Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Շահինին տունը, հիւրանոցին մէջ, պատերը զարդարուած ամերիկեան այլ եւ այլ սիրուն պատկերներով, ոմանք ոսկեզօծ շրջանակներու մէջ անցուցած ու մէկ քանին պարզ ընտանեկան լուսանկարներ։ Ուրիշ կողմ լամբար մը, հովանոցներ, փողկապներ, արդուկուած շապիկ։ Պատին մէկ ուրիշ կողմը, տախտակէ պնակակալի մը վրայ շարուած կ’երեւան յախճապակի սկահակներ, կլկլակներ։ Սենեակին դրան քովերը խոշոր սնտուկներ, աս սնտուկին վերօքը պատին վրայ յարմարցուած գեղեցիկ աշտանակներ։ Գետինը գորգապատ, սենեակին ճակատը բազմոց, արեւելեան ճաշակով բարձեր, աթոռներ եւայլն։

Հիւրանոցին ձախ պատին մէջ բացուած փոքրիկ դուռ մըն ալ, ուրկէ կ’երթցուի տան ներսերը՝ ընտանիքին սուֆան մեծ սրահ մը։