Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԺԳՈՅՆ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐԳԸ

Իրիկնամուտ է, ո՜վ կոյս.

Հա՜տ մը ինծի վարդ չե՞ս տար,

Տես, ճամբորդն եմ վըշտանար՝

Լերան, ուր ձիւն կը տեղայ...

 

Ուղին երկա՜ր է ու ծեր.

Պէտք է քալել դեռ երկար.

Ճամբուս երկայնքը չկա՜ր

Հոգի մ՚ուր ցաւըս նիրհէր։

 

Պէտք է քալել դեռ երկա՜ր

Ու ժպտի՜լ անյոյսին.

Տրտմութեան բեռը ուսին՝

Պէտք է քալել դեռ երկա՜ր։

 

Իրիկնամուտ է, ո՜վ կոյս,

Վա՜րդ մը՝ տըժգոյն ճամբորդին,

Որ ցաւերն իր չյորդին

Գիշեր չեղած՝ լուռ, մըթին... ։