ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՆԹԱՊԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

Այնթապի Քաղաք. Ժողովն ալ Որբախնամէս ընդունած հրահանգին վրայ իսկոյն խնամակալութիւն մը կազմեց հետեւեալներէն, Տեարք

Արմենակ Նարէթեան

Կարապետ պէյ Նազարէթեան

Հրանդ Սիլահեան

Միհրան Բիւզանդեան

Յակոբ Գարամանուկեան

Յովսէփ Առաքելեան

Ռուբէն Սիլահեան

Եւ Առաջն. փոխանորդ Տ. Յարութիւն քահանան ղրկուեցաւ Անտիոք եւ շրջակայ արկածեալ վայրերը ուր գտնուած որբերը հաւաքելով բերաւ Այնթապ։

Որբանոցը ունի10 պաշտօնեայ երկսեռ, մէկ բժիշկ։