Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սկիւտարի բարձունքին վրայ՝ Իճատիյէի կողմն է իրենց փոքրիկ տունը, ուր երկու հարիւր ղրուշ ամսական վարձքով կը բնակին երեքը, հայրը ու երկու աղջիկները, որոնց մայրը շատոնց մեռած է. փողոցի վրայ նայող փոքրիկ սենեակին պատէն կախուած երիտասարդ կնոջ պատկերը անորն է. էրկանը աղէկ օրերուն մեռած էր կուրծքի հիւանդութենէ մը, որ պատկերին մէջ տեսնուող սպիտակ ու անարիւն երեսէն կը գուշակուի: Բայց իր յիշատակը կ՚ապրի եւ օր չըլլար որ իր խօսքը չընեն. գիշերները, երբ աղջիկները կը քաշուին, ամուսինը կը մնայ դեռ իր վաղամեռիկ կնոջ պատկերին դէմը, անխօսուկ ու առանձին. ու իր ոսկեզօծ շրջանակէն նայող այդ անթարթ աչքերէն՝ աղքատացած վաճառականը քաջալերութիւն մը կ՚ակնկալէ, գերեզմանի միւս կողմէն սպասուած զօրավիգ մը:

Վասն զի բարոյական կորովը կը պակսի իրեն օր օրի. իր երբեմնի նիւթական դրամագլխին պէս. հիմա կ՚զգայ որ սրտին քաջութիւնը կ՚սպառի ու կը հատնի քիչ քիչ: Դեռ առտուները իր դողդոջուն ձեռքին մէջն է պայուսակը, զոր առանց ամբողջապէս լեցնելու կը դառնայ շատ հեղ. ու առտուն, նաւամատոյցին վրայ, այն վաճառականներուն քով՝ որոնք մուրացիկի մը ողորմութիւն տալու պէս երբեմն գործ կուտան իրեն, կը սլքկտայ, երբեմն կը համարձակի անոնց խօսքին խառնուիլ, կարծիք տալ, միշտ խօսողին նպաստաւոր կարծիք մը: Անոնց գծին վրայ չի քալեր, այլ քիչ մը ետեւէն, իր անբաժան պայուսակը ձեռքը, ու երբ պատահի որ առեւտուրի մէջ մէկու մը երեսէն վնաս մը կրեն այդ մարդիկը, ինք անոնցմէ աւելի կը զայրանայ այդ մէկուն դէմ, խաբեբայ ու խարդախ կը կոչէ զայն, որ իր վաճառականին, այդ պատուաւոր մարդուն ապրանքները շորթած էր ու ստակները չէր ուզեր հատուցանել: Ուրիշ ատեն՝ անոնց զուարթ վայրկեաններուն՝ կատակներով, փոքրիկ սիրուն պատմութիւններով կը զուարճացնէր, կը խնդացնէր զանոնք, հետեւեալ օրուան համար պզտիկ գործ մը շնորհուելու սպասումով:

Ու վաճառականները կը սիրէին այս պապա մարդը որ ուրիշներու պէս աներես չէր, ու իր միջնորդչէքը իրաւունք մը պահանջելու եղանակով չէր ուզեր եւ առաջարկուած ամեն զեղչի գլուխ կը ծռէր: