Որբերու
ընտրութիւնը
Յանձնաժողովիս
հրահանգին
համաձայն
որբերու
ընտրութիւնը
կատարուած
է
մեծ
խնամով
եւ
չափազանց
խնայողութեամբ։
Նկատի
առնուած
է
անոնց
ընտանեկան
պարագաները,
եթէ
մայր
ունին,
մօր
վիճակը,
առողջութիւնը
եւն
եւն։
Հաճնոյ
1,
000է
աւելի
որբերէն
ընդունուած
են
միայն
350։
Պաղչէի
գաւառակին
1,
500է
աւելի
որբերէն
նոյնքան։
Նոյնն
է
համեմատութիւնը
եւ
միւս
շրջանակներուն։
Մայրերուն
քով
թողուած
են
5
տարեկանէն
վար
եւ
13
տարեկանէն
վեր
որբերը
որոնք
դարձեալ
անկարող
են
իրենք
զիրենք
հոգալու
մինչեւ
իսկ
18-20
տարեկան։
Այս
հաշուով
այրիներու
քով
թողուած
են
1-3
տարեկան
որբերը
եւ
անկէ
աւելիներ
առնուած
են։
Իսկ
տունը
մնացած
որբերու
կեանքը
կախում
ունի
իրենց
այրի
մայրերէն։
Այս
տխուր
իրողութեան
առջեւ
Որբախնամս
սա
համոզման
յանգած
է
թէ
առ
այժմ
հնարաւոր
չէ
մեր
պատսպարեալներուն
թիւը
1300է
պակսեցնել,
անոնց
մայրերուն
գործ
տրուած
պարագային
իսկ։