ՄԵՐՍԻՆԻ
ՈՐԲԱՆՈՑԸ
Կիլիկեան
աղէտէն
յետոյ
ցարդ
ունեցած
ենք
եօթը
որբանոցներ
Մերսին,
Ատանա,
Հաճըն,
Մարաշ,
Այնթապ,
Տէօրթեօլ
եւ
Հասանպէյլի։
Մերսինին
որբանոցը
վերոգրեալ
ցանկին
մէջ
չդրինք,
որովհետեւ
այսօր
գոյութիւն
չունի։
Այդ
որբանոցը
բացուեցաւ
Կիլիկիոյ
դէպքերէն
անմիջապէս
յետոյ
ջանիւք
Վարչական
պատուիրակ
Գեր.
Տ.
Գէորգ
Ծ.
Վրդ.
Ասլանեանի
եւ
Սարգիս
Սուին
էֆէնտիի
որոնք
արկածեալ
վայրերէն
Մերսին
դիմող
որբերը
խնամելու
անմիջական
հարկին
ներքեւ
գտնուելով,
պատսպարեցին
զանոնք
տեղւոյն
ազգ.
վարժարանին
մէջ
եւ
իսկոյն
հոգացին
անոնց
ապրուստի
միջոցները։
Սոյն
որբանոցը
իր
առաջին
ամիսներուն
մէջ
ունեցաւ
410ի
չափ
երկսեռ
որբեր
եւ
23ի
չափ
երկսեռ
պաշտօնեաներ
որոնք
կը
վարէին
որբանոցը
Գառնիկ
էֆ.
Դաւթեանի
տնօրէնութեան
եւ
Տիկին
Զապէլ
Եսայեանի
հսկողութեան
տակ։
Յանձնաժողովս
նկատելով
որ
Մերսինի
որբերը
ամէնքն
ալ
այլ
եւ
այլ
տեղերէ
հոն
դիմած
են
եւ
թէ
քաղաքին
կլիման
նպաստաւոր
չէ
անոնց
առողջութեանը,
որոշեց
վերցնել
որբանոցը
հոնկէ։
Այս
որոշումը
գործադրուեցաւ
1910
Ապրիլին
Յանձնաժողովիս
եւ
Վարչական
պատուիրակ
Սարգիս
Սուին
Էֆէնտիի
եւ
որբանոցաց
ընդհ.
քննիչ
Գռուզեան
էֆ.
ի
ձեռամբ։
Մերսինի
որբանոցին
գոցուելովը՝
տեղւոյն
խնամակալութեան
եւ
խնամակալուհեաց
ժողովները
իրենց
հաշիւները
տուին
պատուիրակութեան։
Խնամակալութեան
եւ
խնամակալուհեաց
մատուցած
ծառայութիւնը
գոհացուցիչ
եւ
շնորհակալութեան
արժանի
եղած
է։
Այս
խնամակալութիւնը
կը
կազմէին
Տեարք
Կիւլլապի
Կիւլպէնկեան
Մարտիրոս
Մոստիչեան
Միհրան
Գըլըճճեան
Միհրան
Քէհեաեան
Յակոբ
Մանուէլեան
Նշան
Եալընըզեան
Պետրոս
Ուրֆալեան
Սարգիս
Ղուկասեան
Վալանթէն
Էնքսէրճեան։
Մերսինի
որբանոցին
համար
նախապէս
հարկ
դատուած
էր
շէնք
մը
շինելու
ձեռնարկը,
որուն
համար
Յանձնաժողովիս
կողմէ
տրուեցաւ
ընդ
ամէնը
(Ա.
պատուիրակութենէն
ցվերջ)
240
ոսկի,
որմէ
40ը
հաշուուեցաւ
որբերուն
պատճառաւ
դպրոցին
այլ
եւ
այլ
նորոգութեանց
փոխարէն
եւ
200ը
յանուն
որբանոցի
ազգապատական
գետնին
վրայ
շինուած
շէնքին
ծախքերուն։
Սոյն
200
ոսկին
տեղւոյն
Թաղ.
Խորհուրդը
մուրհակաւ
պարտական
մնաց
հինգ
տարիէն
վճարելու
Որբախնամ
Յանձնաժողովիս։
Այս
կարգադրութեամբ
շէնքը
թողուեցաւ
տեղւոյն
Եկեղեցիին
իբր
կալուած։