Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԼՈՒՍԻԿ (մինակ), ՆԱԶԼՈՒ (ետքը)

ԼՈՒՍԻԿ Մէկ կողմէն ան տղան, փեսան է քէն ընողը, ասդին ալ ուրիշ մը ուրիշ կերպով պատ կը ծակէ։ Ասոնց ո՞ր մէկն է անկեղծը, ո՞ր կողմին պիտի ջուրը չիփչած խմէի [1] ։ Ետքն ալ ինծի մեղդրող մը չպիտի՞ ըլլի, չպիտի՞ ըսէ՝ Լուսի՛կ, տունդ աւրէր, հայրը աղջիկը մեռցուց նէ, դուն ալ պարէ անոր մորթը չի քերթէի՜ր։

  Շատ բան պիտի ըսեն, գիտեմ։ Աղջիկը իր ուզածէն զատելէ ետքը ալ անոր խէրը տես։ Նազլո՛ւ, Նազլո՛ւ, (դուրսը ձայն մը կ’երկնցնէ), Նազլո՜ւ։

Դո՛ւրս, քովս եկուր մէյ մը։

ՆԱԶԼՈՒ (Դուրս եկած մօրը դէմ) Ի՞նչ պիտի ըսէիր, մա՛յր։

ԼՈՒՍԻԿ Ա՜խ, հոգի՛ս…

(Շահին մէկէն ներս կը մտնէ)։



[1]            Իստակ, անկեղծ բառերուն տեղ գործածուած ոճ մը: