Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

(Երեւոյթ մը խոհանոցին մէջ)

ԱՍԼԸԽԱՆ, ՀՐԱՆՈՒՇ

ԱՍԼԸԽԱՆ (Արտօրանք). Շո՛ւտ ըրէ, շո՛ւտ ըրէ, խահուէն, ճէզվէն, շաքարը։

ՀՐԱՆՈՒՇ Ի՞նչ արդեօք, ի՞նչ կար։

ԱՍԼԸԽԱՆ Երեսի ջրիկով դուրս հանինք, շո՛ւտ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Ատ ով է որ ատքան գետնէ գետին կ’ըլլիս [1] ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Կտուց սրելու ատենը չէ, Հրանո՛ւշ, տղան անանկ երեւաց, որ Նազլուէն վազ տի գայ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Նազլուին նշանածն է եղե՜ր. մըյե՜ա (զարմացում), ուսլուպով տղայ մը…

ԱՍԼԸԽԱՆ Քու վրայ է միտքը, տարիքիդ վրայ խօսելու ատենս, երեսին վրայ անուշ խնդուք մը եկաւ։ Տէ՛հ, հայտէ։ Նազլուին համար 26-էն էւէլ կայ, պակաս չի կայ, ըսի։ Աղէկ չըրի՞. տէհ, շուտ ըրէ, ուժով փչէ կրակը, որ գոն [2] գայ երեսդ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Կ’ամչնամ, մա՛յր։

ԱՍԼԸԽԱՆ Գտար ու ըսիր ալ, տէ՛, հայտէ՛…

ՀՐԱՆՈՒՇ Չեմ կրնար։

ԱՍԼԸԽԱՆ Քիչ մ’առաջ ինչո՞ւ…

ՀՐԱՆՈՒՇ Չէի գիտեր։

ԱՍԼԸԽԱՆ Հիմա ալ անանկ, հիմա ալ, հայտէ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Գլուխս կարժառի պէս կը դառնայ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Հա՛յտէ, հա՛յտէ, կ’անցնի հիմա. ժիր բռնէ ինքզինքդ, փոլատը ձեռքդ առ ու դուրս ելիր։ Կուզ մի՛ քալեր, շլլիքդ վե՛ր բռնէ. գլուխդ մի՛ թաղեր, անճարակ մ’ըլլիր, քովը մօտենաս նը, մէկ քով պահէ բերանդ, կտոր մը սին-սին կամ դարչին…

ՀՐԱՆՈՒՇ Կը խենթեցնես, մա՛յր։

ԱՍԼԸԽԱՆ Ես ալ խենթեցեր եմ արդէն, հայտէ՛։

ՀՐԱՆՈՒՇ Հետս չի գաս նը, ծունկերս…

ԱՍԼԸԽԱՆ Փորձա՜նք…  փորձա՜նք…   (Իր կուրծքը ծեծելով)։

ՀՐԱՆՈՒՇ Էօ՜ֆ…

ԱՍԼԸԽԱՆ Գացած դպրոցնուդ մէջ քիչ մըն ալ մարդու առջեւ երուալ սորվէիք նը, վրա՞ս կը կորսուէր։

ՀՐԱՆՈՒՇ Դուն ալ հիչ պատեհութիւնը չես փախցներ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Թող որ կարէ-կարկտուքէ ալ չէք հասկնար։

ՀՐԱՆՈՒՇ Ամէն օր ատ դրդրանքները, վո՛ւշ… (գլուխը թօթուելով ըմբոստ)։

ԱՍԼԸԽԱՆ Լեզուընի՞դ հապա կրունկնիդ կը ծեծէ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Ես շիտակ կը խօսիմ, ես իրաւունքով կը խօսիմ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Խահուէն, աղջիկ, խահուէն պաղաւ (սուրճը եփուած, սկահակներուն մէջ լեցուած, մայր ու աղջիկ այս վիճաբանութեան կը բռնուին)։

ՀՐԱՆՈՒՇ Պէտք էր նը, տանէիր. ես ի՞նչ ունիմ օտար տղի հետ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Վո՛ւյ, Աստուա՛ծ, Աստուա՛ծ (ամչցողի տագնապներով Ասլըխան ինքն իր երեսներուն միսը կը ճանկռտէ). կը մեռնիմ հիմա, Հրանուշ (յուսահատ)։

ՀՐԱՆՈՒՇ Մեռնողս տես, հալս տես (մէկդի կը քաշուի)։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Բռունցքներով հարուած մը աղջկան քամակին, փոլատին մէջ շարուած պարապ սկահակները կը թափթփին, շուարքներ եւայլն)։

Աչքդ կուրնայ, ջուրդ տաքցնիմ, գլխուդ վերեւ նստիմ, ասանկ անկրթութիւն լսուա՞ծ բան է, մարդը ի՞նչ ըսէ, սպասէ։

(Հրանուշ ալ ճարը հատած, ինքզինք վրայ կը բերէ որ համակերպութեան մը գայ։ Կը մոռցուի խահուէ տանելու պէտքը, որովհետեւ խահուէն անդին սրճեփին մէջ պահելով երկու սկահակ կար արդէն, անոնք ալ կտոր կտոր կ’ըլլան։ Պնակին վրայ պատրաստ անուշեղէն մը կը դնեն ու դուրս ելլելու կը պատրաստուին։ Հրանուշ պնակը ձեռքը առաջ ինքն է քալողը, ետեւէն մայրը, զգուշաւոր ու տոտիկ-տոտիկ, ու ահա ի՜նչ պատրանք։

Փառէն չիկայ իր տեղը, ուր միայն Ս. Գիրքը կ’երեւայ բացուած վիճակի մէջ։ Մայր ու աղջիկ քարացած իրարու երես կը նային վայրկեան մը առանց իսկ բառ մը փոխանակելու։

Յետոյ Ասլըխան ինքն է որ բարկութենէն կրակ դարձած՝ աղջկան երեսին կը նետէ բոլոր այն նախատինքները, հայհոյութիւնները, որ միտքէն կ’անցնէ)։ Տեսա՞ր հիմա, տեսա՞ր, տեսա՞ր…

(Հրանուշ չի խօսիր, որը իր յուզմունքէն փոլատին վրայ դրուած պնակիկը գետինը կը ձգէ. աս միեւնոյն վայրկեանին անդրադառնալով թէ՝ ամէն քայլափոխի ձախողանք մը կ’ելլայ դիմացը, ինքն ալ փոլատը գետինը կը զարնէ ու կ’երթայ անդին բարձի մը կուշտը կը կծկուի կը մտածէ, ձայն-ձուն չի հաներ ու մտքովը իրաւունք կուտայ մօրը, որ տակաւին դրդրալէն չէ դադրած)։

Բնտռէ որ գտնես հիմայ։ Ի՞նչ մեղդրել. ես ալ ըլլէի, անանկ չպիտի՞ ընէի։ Կօշիկը քաշեր, բացուեր է, իրաւունք ունէր, մէկ լեղի խահուէ մըն էր տարուելիքը, ան ալ չեղաւ։

Անանկ միտքէս կ’անցնի որ հիմայ ոտքիս տակ առնիմ հլոս-հլոս ընեմ. (դէպի աղջիկը) սեւ սիւլո՛ւկ, սեւ սիւլուկ։ Բախտդ ոտքով գայ, դուն ոտքովդ դուրս հրե՜ս։

Գնա՛ հիմա հոդ պատին հետ կպիր, պատին ծեփը եղիր, գնա՛ գնա՛։

ՀՐԱՆՈՒՇ (Արցունքին ապաւինած միայն, աչքերը կը սրբէ). Ա՜խ…

ԱՍԼԸԽԱՆ Ախով վախով սատկէիր, որ հոգիս պաղէր։

(Վայրկեան մը լռելէ ետքը, Հրանուշ ոտքի կ’ելլայ, մէյ մըն ալ Փառէնին նստած տեղին վրայ երթալով, հոն բաներ մը բնտռողի աչքով եւ գիրքը վեր կ’առնէ որ դարակը տեղաւորէ։ Գիրքը խբելէ առաջ, անգամ մը այն բացուած երեսին վրայ հետաքրքիր նայուածք մը կը պտտցնէ)։

ՀՐԱՆՈՒՇ Պարապ տեղը մեղքս կ’առնես։ (Մայրը չուզեր պատասխանել)։ Կը հասկնա՞ս եղածը, տգէտ կնի՛կ։ Աս գիրքը ո՞վ առաւ տեղէն. ո՞վ դրաւ առջեւը այսպէս, տե՛ս, մարդը ո՛ւր բացեր ի՞նչ կը կարդայ եղեր։

ԱՍԼԸԽԱՆ Ո՞ւր բացեր է, ի՞նչն էր կարդացածը, խօ՞սք գտար, չի՛ք։

ՀՐԱՆՈՒՇ Օտար տղայ մը, աղջկանդ պատմութի՞ւնը կարդայ, հա՞…

ԱՍԼԸԽԱՆ Ես սատանայ աղջկան հետ գործ չունիմ։

ՀՐԱՆՈՒՇ Տե՛ս, հոս ի՞նչ գրուեր է ու ի՞նչն է եղեր կարդացածը, չէի՞ր գիտեր, տունդ աւրի՜, կնիկ (կ’սկսի բարձր ձայնով կարդալ գիրքին այն ինչ երեսը, որ չի խբուելու համար մատը փաթը դրած էր։ Լմնցնելէ յետոյ գիրքը մէկ կողմ կը նետէ, յաղթական նայուածք մը մօրը երեսին)։

ԱՍԼԸԽԱՆ Մե՞ղք գործեցինք արդեօք, Հրանուշ, մե՞ղք գործեցինք, Ս. Գիրքը մեղքի միջոց ընտրած՝ այս անգամ ալ մեզ Ս. Գիրքը պատժեց։ Մեղա՜յ, մեղա՜յ…



[1]            Առջեւը կը գլտորկիս:

[2]            Գաւառացի աղջկան շպարն ալ արեւն ու կրակն են կ’երեւի: Մայրերու ճարպիկ մէկ տեսակը նշանուելիք աղջիկ մը հրապուրոտ երեւցնելու համար անոր նախ կրակ փչել կուտայ, որպէս զի գոյն գայ կամ կարմրագեղ գոյն մը պահէ երեսը վայրկենապէս: Ուրիշներ ալ իրենց աղջիկը իրկունը ճրագի լոյսով մը ցոյցի կը բերեն աղջիկտեսի եկող տղային առջեւ: Տգեղ աղջիկն ալ ճրագին առջեւ գեղեցիկ կ’երեւնայ: