ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲԱՊԱՇՏՊԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ

  Մեր որբապաշտպան մարմիններէն Նիուարքի Հայ Տիկնանց Որբախնամ ընկերութիւնը այս շրջանին մէջ իր պաշտպանած որբերուն թիւը բարձրացուց չորսի եւ անոնց եռամեայ տարեթոշակը ուղարկեց յանձնաժողովիս, մեր դրամատան մէջ շահագործուելու պայմանաւ ի նպաստ իր որբերուն։

  Ֆիլատէլֆիաի Հայ Կանանց Բարեգործական ընկերութիւնն ալ որ երեք որբ կը պահէր, իր պաշտպանած որբերուն թիւը բարձրացուց հինգի։ Նոյնպէս Նիւհէյվընի Որբ. ընկ. ը որ առաջ մէկ որբի պաշտպանութիւնն ստանձնած էր, այժմ կը պահէ երկու որբ։