ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տեղացիք եւ որբանոցները

Որբանոց գտնուած տեղերու Հայերը առ հասարակ ջերմ վերաբերում ունեցած են հանդէպ որբերուն եւ այլ եւ այլ առիթներով նուէրներ կը ղրկեն, օրինակ ոչխար, հաւ, միս, փայտ, հագուստ եւ մերթ դրամ։

Այս տեսակէտով ամէնէն առատաձեռն կը հանդիսանան Տէօրթեօլցիք, որոնք որբանոցի բացման առիթով մէկանց (100) հարիւր ոսկիի մօտ դրամ յաջողեցան հանգանակել եւ այլ եւ այլ առիթներով անհատապէս կը մասնակցին որբանոցին ընծայաբերութեան։

Մերսինցիք եւ Հաճընցիք ալ ոչ նուազ աջակից եղան որբանոցին։

Այնթապցիք տօնական օրերուն որբերը հրաւիրած են իրենց տուները։ Իսկ Մարաշցիք խոստացած են յարմարագոյն առիթի մը հանգանակութիւն բանալ որբանոցին համար։

Շնորհակալութեամբ կը յիշենք թէ ամէն որբանոց գտնուած տեղեր եղած են անհատներ որոնք իբր խնամակալութեան անդամ նիւթական ու բարոյական զոհողութիւնով օգնած են որբանոցին։