ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՇԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

Յանձնաժողովս իմանալով որ Մարաշի եւ Այնթապի կողմերն ալ բազմաթիւ որբեր անխնամ մնացած են, հեռագրաւ եւ նամակով հրահանգ տուաւ նոյն քաղաքի Առաջնորդարաններուն որ իսկոյն յարմարագոյն շէնքեր վարձելով պատսպարեն անտէրունջ որբերը։

Մարաշի Առաջնորդ Վեհապետեան Սրբազան փութացած էր իսկոյն երկու շէնք վարձել եւ պատրաստել տալ որբերուն պէտք եղած անկողին, հագուստ եւ պաշար։ Այս միջոցին հոն հասաւ Գռուզեան էֆէնտի որ անձամբ կատարելով քննութիւնը եւ որբերու ընտրութիւնը եւ կարգելով պէտք եղած պաշտօնեաները, բացաւ որբանոցը նախագահութեամբ տեղւոյն Կառավարիչին որ գոհութեամբ ընդունելով իրեն ընծայուած պատիւը իր օժանդակութիւնը խոստացաւ որբանոցին։

Մարաշու մեր երկսեռ որբերն ալ բաղդը ունեցած են վայելելու Վեհապետեան Սրբազանի անմիջական հոգածութիւնը, որմէ դժբաղդաբար զրկուեցան Ն. Սրբազնութեան մահուամբ։

Որբանոցը ունի 16 պաշտօնեայ երկսեռ, մէկ բժիշկ։ Կրթական հոգը ստանձնած են Միացեալ եւ Ազգանուէր ընկերութիւնները։

Խնամակալութիւնը կը կազմեն Տ. Սահակ քհնյ. Տէր-Պետրոսեան (Առաջն. Փոխանորդ) , նախագահ եւ Տեարք

Գէորգ Տ. Մեսրոպեան

Կիրակոս Չօրպաճեան

Սողոմոն Ոսկերիչեան

Միհրան Վարժապետեան

Յովհաննէս Հայթաեան

Նշան Եէտիալանեան

Մարգար Մասէրէճեան