Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թաղական Խորհուրդին մէջ կարեւոր նիստ կար այն կիրակի առտուն. թաղականները ամենքը ներկայ էին: Ցած ձայնով կատարուած կարծիքի փոխանակութեան մը մէջ Ատենապետը մէկ-երկու չըսաւ. առաջարկութիւնը ընդունելու կողմը եղաւ:

Ես անկեղծ կերպով իմ կարծիքս զուրցեմ... ես ժամը թաղելու կողմն եմ. ասանկ ատեն մը հարիւր յիսուն ոսկին կարեւոր գումար մըն է. զանգակատունը փլչելու վրայ է. ուրիշ շատ մըն ալ նորոգութիւններ կան. այո՛, գումար մըն է, անկեղծութեամբ ըսեմ:

Միշտ անկեղծութեամբ կը խօսէր այս մարդը. իր թաղականի ու հաշուի մարդու կրկին խղճմտանքը հաշտ էին իրարու հետ. իրօք այս աղքատ ժամուն համար հարիւր յիսուն ոսկին շատ մը օգուտներ պիտի ընծայէր. միւս կողմէն տարտամ ու խուլ բան մը իր ներսիդիէն կ՚ըսէր որ ինքն ալ իր կարգին օր մը պզտիկ գումարով մը ժամու մը մէջ պիտի կրնար թաղուիլ. ինչո՞ւ չէ. մեծ ճարտարարուեստը ամեն բան արժանացուցած էր այս դարուն մէջ. եկեղեցին ալ պատուոյ եւ անմահութեան գիները իջեցնելու էր:

Մեռելին տէրերը Խորհրդարանին մէջ պատուոյ տեղը բազմեր էին: Թաղական մը ննջեցեալին ժամու մէջ թաղուելուն դէմ առարկութիւն ըրաւ. ասիկա փորձ խանութպանի հնարք մըն էր. միտքը յիսուն ոսկի մը եւել փրցնել էր միայն:

Շիտակը ես ձեզի համակարծիք չեմ, Ատենապետ էֆէնտի. հանգուցեալը, Աստուած լուսաւորէ հոգին, աղէկ մարդ էր. մեռնող մարդուն վրայ գէշ չզուրցուիր. բայց շատ թշնամիներ ունէր. թէ որ զինքը եկեղեցւոյն մէջ թաղենք, զմեզ իրաւամբ պիտի քննադատեն. տուած դրամն ալ շատ չնչին է. չարժեր:

Ատենադպիրը որ հաշտութեան կողմն էր միշտ, միջամտեց.

Հարիւր ոսկի եւս տան եւ ամեն բան լմննայ. ես պատասխանատուութիւնը վրաս կ՚առնեմ:

Կարծես ուսերը կը ծռէին այս բեռին ծանրութեանը ներքեւ:

Ան ատեն բուն սակարկութիւնը սկսաւ ալ. թեր ու դէմ ամեն փաստերը, առարկութիւնները մէջտեղ հանուեցան. մեռելին տէրերն ալ բոլորովին անմիտ չէին, բաղդատութիւններ, հաշիւներ կ՚ընէին, երեքի կանոնի վրայ հիմնուելով:

Ի՞նչ տուաւ Նիկողոս էֆէնտին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ թաղուելու համար. եթէ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ թաղուելու համար հինգ հարիւր ոսկի տրուի, այս ձեր մոռցուած մատուռի՞ն ինչ կ՚իյնայ. յիսուն ոսկին ալ շատ է:

Բայց թաղականները եկեղեցւոյ շահը դիւրաւ լքող չէին. ուրիշ զէնքերու դիմեցին իսկոյն: Հանգուցեալին կեանքն ալ` խօսքը մէջերնին` շատ մաքուր չէր. ու պատմութիւնները` անպատուուած ու վռնտուած կոյսերու, ընդունուած եւ չվերադարձուած աւանդներու, սուտ երդումներու` դուրս թափուեցան: Ահագին դէզ մը կը բարձրանար հիմակ ու հազար տեսակ խարդախութիւններու աշտարակ մը կ՚սպառնար մինչեւ երկինքը հասնիլ:

Վէճը դառնացեր էր. յանուն կրօնքի ու բարոյականի պայքարը կը մղուէր, ու մեռելին տէրերը յայտնի կերպով կ՚ընկճուէին:

Ու Խորհրդարանին մէջ, այս ութը-տասը մարդիկը հաւաքուած` մարդկութեան էն նուիրական սկզբունքները կ՚առնէին կը ծախէին, իրենց պահանջումներուն կը պատշաճեցնէին:

Մեռելին ազգականները, դրսեցի բոլորն ալ, ի՛նչ ըսելիքնին չէին գիտեր, բայց նորէն պարտուելնին չխոստովանեցան:

Մենք ալ ննջեցեալը Պալըգլը կը տանինք:

Ատենապետը դողաց. ասանկ յաճախորդ մը տասը տարին մէյ մը չիյնար:

Կ՚ուզէ՞ք որ անկեղծութեամբ խօսիմ, գումարը աւելցնելու էք:

Իր սրտին խորէն հարիւր յիսուն ոսկին անգամ շատ կը գտնէր. մտածեցէք որ օրին մէկը կարգը իր թաղումին պիտի գար ու հիմակուց սակագինը տոկալիք սահմանի մը մէջ պահել կը բաղձար:

Ատենադպիրը իր հաշտարարի դերը նոր զիջողութեամբ մը վերսկսաւ.

Թող յիսուն ոսկի աւելի տան եւ խնդիրը փակուի:

Երկո՞ւ հարիւր ոսկի:

Կ՚ընդունինք, բայց ֆրանսական ոսկի պիտի տանք. դուք ալ մի՛ պնդէք. ժամանակ չկորսնցնենք. դեռ շատ մը ուրիշ կարգադրութիւններ ունինք. մահազդները անգամ չենք տպեր:

Թաղականները խորհեցան, որ թելը պիտի փըրթէր. ճշդեցին սակայն, թիւրիմացութիւն չըլլալու համար, որ յուղարկաւորութեան ծախքը այս գումարին մէջ չէր:

Պզտիկ դժուարութիւն մը որ դիւրաւ հարթուեցաւ` բակին մէջ գերեզմանին տեղը որոշելու առթիւ ծագեցաւ. եկեղեցւոյն դրան քով չէր ըլլար. աջ կողմի պատուհանին ու պատին մէջտեղը առաջարկուեցաւ. բայց այդ տեղը աչքի առջեւ չէր. Խորհրդարանին ձախ կողմին վրայ յարմարեցան: Չնչին կէտ մը մնացեր էր, զոր ննջեցեալին տէրերը հարկ սեպեցին յիշեցնել եւ զոր թաղականները իբրեւ անվիճելի իրաւունք մը ճանչցան անմիջապէս: Նորոգուելիք զանգակատան ճակատը հանգուցեալին անունը պիտի նշանակուէր վայելուչ յիշատակութեամբ մը:

Երբոր աւագերէցը ներս մտաւ, համաձայնութիւնը կատարեալ էր արդէն: