Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՂՏԻԿ, ԼՈՒՍԻԿ

(Հեռագրատան պաշտօնեայ մը կ’երեւնայ յանկարծ, ոտքի վրայ Պաղտիկին հեռագիր մը կը յանձնէ ու լուռ անխօս կը մեկնի։ Պաղտիկ աս հեռագրին վրայ պահ մը իր նայուածքը պտտցնելէ ետքը, մտահոգ ու անճրկած երեւոյթով ձեռքին համրիչը կը քաշէ արագ-արագ ու մէկէն ձեռքը ծունկերուն զարնելով)։

ՊԱՂՏԻԿ Հապուսին [1] գնաց ձեռքէ, Լուսիկ, գնաց, գնաց։ Աչքդ լոյս։

ԼՈՒՍԻԿ (Կարեկցողի դէմք) Նորէ՞ն Իզմիրէն։         

ՊԱՂՏԻԿ Իզմիրէն, այո՛, ու՝ աս անգամ ալ պէ՞տք էր որ ըսէի գումարը։

ԼՈՒՍԻԿ Տէր ողորմեա՞…

ՊԱՂՏԻԿ 550 ոսկի նստաւ վրաս։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն ողջ կեցիր, ի՞նչ ընենք։ Մի՛ խրկեր (Կեղծ, միշտ կեղծ)։

ՊԱՂՏԻԿ Դատն ալ Պոլիս պիտի փոխադրուի։

ԼՈՒՍԻԿ Ականջս խլանար, ականջս, ականջս։

ՊԱՂՏԻԿ Աս է վիճակնիս, կ’ուզես խլացիր, կ’ուզես խաղցիր։

ԼՈՒՍԻԿ Չէ՞ր ըլլիր որ անգամ մը դուն երթայիր։

ՊԱՂՏԻԿ (Գլուխը ձեռքին մէջ, ուշ պատասխան) Երթա՜լ…

ԼՈՒՍԻԿ Տասը աղջիկ պահես, մէկ տղայ չի մեծցնես, բայց նորէն չանիծես, արի՛ մարդ, չանիծես, չանիծես, լեզուդ ժիր բռնէ։

ՊԱՂՏԻԿ (Ինքը իր դէմը) Վա՛յ, սրիկայ, վա՛յ շան ծնունդ։

ԼՈՒՍԻԿ Ինծի մտիկ ընես նէ, չես խրկեր։

ՊԱՂՏԻԿ Չես գիտեր ինչ կ’ըսես, կնի՛կ, չես գիտեր։

ԼՈՒՍԻԿ Վե՞րջը…

ՊԱՂՏԻԿ Երթամ, ակռայիս մէկն ալ քաշեմ, խալըսիմ, մէկ-երկու չարեկի տեղ մնաց միայն։

ԼՈՒՍԻԿ Ականջս խլանար, երկու աչքս ալ լոս չունենար։ Վա՛յ, գէշ տղայ։



[1]            Պաղտիկին ագարակը: