Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՐԻԿ, ՍԱՀԱԿ (համտէրտ դրացիներ)

(Թորիկին տունը Սահակ նստելու գացած)

ԹՈՐԻԿ Քսան, քսանըչորս տարի առաջ ու հիմա, Սահա՜կ…

ՍԱՀԱԿ Գիտես թէ առջի երիտասարդը չէ հիմա։

ԹՈՐԻԿ Ի՞նչ կ’ըսէիր հապա, «շան աղջիր [1] չի բուսնիր նէ, երէկուա՞նն» էր…  Հէմ, ինչո՞ւ անանկ կ’ըսես, ի՞նչ է եղեր ատ մարդուն։

ՍԱՀԱԿ Դեռ երէկ չէ առջի օրը կօշիկը գետին չէր մնար։

ԹՈՐԻԿ Չէր մնար, հիմա ալ հա՛տ մըն է։

ՍԱՀԱԿ Մե՞նք ինչ ենք, մենք ալ սիսեռի՞ հատ։

ԹՈՐԻԿ Անանկ ալ չէ, աւելի խեղճ, աւելի ոչինչ։

ՍԱՀԱԿ Մենք ալ շուն ունինք, չէ՞։

ԹՈՐԻԿ Ատով ի՞նչ կ’ըլլէր, խե՛նթ մարդ ըլլիլդ ըսէ։

ՍԱՀԱԿ Կասկած չունիմ թէ՝ մարդ եմ, ինծի մինակ մէ՛կ բան կը պակսի։

ԹՈՐԻԿ Ես ալ ահա ատ մէկն էր որ պիտի ըսէի։

ՍԱՀԱԿ Դրա՞մ…

ԹՈՐԻԿ Ունեցիր ու դէմս ելիր, բայց ան ատեն, վախնամ, դրացիդ ճանչնալու համար դուն ալ ակնոց ուզես քթիդ։

ՍԱՀԱԿ (Քրքիջներ). Թօա՜ֆ…

ԹՈՐԻԿ Թօաֆը հիմա չէ, թօաֆը ան ատենը, երբ լսէի թէ՝ Ճըռճըռ Սահակն ալ բանջոտած դեղիններու հետ կը խաղայ։

ՍԱՀԱԿ Ըսել է, հէչ յոյս չունիս թէ՝ օր մը ես ու դուն ալ բան մը տ’ըլլինք, Պաղտիկին կիսուն չա՞փ ալ չէ։

ԹՈՐԻԿ Ապո՜ւշ…

ՍԱՀԱԿ Կատակ չէ։

ԹՈՐԻԿ Պաղտիկին չէ թէ կէսը, կիսուն կէսն ալ ունենայիր, ալ ագիդ կռնակէդ չէր իջնար։

Պաղտիկին լոկ անունը լսեր ես, ան՝ ուզէ հիմայ, թուղթի կտորի մը կամ հէնց ըղունգին վրայ անունը գրէ, լեռը կը շրջէ։ Անդին մեզի պէսներն ալ գետնէն շեղ մը վերցնելու գճկած՝ մէջքերնին տասը տեղէ կը բրդի։

ՍԱՀԱԿ Բայց ատ ալ շատ բնական էր, Թորիկ. եւ ատոր չեմ զարմանար, ես կը զարմանամ անանկ բաներու, որ իրաւ խելքի չեն գար։

ԹՈՐԻԿ Գիտե՛մ, գիտե՛մ։ Քու խելքիդ չեկածները աս օր չպիտի հասկնամ, բայց վազ անցիր։

ՍԱՀԱԿ Դուն արդէն երկու խօսքիս մէկը ջուրը կը ձգես։

ԹՈՐԻԿ Ալ այնչափ ըսեր, հարցուցեր ես, որ լսողը ջրգող եղեր է։

ՍԱՀԱԿ Ի՞նչ ըսեր եմ, ի՞նչ հարցուցեր, ատ ի՞նչ փսկայ ճանկ։

ԹՈՐԻԿ Կ’ուզես նէ, թող որ հիմա առաջաբանդ ես բանամ։

ՍԱՀԱԿ Հրամէ…

ԹՈՐԻԿ Օրինակի համար, քու խելքիդ չի պառկած բաները ինչո՞ւ ձմերուկը կլոր կը բուսնի, ինչո՞ւ ջուրերը ցածը կը վազեն, ինչո՞ւ էնդի դէմէն շնորհքով լուր բերող մը չէ պատահեր։ Աս չէ՞ քու բոլոր ատենի խօսքերուդ սերմայէն։

ՍԱՀԱԿ Բայց ատոնք անանկ խնդիրներ են, որ յաւիտեան թեփէն չպիտի ելլան։ Դուն միշտ իմ ըսածներս հողել, թաղելու քէյֆ մը քշեր ես։ Ես հին ձեռագիր մ’ունիմ, որ չես տեսեր։

ԹՈՐԻԿ Խօսքը քուկդ, վերէն ալ խնծոր մը, հրամէ։

ՍԱՀԱԿ Մի՛ հեգներ, Թորի՛կ, աս աւուր ըսածներս ուրիշ են, օրինակի համար, լսէ՛ մէյ մը։ Ան ինտո՞ր կ’ըլլի, որ միեւնոյն ծաղիկէն մեղուն մեղրը, օձն ալ իր թոյնը կը շինէ։

  Ինչո՞ւ պարզ օդին պայր [2] կը խաղայ, անամպ անձրեւ կուգայ ինչէ՞ն է որ էգ ջորին չի ծնիր կրնա՞ս ըսել թէ՝ ի՞նչ կը տեսնեն շուները որ կ’ոռնան կորն ու մուկը ինչո՞ւ ստեղծուեր են, կամ թէ՝ ի՞նչ պատճառ ըլլար որ պեխ չի բուսնիր կնիկներուն էրիկ մարդն ալ ծիծ ունի ու կաթնտու չէ։ Ես ասանկ բաներն են որ չեմ կրնար քակել, աղա՛ Թորիկ, եթէ ոչ, ան քու մէկալ ըսածդ այնքան պարզ է, որ…

Դուն ալ կեր մէկուն գլուխը, օր մը դուն ալ կը գիրնաս։ Լմնցաւ գնաց։

ԹՈՐԻԿ Գիտեմ, համոզուեր եմ։ Բայց զարմանալի է որ մեզի պէսներուն ատ տեսակ պատեհութիւնն է պակսածը։ Չէ նը, չե՞մ լսեր կարծես, Պաղտիկ իր մէկ հարուստ ազգականին գլուխը ուտելէն ետքն էր որ ա՛տ դիրքին, ա՛տ դրամին հասաւ։

ՍԱՀԱԿ Անկէ առաջ խեղճ դերձակ մը, որ տասնոցին ետեւէն նետ կը նետէր։

ԹՈՐԻԿ Դերձա՞կ մը երանի՜ թէ…

ՍԱՀԱԿ Ատ անունն ալ չունենար նէ, ինծի քեզի պէս մարդ մը միայն։

ԹՈՐԻԿ Ատ դէպքը ատենին փնտռող ալ չեղաւ, ը՞հ։

ՍԱՀԱԿ Որո՞ւ ինչ պէտք։ Մարդը իր ցեղին վերջին ապրողը, առանձնութեան մէջ, ճիներուն գզիր եղեր էր, ո՛չ կին, ո՛չ զաւակ, կատու մըն ալ չունէր որ հետը ապրէր։ Պաղտիկը է՛ն մօտ ազգականը անոր, շատ ատեն աս հէրիֆին տունը կը տեսնէինք։

Վերջին հիւանդ ատենն ալ անոր տունը գնաց, ընկաւ։ Խեղդեցին խալըսան։

ԹՈՐԻԿ Ինտո՛ր ալ ձեռուընին վրայ գնաց, աղբա՛ր, մարդ ըսածդ շան ճիկէր ունի։

ՍԱՀԱԿ Անօթի մարդուն ձեռքը, Թորի՛կ, օձին ծակը կը մտնայ ու շատ համարձակ կը մտնայ։

ԹՈՐԻԿ Աստուած չընէ, որ ես ձեռքս ատ տեսակ արընի մէջ թաթխեմ։ Անօթի մեռնիմ ալ, չեմ ըներ։

Մարդիկ չի տեսնեն, Աստուած կայ։

ՍԱՀԱԿ Ես զիս անանկ անբաղդ գիտեմ, որ հէնց եթէ մողէսի մը ագին ալ ճզմեմ, աշխարհք գլուխս կը թառի, խաղք խայտառակ ոճրագործ մը կը պոռայ։

(Դուռը կը բացուի, Վարդուկ շնչասպառ ներս կը մտնէ)։



[1]            Շանը գլուխը առանց եղջիւրի` երէկուան ծնած մը ըլլալու ապացոյցը չէ, ըսել է:

[2]        Ամառ իրկունները պարզ օդին, հորիզոնին խբուած կէտերէն փայլակներ կ’երեւան, ատ երեւոյթն է որ կ’ըսեն պայր կը խաղայ, աւելի ճիշդը պար խաղալ չպիտի ըլլա՞ր: Գեղի բնախօսներուն կարծիքն է թէ մեծ ծովերուն մեծ մեծ ձուկերը երբ ջուրին մէջ կողմերնին կը փոխեն, կը լողան կամ լողալու համար շարժում մը կը ցուցնեն, ատ վայրկեանին անոնցմէ լոյսի շողեր մը յանկարծօրէն երկնակամարին վրայ կը ծրագրուի: Այս է պայր խաղալը: