ՄԱՐԱՆ, 
    
     ՇԱՀԻՆ, 
    
     ՓԱՌԷՆ
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     (Յանկարծ 
    
     ներս 
    
     մտած 
    
     ու 
    
     ժպտուն, 
    
     միւսները 
    
     ոտքի 
    
     կը 
    
     կենան 
    
     ու 
    
     նորէն 
    
     կը 
    
     նստին) 
    
     Աս 
    
     գիշեր 
    
     աղւոր 
    
     երազ 
    
     մը 
    
     տեսայ, 
    
     Փառէն։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Աղէկ 
    
     ա։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Կատակ 
    
     չեմ 
    
     ըներ, 
    
     իրաւ 
    
     աղւոր։ 
    
     Գիրուկ 
    
     կարմիր 
    
     ձի 
    
     մը 
    
     հեծեր 
    
     էի, 
    
     թմբուկ 
    
     կը 
    
     զարնէինք, 
    
     մեր 
    
     տունը 
    
     զուարթ 
    
     բազմութիւն 
    
     մը 
    
     կար, 
    
     հարսնիքի 
    
     մէջ 
    
     էինք։ 
    
     Նազլուն 
    
     նոփ-նոր 
    
     լաթեր 
    
     հագած՝ 
    
     ոսկի 
    
     շարոցներն 
    
     ալ 
    
     գլխուն 
    
     ու 
    
     կուրծքին 
    
     վրայ, 
    
     ետեւէդ 
    
     կամաց-կամաց 
    
     կը 
    
     քալէր, 
    
     մինչեւ 
    
     ժամուն 
    
     դուռը 
    
     այսպէս՝ 
    
     ու 
    
     մէկէն 
    
     արթնացայ։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     (Խորհրդաւոր 
    
     ա՛խ 
    
     մը) 
    
     Աստուած 
    
     բարի 
    
     ընէ. 
    
     Հարսնիքը 
    
     կռիւ 
    
     է, 
    
     կ’ըսեն, 
    
     կարմիրն
     
      [1] 
    
     ալ 
    
     շուտ 
    
     կ’ելլայ։ 
    
     Կռի՛ւ, 
    
     կռի՛ւ։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Շա՛տ 
    
     շիտակ 
    
     ըսեր 
    
     են, 
    
     մայր։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Ի՞նչ 
    
     կ’ըսես, 
    
     Փառէն։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Մայր 
    
     ու 
    
     տղայ 
    
     ալ 
    
     ցերեկը 
    
     երզեր 
    
     էք, 
    
     բայց 
    
     ի՞նչ…
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Ինչ 
    
     որ 
    
     — 
    
     ո՞վ 
    
     գիտէ։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Նո՞ր 
    
     բան։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Մէյ 
    
     մը 
    
     սա 
    
     հինը 
    
     ստկէինք։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Դեռ 
    
     ըսել 
    
     է, 
    
     առջի 
    
     օրերու 
    
     քիթովդ 
    
     շունչ 
    
     կ’առնես։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Հօրաղբարդ 
    
     կատակ 
    
     կ’ընէ, 
    
     տղայ, 
    
     երեսս 
    
     հայիր 
    
     (աչքովը 
    
     տղուն 
    
     հանդարտութիւն 
    
     թելադրելով)։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Չե՞ս 
    
     ըսած, 
    
     հարսխաթուն, 
    
     չի 
    
     պատմեցի՞ր 
    
     մեր 
    
     խելօքին 
    
     թէ՝ 
    
     ամիս 
    
     մ’առաջ, 
    
     էֆէնտին 
    
     ինտոր 
    
     պատուեց։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Լուսի՛կը, 
    
     կը 
    
     մոռնաս 
    
     ըսել, 
    
     էֆէնտին 
    
     ե՞րբ 
    
     օր 
    
     մը 
    
     փրշունք 
    
     կը 
    
     նետէ 
    
     մրջիւնին 
    
     առջեւ։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Ի՛նչ 
    
     կ’ըլլայ 
    
     ըլլայ 
    
     վերջապէս, 
    
     ատքան 
    
     ալ 
    
     հաշիւ, 
    
     հըյրուք
     
      [2], 
    
     մեզնէ 
    
     չսպասուիր, 
    
     հերի՛ք 
    
     որ 
    
     մարդն 
    
     ալ, 
    
     կնիկն 
    
     ալ 
    
     Փառէնին 
    
     ճամբայ 
    
     ելլալը 
    
     լսած՝ 
    
     շուքի 
    
     պէս 
    
     կը 
    
     կպչէին 
    
     փէշերնուս։
  
 
    
     Մոռցա՞ր 
    
     թէ 
    
     քանի՛ 
    
     հոգի 
    
     էինք, 
    
     Մարան։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Միտքս 
    
     էր 
    
     (Քէն 
    
     ընողի 
    
     մը 
    
     խբումով).
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Քսան-քսան 
    
     երկու 
    
     հոգիի 
    
     առջեւ 
    
     «զոգ 
    
     զոգ» 
    
     խորուածներ, 
    
     լիրերով 
    
     օղի, 
    
     գինին՝ 
    
     գետի 
    
     պէս 
    
     կը 
    
     հոսէր։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     (Մէկ 
    
     կողմ) 
    
     Լուսիկին 
    
     ձեռքովը, 
    
     ու 
    
     անուշ 
    
     ալ։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     (Երբեք 
    
     չուզելով 
    
     որ 
    
     դիմացինին 
    
     խորամանկ 
    
     կերպով 
    
     գլած 
    
     խօսքերուն 
    
     ուղղակի 
    
     դիմաւորողը 
    
     ըլլայ) 
    
     Լուսիկն 
    
     ալ, 
    
     էրիկն 
    
     ալ, 
    
     հասնողը 
    
     գետի 
    
     պէս 
    
     կը 
    
     հոսեցնէր, 
    
     բայց, 
    
     գինի՜… 
    
     մէյ 
    
     մը 
    
     գնա 
    
     ու 
    
     համը 
    
     տես։
  
  
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Իմ 
    
     բերնիս 
    
     համը 
    
     ինծի 
    
     հերիք 
    
     էր, 
    
     հօրաղբար։ 
    
     Ատ 
    
     օրը 
    
     երբեք 
    
     առիթը 
    
     չի 
    
     ներկայացա՞ւ 
    
     որ 
    
     հասկնայիք 
    
     թէ՝ 
    
     ատ 
    
     մարդը 
    
     իր 
    
     հողը, 
    
     ջուրը 
    
     ի՛նչ 
    
     ըրաւ, 
    
     գեղին 
    
     հողային 
    
     կալուածը, 
    
     վեց-եօթ 
    
     հարիր 
    
     ոսկի 
    
     հարստութիւն…
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     (Վարանք, 
    
     պատասխան 
    
     գտնելու 
    
     դժուարութիւն) 
    
     Հողայի՞ն 
    
     կալուածը…
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     Հրամեր 
    
     ես, 
    
     Հապուսնայ
     
      [3] 
    
     հողը, 
    
     տղուն 
    
     վրայ 
    
     փոխանցեր 
    
     է, 
    
     աղջկան 
    
     ալ 
    
     մատնոցով 
    
     քացախ։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Ատ 
    
     ալ 
    
     մեր 
    
     ճակտի 
    
     գրին… 
    
     տղա՛ս։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     (Մատով 
    
     հօրաղբարը 
    
     ցուցնելով) 
    
     Ինքը 
    
     օր 
    
     մը 
    
     ինծի 
    
     ինչե՜ր 
    
     կը 
    
     գրէր, 
    
     ահա 
    
     երեսս, 
    
     ահա 
    
     երեսը։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Մալով, 
    
     հալով 
    
     հարսնցու 
    
     մը, 
    
     շիտակ 
    
     է՜… 
    
     բայց… 
    
     ինծի 
    
     հարցնես, 
    
     ես 
    
     պիտի 
    
     ըսեմ 
    
     թէ՝ 
    
     կնկայ 
    
     մալը 
    
     դարբնի 
    
     մուրճ 
    
     է, 
    
     Փառէ՛ն, 
    
     գլուխ 
    
     չի 
    
     դիմանար։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Թող 
    
     որ 
    
     արդէն 
    
     ես 
    
     ալ 
    
     շատ 
    
     ցաւցեր 
    
     եմ… 
    
     ծունկին 
    
     վրայ 
    
     նորէն 
    
     աղօթք
     
      [4] 
    
     կայ, 
    
     կ’ուզես 
    
     հաւտա, 
    
     կ’ուզես 
    
     մի՛ 
    
     հաւտար։ 
    
     Աստուած 
    
     ալ, 
    
     մարդիկ 
    
     ալ 
    
     գիտեն 
    
     թէ՝ 
    
     ես 
    
     երբեմն 
    
     խնամի 
    
     Լուսիկին 
    
     խաթերն 
    
     համար 
    
     է 
    
     որ 
    
     ատ 
    
     տունը 
    
     կ’երթամ 
    
     կուգամ։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Գացիր, 
    
     եկար 
    
     որ՝ 
    
     ետքը, 
    
     ետքը…
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     (Դէպի 
    
     Շահինը) 
    
     Հողը 
    
     տղուն 
    
     վրայ 
    
     ըրած 
    
     ատենը, 
    
     աղջիկը 
    
     լեզու 
    
     չունէ՞ր, 
    
     թող 
    
     մէյ 
    
     մը 
    
     աղջիկն 
    
     ըլլար 
    
     հօրը 
    
     դէմ 
    
     բողոքողը։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Ա՞ս 
    
     էր՝ 
    
     ըսել 
    
     է՝ 
    
     փորուտ 
    
     խոցտուկը, 
    
     ըսիր 
    
     խալսար։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     Աս 
    
     էր, 
    
     այո՛, 
    
     դուք 
    
     դեռ 
    
     չէք 
    
     գիտեր, 
    
     թէ՝ 
    
     ի՛նչ 
    
     տեսակ 
    
     յամառ 
    
     մըն 
    
     է 
    
     աս 
    
     աչքի 
    
     չառածնիդ 
    
     (Ինքն 
    
     իր 
    
     կուրծքը 
    
     ծեծելով)։
  
 
    
     ՇԱՀԻՆ 
    
     — 
    
     Փառէ՛ն, 
    
     Փառէ՛ն, 
    
     նոր 
    
     եկեր 
    
     ես։
  
 
    
     ՄԱՐԱՆ 
    
     — 
    
     (Դէպի 
    
     տղան) 
    
     Ի՞նչ 
    
     է, 
    
     դուռ 
    
     դրացի 
    
     սէյրի՞ 
    
     պիտի 
    
     կեցնէք։
  
 
    
     ՓԱՌԷՆ 
    
     — 
    
     (Ոտքը 
    
     գետին 
    
     կը 
    
     զարնէ) 
    
     Չեմ 
    
     առներ 
    
     ըսի՛ 
    
     եա, 
    
     աղջիկ 
    
     թող 
    
     ըլլայ 
    
     գտնելիքս 
    
     (Զայրացած 
    
     կը 
    
     մեկնի)։
  
 
  
  
   
  
    
   
       
        [1]            
      
       Երազի 
      
       մէջ 
      
       տեսնուած 
      
       կարմիրը 
      
       նշան 
      
       է 
      
       թէ` 
      
       երազը 
      
       շուտ 
      
       պիտի 
      
       կատարուի:
    
   
   
  
    
   
       
        [2]            
      
       Հըյրել 
      
       – 
      
       մանր 
      
       քարը 
      
       ձաւարէն 
      
       զատել 
      
       մատներով:
    
   
   
  
    
   
       
        [3]            
      
       Հապուսին 
      
       քաղքին 
      
       արեւելակողմը 
      
       գեղ 
      
       մը, 
      
       ուր 
      
       աս 
      
       էֆէնտին 
      
       իր 
      
       վաշխառուի 
      
       գործերովը 
      
       յաջողեր 
      
       է 
      
       շատ 
      
       մը 
      
       հողային 
      
       գրաւումներ 
      
       ընել: