ՏԺԳՈՅՆ 
   
    ՄԱՐԴՈՒՆ 
   
    ԵՐԳԸ
  
 
   
    Իրիկնամուտ 
   
    է, 
   
    ո՜վ 
   
    կոյս.
  
 
   
    Հա՜տ 
   
    մը 
   
    ինծի 
   
    վարդ 
   
    չե՞ս 
   
    տար,
  
 
   
    Տես, 
   
    ճամբորդն 
   
    եմ 
   
    վըշտանար՝
  
 
   
    Լերան, 
   
    ուր 
   
    ձիւն 
   
    կը 
   
    տեղայ...
  
  
  
 
   
    Ուղին 
   
    երկա՜ր 
   
    է 
   
    ու 
   
    ծեր.
  
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    քալել 
   
    դեռ 
   
    երկար.
  
 
   
    Ճամբուս 
   
    երկայնքը 
   
    չկա՜ր
  
 
   
    Հոգի 
   
    մ՚ուր 
   
    ցաւըս 
   
    նիրհէր։
  
  
  
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    քալել 
   
    դեռ 
   
    երկա՜ր
  
 
   
    Ու 
   
    ժպտի՜լ 
   
    անյոյսին.
  
 
   
    Տրտմութեան 
   
    բեռը 
   
    ուսին՝
  
 
   
    Պէտք 
   
    է 
   
    քալել 
   
    դեռ 
   
    երկա՜ր։
  
  
  
 
   
    Իրիկնամուտ 
   
    է, 
   
    ո՜վ 
   
    կոյս,
  
 
   
    Վա՜րդ 
   
    մը՝ 
   
    տըժգոյն 
   
    ճամբորդին,
  
 
   
    Որ 
   
    ցաւերն 
   
    իր 
   
    չյորդին
  
 
   
    Գիշեր 
   
    չեղած՝ 
   
    լուռ, 
   
    մըթին...
   
    ։