ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առողջութիւն

Որբերը նոր հաւաքուած ատեն, առ հասարակ դեղնած էին ու վատուժ։ Մինչդեռ այժմ կայտառ ու կարմրուկ, զուարթ ու խաղասէր։

Տարուան ընթացքին մէջ մեր որբերն ալ ենթարկուեցան տեղական հիւանդութեանց, ինչպէս ջերմ, փորհարութիւն, աչացաւ, մորթային եռք։ Սակայն շնորհիւ ձեռք առնուած միջոցներուն փութով անցան։ Հաճընէ եւ Ատանայէ զատ քրոնիկ ախտաւորներ չունինք։ Այս տեղեր, որբերուն մէջ չորս-հինգ հատ գաղիական ախտէ բռնուածներ տեսնուեցան, զորս իսկոյն կղզիացնելով մայր ունեցողները մայրերուն յանձնուած են, պէտք եղած նպաստով ու դարմանով։

Ամրան սկիզբը, Ատանայի որբերուն 70%ը աչքի ցաւ, մորթի եռք եւն ունէին։ Այնթապի մէջ 60 տկար որբեր կային, որոնց ամէնքն ալ այժմ աղէկցան։ Պատահական հիւանդութիւններ կը տեսնուին ու կ՚անցնին։ Նոյն որբանոցին մէջ եօթը որբուհիներ կը մարէին, սաստիկ գլխացաւով մը, յանկարծ զգետնուելով ու կը տանջուէին։ Ասոնք իրենց մայրերուն ղրկուեցան ու կը դարմանուին որբանոցին ծախքով։

Առողջութեան կողմէ առաջին տեղը կը գրաւեն Հասանպէյլիի որբերը. յետոյ Տէօրթեօլինները։

Այնթապ, Տ. եօլ եւ Ատանա ամսականաւոր բժիշկ ունեցած ենք։ Հասանպէյլի տղաքը ձրիաբար դարմանած է Տօքթ. Հապիպ։ Մարաշի տղաքը ձրի նայած է Տօքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, իսկ Հաճընի որբերը Տօքթ. Քիւփէլեան։

Ցարդ պատահած են տասը մահեր, Հաճըն, Այնթապ եւ Ատանա։ Որբ մըն ալ աբանտիսիթի գործողութեան ենթարկուած, բայց ազատուած է։