Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՆ, ՇԱՀԻՆ, ՀՈՌՄԻԿ, ՈՍՏԻԿԱՆ ՄԸ

(Փառէնին հեռանալէն ետքը շատ ատեն չանցնիր, Մարան կը սթափի ինքնիրենը ու կը ժողվռտուի որ ինքն ալ դուրս ելլայ)։

ՄԱՐԱՆ Տղաս սպաննեցին, տղաս դուրս նետեցին, հա՞. էրիկ կնիկ մէկտեղուած աշխատեցան որ իմ գլխուս ալ ջուր դնեն (հեկռտուքներ)։ Փառէ՜ն, Փառէ՜ն, ո՞ւր գացիր, եաւրում, իրա՞ւ է որ աս քած ու որձ գայլերն էին քեզ բզքտողները։ (Տքալէն դուրս կ’երթայ որ տղուն հետամտի) Փառէ՜ն, Փառէ՜ն։

ՀՈՌՄԻԿ (Մարանին ետեւէն) Ա՜խ, ձեռքս անցնէիր (ակռան կճռցնելով)։

ՇԱՀԻՆ Տե՛ս թէ՝ ինչպէս մայրը սո՛ւտմեռ կը ձեւացնէ, տղան կառավարութեան կը վազէ։ Շահին ալ ոճրագործ մը որ արդարութենէն պիտի վախնայ։

ՀՈՌՄԻԿ Շիտակը պիտի ըսենք, անանկ չէ՞, ես քու ըրածներէդ ալ բան մը չի հասկցայ։

ՇԱՀԻՆ Շատ մի՛ հաջեր։

ՀՈՌՄԻԿ Ա՞ս էր վերջի ընելիքդ։

ՇԱՀԻՆ Ի՞նչ ըրի, չընէի՞, չի լսեցի՞ր ըսածները։

ՀՈՌՄԻԿ Ատա՞նկ պիտի վարուէիր։

ՇԱՀԻՆ Ասօր համբերեմ, վաղը համբերեմ, տարին տասներկու ամիս աս հալը, աս չուչգուհանքը [1] ։ Հայլին կը հայէի, ա՛լ արթըխ էշ մի ճիշտ։

ՀՈՌՄԻԿ Նէրս շատ մեղքս չէր գար…  Փառէնը։

ՇԱՀԻՆ Շունն ալ, շան ձագն ալ մէկ տոպրակ։

ՀՈՌՄԻԿ Ուզէիր, կրնայիր քիչ մը համբերել։

ՇԱՀԻՆ Դանակը ոսկորիս հասուցին, անոր սրողն ալ ան լկտին՝ մայրը։

ՀՈՌՄԻԿ Ա՛խ, էրիկ մարդ, դուն հիչ մեղք, յանցանք չունիս զըհար։

ՇԱՀԻՆ Մարդավարութիւնը՝ մե՜ղք…  որբ մը շահել մեծցնելը յանցա՜նք…

ՀՈՌՄԻԿ Քիչ մը քիչ գնա եկո, կ’ըսէի, քի՛չ, քի՜չ։ Խնամին՝ հասկցանք, հարսնցուն՝ ատ ալ կը հասկնայինք, դուն սակայն, կ’ուզես ցաւիր ալ, գլոխդ կ’ելլար անկէ, ոտքդ չէր ելլար։ Ալ միւսն ալ չըսէի։

ՇԱՀԻՆ Դեռ կը կասկածիմ որ առաջ-առաջ դուն հանած ըլլիս անունս, քէօռ խլուրդ։ Ատ նամակը ի՞նչպէս դուն ան փիճին ձեռքը անցուցիր։ (Ոստիկան մը մէկէն ներս կը մտնէ)։

ՈՍՏԻԿԱՆ Շահինը դո՞ւք էք ոստիկանութենէն ձեզ կ’ուզեն, հրամեցէ՛ք։

ՇԱՀԻՆ Ես եմ, այո՛, ո՞վ էր ինծի դէմ գանգտողը, ես մէկու մըն ալ հետը գործ չեմ ունեցած։

ՈՍՏԻԿԱՆ Չեմ գիտեր ոստիկանապետը ձեզ կ’ուզէ։ Ուշանալ չուզեր։ Հրամեցէք, հոն կրանք հասկնալ ձեզ գանգտողը։

ՇԱՀԻՆ Քիչ մը չէի՞ք թոյլ տար, քանի մը րոպէ վերջը։

ՈՍՏԻԿԱՆ Ո՛չ, ո՛չ, ճիշտ հիմա ու առջեւս։

ՇԱՀԻՆ Շատ լա՛ւ, երթանք (Ոստիկանին առջեւ դէպի ոստիկանատուն)։

ՀՈՌՄԻԿ (Մինակ) Ես գիտէի թէ՝ աս պիտի ըլլի էն ետքը, գիտէի, ատ մարդը ինքն ալ գիտէր, բայց չուզեց որ առջեւն առնուի։

Հիմա ալ ահա ընկի՛ր, ելիր որ դոր ճամբան գտնես, հանգիստ ճամբադ քալես։

Զիս բանի տեղ չի դներ, շիտկէ-շիտակ հետս չի խօսիր, խօսիմ, քթիս բերնիս կը զարնէ, ե՞րբ օր մը անունս տուեր, երեսիս խնդացեր է, ե՞րբ օր մը, գիշեր մը մէկտեղ մնացեր անցուցեր է։

Տէրտդ ուրիշին բանա՜ս…  ասոր ալ տակէն ի՞նչ գիտեմ ի՛նչ կ’ելլայ, ի՛նչ չելլար։

Ան նամակն ալ ինչ պիտի ըլլէր որ բերան բերեց [2]. թուղթ մը խնամի Լուսիկին ձեռքը հասցուր ըսաւ. հարսնիքին վրայ գրուեր է. վերջը ատ թուղթը ալ բնտռէ որ գտնաս։ Ատչափ յանցանք իմս, որ անհոգ գտուայ ու կորուսի։

Ա՛խ, էրիկ մարդ, տունդ աւրի, ինտոր որ աւրուաւ զաթի, էրիր-չէրիր, աչքերէս հանեցիր, հիմա ալ հոգիէս պիտի հանես։

Ինտոր աղտոտեցիր նէ, անանկ ալ մաքրելու եղի՛ր, հիչ ալ հոգ չպիտի ընեմ։



[1]            Դժգոհանք, գանգատ:

[2]            Յիշեց: