ հո՞ն թողեր ես, Աւա՛գ, ըսէ գոնէ թէ՝ ան արեւն ու աշխարհքը ինչպէ՞ս էին:

ՇԱՐՈԻՐ (Համրի մը ձեւով ձեռքը բերնին վրայ դնելով) Սո՛ւս…

ԿԱՐԿՈՒՏ-ԳԼԷ Խե՞նթ ես, մա՛րդ, չէ՞ որ հիմա միւսներն ալ գլխուդ պիտի ժողվուին ու աշխրքէն բաներ մը պիտի հասկնան:

ՇԱՐՈԻՐ (Ընկճած ձայն) Թո՛ղ չի գան, թո՛ղ չի գան լսեն, թող նոյնիսկ աչք, ականջ գոցեն: Բան մը չպիտի կրնայի ըսել: Հասկցուր այսպէս, պատմէ իրենց թէ հոս գերեզմանէն ասդին, կայարանը իր բոլոր մթութիւններովն ու արհաւրոտ տառապանքներովը է՛ն երջանիկ տեղն էր արեւին աշխրհքէն հեռացողներուս համար: Սո՜ ՜ւ ս…

«Արեւելեան Մամուլ», 1902