ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՍ ՄԷՋ

Յանձնաժողովս գործերու կանոնաւորութեան ու արագ եւ դիւրին կարգադրութեան համար ալ՝ նախապէս ընդունած ըլլալով աշխատութեան բաժանման սկզբունքը, ըստ այսմ, սահմանած էր ելմտական, մատակարարական, յարաբերական, ու արձանագրական ճիւղեր, այս աշխատութիւնները բաժնելով իր անդամներուն մէջ, հետեւեալ կերպով.

Ելմտական ճիւղ. Ալիքսան Թօփալեան, Լեւոն Բանիկեան եւ Ներսէս Օհանեան։

Մատակարարական ճիւղ. Գառնիկ Սարգիսօֆ, Զարմայր Ճշմարտախօսեան եւ Հեթում Սէթեան։

Յարաբերական ու արձանագրական ճիւղ. Վռամշապուհ Մանուկեան, Յակոբ Գորեան եւ Սարգիս Սուին։