ՏԷՕՐԹԵՕԼԻ
ՈՐԲԱՆՈՑ
Տէօրթեօլի
մէջ
որբանոց
բանալու
համար
դժուարութեանց
բաղխած
է
յանձնաժողովս,
մանաւանդ
շէնքի
չգոյութեան
պատճառաւ,
մինչեւ
որ
յաջողուած
է
ձեռք
բերել
եկեղեցիին
քովը,
լաւագոյն
տուն
մը,
վազուն
ջուրի
եզերքի։
Սոյն
որբանոցին
տնօրինութիւնը
ի
սկզբան
յանձնուեցաւ
տեղւոյն
քահանաներէն
Տ.
Խորէն
Հօր,
իսկ
վերջերս
երբ
այլ
եւս
որոշուեցաւ
Տ.
Փառէն
Ծ.
Վրդ.
ը
մնայուն
կերպով
հոն
թողուլ
հսկելու
տեղւոյն
եւ
Հասան
Պէյլիի
որբանոցներուն
վրայ,
Տ.
Խորէն
ազատ
թողուեցաւ
իր
պաշտօնէն։
Որբանոցին
բացումը
կատարուած
է
տեղւոյն
կառավարական
պաշտօնէից
եւ
ժողովուրդին
ներկայութեանը
ու
այդ
առթիւ
100
ոսկիի
մօտ
գումար
մը
հանգանակուած
է
ի
նպաստ
որբանոցին։
Որբանոցը
ունի
բաց
ի
Տ.
Փառէն
Ծ.
Վրդ.
է
որ
գնահատելի
պաշտօնավարութիւն
մը
ունի
իբրեւ
տեսուչ,
12
երկսեռ
պաշտօնեայ,
մէկ
բժիշկ։
Խնամակալութիւնը
կը
կազմեն,
Տեարք
Աւետիս
Քէշիշեան
Իսկէնտէր
Քէօրօղլուեան
Կարապետ
Պարսամեան
Միքայէլ
Շագըլեան
Պետրոս
Գարաեաղուպեան
Պետրոս
Քէօրօղլուեան
Ստեփան
Ռուբէնեան