Զ.
—
Նոր
շրջանի
կարգադրութիւններ
Որբանոցները
կը
կառավարուէին
տեղւոյն
վրայ
գտնուած
պաշտօնեաներով,
ընդ
հսկողութեամբ
տեղական
խնամակալութեանց
որոնց
կը
նախագահէին
Առաջնորդները
եւ
Որբախնամիս
ընդհ.
քննիչին։
Յանձնաժողովս
նոր
շրջանին
համար
լաւագոյն
համարեց
որ
իւրաքանչիւր
որբանոց
կեդրոնէս
կարգուած
Տնօրէններով
կառավարուի,
դարձեալ
ընդ
հսկողութեամբ
տեղական
խնամակալութեանց
եւ
ընդհ.
քննիչին։
Ըստ
այսմ
Մարաշի
Որբանոցին
Տնօրէն
կարգեց
Որբանոցներու
ընդհ.
քննիչ
Տիար
Խաչատուր
Գռուզեան
Հաճնոյ
Որբանոցին
Տնօրէն
կարգեց
Տիար
Թովմաս
Գարագաշեան
Հասանպէյլիի
ու
Տէօրթեօլի
որբանոցներու
Տնօրէն
Տ.
Փառէն
Ծ.
Վրդ.
Մելքոնեան
վերահաստատուեցաւ
իր
պաշտօնին
մէջ։
Ատանայի
որբանոցին
Տնօրէն
կարգեց
Տիար
Դաւիթ
Փիշթօֆճեան
Այնթապի
որբանոցին
Տնօրէն
Տիար
Փիլիպպոս
Սարգիսեան
վերահաստատուեցաւ
իր
պաշտօնին
մէջ։