Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏԻՊ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. - Այս բաժինին մէջ տրուած քերթուածները կը ներկայացնեն երկու տարբեր շարքեր. -

ա) Բանաստեղծին զոյգ տաղարաններուն հրատարակումէն յետոյ գրուած ու մասամբ միայն լոյս տեսած ժամանակի մեր գրական մամուլին մէջ.

բ) Գրուած աւելի առաջ, բայց հեղինակին կողմէ զանց առնուած իր հատորներէն։

Այդ երկու շարքերուն մէջ ալ կան երգեր որ անաւարտ են կամ անմշակ եւ ունին երբեմն փոփոխակային նմանութիւններ՝ հատորի մտած իր քերթուածներուն հետ։

Այդ բոլոր տրուած են այստեղ անփոփոխ, ինչպէս որ գտնուած են անոնք թղթիկներու վրայ կամ չարչարուած տետրակներու մէջ։