Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈՅՆԵՐԸ, ԱՆԳԱՄ ՄԸՆ ԱԼ ԾԵՐՈՒԿԻ ՄՕՏ

ՇԱՐՈԻՐ — Կարգն իմս էր հիմա, տղա՛քս, դուք ալ իմ խնդիրս լսեցէք:

ՄԱԿԱՐ — Այսչափ խօսքերէ ետք, դեռ մենք իստակ բան մը չի հասկցանք քու մտադրածներէն, ի՞նչ կ՚ուզէիր:

ՇԱՐՈԻՐ — Ինծի համար մէյմէկ ձեռնտու վկայութիւն կ՚ուզէի, ես ասոր համար եկայ միայն: Հոս խրկուելու շնորհքը գերագոյն բարին ըրաւ ինծի, դուք ալ ձերը, ձեր թանկագին շնորհքը այլապէս ցոյց տուէք:

ԵՓՐԻԿ — Բայց ի՞նչ կար, որ մէյ մը նախ քեզ, քու անունդ չըսիր մեզի, թող մենք ալ քեզ ճանչնայինք:

ՇԱՐՈԻՐ — Շարուր-Աւագ կ՚ըսէին ինծի, չըսի՞ ձեզի: Շարուր աս քաղքին մեծաւորը՝ ձեր հայրերուն ու հաւերուն ժամանակակից դէմքը երբեմն:

ԶԱՔԱՐ — Իրա՞ւ այնպէս:

ՇԱՐՈԻՐ — Իրաւ այնպէս, ինչո՞ւ կը ցնցուիք:

ԶԱՔԱՐ — Հոս ձեր սերունդէն մէկն ալ չապրիր:

ՇԱՐՈԻՐ — Չապրիր, գիտեմ:

ԶԱՔԱՐ — Շա՛տ լաւ, ես ի՞նչ վկայութիւն տայի քու մասին:

ՇԱՐՈՒՐ — Թէ Շարուր-Աւագ առաքինի մարդու, պարկեշտ քաղքցիի, ճշմարիտ քրիստոնեայի կեանքը ապրեր է: Ինչ որ ըսէիք, իմ պահապան հրեշտակներս հոս ուսերուս վրայ, բառ բառ ձեր ըսածները պիտի օրինակէին:

ԱԱՀԱԿ — Եթէ իրա՜ւ է որ Շարուր ես դուն, պարկեշտ քաղքցի՜ն… (հեգնութիւն):

ԴԱՒԻԹ — Այն չե՞ս հրամանքդ, որ կ՚ըսէին, 15-20 տարի շարունակ վանքերն ու վանական կալուածները շահագործեր ես:

ՄԱՐԳԱՐ — Ատ անունն իմ ականջս ալ հասեր է:

ՇԱՐՈՒՐ — Բայց ի՞նչ, բայց ի՞նչ։ (այլայլած):

ՀԱՄԲԻԿ — Մենք ալ շատ շատ աղտոտ պատմութիւններ գիտէինք ատ անունին շուրջը: Շարուր, կ՚ըսէին, իր ապրած օրերուն, գիշերը դեւ մըն է եղեր, ցորեկն ալ հանդիպածին ականջին վարք սրբոց կախեր է:

ՇԱՐՈՒՐ — Գո՜ւթ, կարեկցութի՜ւն, տղա՛ք, ձեր մեռածներուն յիշատակին ըլլար:

ՍԱՀԱԿ — Այս ծերուկը չէ՞ եղեր, որ իր մէկ դրացի կինը մեռցուցեր է:

ՇԱՐՈԻՐ — (Տենդոտ շարժումներ) Վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի:

ՍԱՀԱԿ — Մոռցայ ըսելու թէ՝ դէպի իրենները վայրագ բռնաւոր մըն է եղեր, աս ալ հօրմէս լսածս:

ՀԱՄԲԻԿ — Ո՞ր մէկը պզտիկ. ժամանակին վանահայր վարդապետի մը հետ խօսք կապած՝ բռնի պսակներ ընել տուողը աս իսկ ծերն է եղեր, ասոր պատմութիւնը «որդոց որդի» մեր ականջն ալ հասեր է:

ՄԱԿԱՐ — Ո՞վ մեռցուց իր աղբրորդին, ի՞նչ ունէր խեղճը:

ՇԱՐՈԻՐ— (Առանձին) Մեղա՜յ Տէր, մեղա՜յ Տէր, դեռ ոչինչ մոռցուեր է, դեռ նոյն պատմութիւնը ամէն բերնի մէջ, գերեզմանէն անդին, գերեզմանէն ասդին, նոյն անողոք, անփոփոխ վիճակը ինծի համար, ո՞ւր երթայի, ալ ո՞ւր կրնայի դիմել: Թո՛ղ ժայռերը գլխուս վրայ գան, ոչինչ մը դարձնեն զիս, կորսուիմ, մոռցուիմ, ինչպէս հիւսիսէ հարաւ փչող հովերու հետ մժեղին շունչը կը կորսուի:

ՄԱԿԱՐ — Հեռո՜ւ մեզմէ, ո՛վ դու, հեռո՜ւ մեր սահմաններէն, եթէ եկած տեղէդ փախստական մը չես, քեզի համար հոս երեւնալու թոյլտուութիւնը շնորհաց վրիպում մը կը խորհինք: Հեռո՜ւ մեզմէ, հոնկէ հոս հասած ապսպրանքները ճիշտ հիմա քու ձեռքովդ ու քու լեզուիդ վրայ կարդացինք: «Մենք արդարութիւնը չենք ընդոտներ, մենք արեւը չենք վարագուրեր, մենք Աստուած չենք խաբեր»:

(Կը մեկնին ամէնքը: Շարուր իր գերագոյն յուսահատութեան մէջ մինակ մնացած, դէպի կայարան անգամ մըն ալ վերադարձը կ՚ընէ, աղօթքներ բերնին մէջ ու պահ պահ ճանբուն մէջ կեցած կը մռմռայ. — Ալ ի՞նչ կը մնար ինծի ընելու, Տէ՛ր Աստուած):