Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆՈՅՆԵՐԸ ՈՒ ՊՕՂՈՍ, ՀԵՂԻՆ

ՊԱՂՏԻԿ (Ոտքի վրայ, տոմարը մէկ կողմ նետած) Հրամեցէ՛ք, աղա Պօղոս, հրամեցէք։

ՊՕՂՈՍ Բարի իրկուն, ճանըս. ճշմարիտ որ շատ պիտի գանք, երթանք, բայց ո՞վ էր, չեմ գիտեր, հիւանդին քով երեւալը արգիլուած է ըսաւ…

ՊԱՂՏԻԿ Աղէկ ըսեր են, դուն ալ աղէկ լսեր ես։

ԼՈՒՍԻԿ (Սգաւորի երեւոյթով դէպի հիւրերը) Բարի եկար, Պօղոս աղա, Հեղին, դուն ալ բարի եկար, հոգի՛ս, իշտէ կ’երուայ հալերնիս։

ՀԵՂԻՆ Ըսին որ հիւանդը կը նեղուի եկող-գացողէ։

ԼՈՒՍԻԿ Դրացինը դրացնին տունը կ’երթայ, կուգայ, Հեղի՛ն։

ՀԵՂԻՆ Ինտո՞ր է. բան-ման կ’առնէ՞ բերանը։

ԼՈՒՍԻԿ Շաբաթ մըն է որ եզայ վաստակ [1] չէ աղցեր ակռային տակ։

ՀԵՂԻՆ (Գօտիին փաթէն մէկ-երկու տանձ կը հանէ). Տանձը աղէկ է կ’ըսեն։ (Կը տեղաւորէ հիւանդին բարձին քով)։

ԼՈՒՍԻԿ Շնորհակալ եմ, քուրո՛ւկ, Աստուած մէկիկդ պահէ (աս միեւնոյն ատեն Պաղտիկն ու Պօղոսն ալ իրենց խօսուըռտուքին մէջ)։

ՊԱՂՏԻԿ Ես համ չառի աշխարհքէն, Պօղո՛ս. հարստութիւն ունենաս, մէկ տէրտ, չունենաս, կամ կորսնցնես, ուրիշ տէրտ։ Ասանկ ալ ահա, էֆէնտիմ, զաւակ-ունենալ չունենալն ալ անհասկնալի ցաւ մըն էր։

ՊՕՂՈՍ (Խօսքը հիւանդին վրայ) Դե՜ղ, բժի՜շկ։

ՊԱՂՏԻԿ Դեղը, բժիշկը ի՞նչ կ’ընէին որ, Պօղոս, աղա՛ս…

ՀԵՂԻՆ (Անդիի խօսքին արձագանգ ըլլալով) Մեա՛, իրա՞ւ որ հէքիմ չէք բերեր։

ԼՈՒՍԻԿ Չի լսեցի՞ր, ինչ ըսաւ մեր խելացին, ես ըզիս բզքտեցի, կերայ, ան նորէն իր խօսքը…

ՀԵՂԻՆ (Արգահատանք) Վո՛ւշ, վո՛ւշ, վո՛ւշ։

ԼՈՒՍԻԿ Է՜հ, ի՛նչ կ’ըսես հապա, Հեղին, Աստուած ինծի մէ՞կ տէրտ տուեր է կը կարծէք։ Էրիկ մը որ հայուար [2] կ’ըսեմ ինք քրդերէն կը հասկնայ։ Իմ մեղքէն, իմ մեղքս…

ՀԵՂԻՆ Իրաւ, հէքիմն ալ հոգի չի տար ամմա, է՛հ, թող ըլլի, վերջի մնացողին աղէկ է։ Հիչ նշանածը կը բնտռէ՞, Լուսիկ, ֆարղին չե՛ս գացեր (աս խօսքերը ցածկեկ)։

ԼՈՒՍԻԿ Մի՛ ըսեր, մի՛ ըսեր, եարաս մի՛ խառներ, Հեղին, պատմութիւննիս գիտէք թէ՝ աշխրքին բերանը եղաւ։

ՊԱՂՏԻԿ Դժոխքն ալ, արքայութիւնն ալ աս աշխարհքն է եղեր, Պօղո՛ս, սիրելիս։

ՊՕՂՈՍ Աստուած շատ տեղ իր սիրածները կը չարչրկէ, աղա՛ս։

ՊԱՂՏԻԿ Ո՛չ ան սէրը, ո՛չ աս չարչարանքը, ա՛ խուզում։ Հարստութիւն՝ փճացաւ. պատիւ՝ գնաց, տղայ մը՝ ան ուրիշ տեսակ մը մեռաւ ու մեռցուց մեզ։ Աս մէկն ալ (աղջիկը) ահա աչքերնուս առջեւը, ա՛ս վիճակին մէջ։ Օ՜ֆ, պապա դրացիս, պու նէ՛ չէքիլմէզ տէրտլէր (ոտքի վրայ, վեր վար)։ Ալ աս չափին անունը սէր կամ հէննէք չէր ըսուիր։

  ՊՕՂՈՍ Մենք չենք հասկնար ատոնք, աղա դրացիս, ինտոր չենք հասկնար թէ՝ մեր պէտքն ի՜նչ էր որ ստեղծուեր ենք։ Միայն՝ սա՛ է ճշմարիտը թէ՝ բրուտը իր խաւեակը [3] շինելէ ետքն է որ վայրկեան մըն ալ թրզելու կը դնէ։ Հարցուր թէ՝ ինչո՞ւ կ’ընես այդպէս շատպարզ պատասխան մը, ինչ որ հիմա յիշելն աւելորդ է կարելի է, բայց, վստահաբար կաւագործին ըրածը դէպի իր շինած ամանը ո՛չ քմայք է, ո՛չ թշնամութիւն։

ՊԱՂՏԻԿ Էօ՛ֆ, Պօղոս, էօ՛ֆ (սրտնեղած)։

ՊՕՂՈՍ Մի՛ նեղուիր, խնդրեմ, իմ փափաքս էր որ քիչ մը հրամանքդ մխիթարած ըլլայի։ Անուշ պարտականութիւն մը՝ կամ՝ աւելի շիտակը, ես հիմա է որ քեզ շատ պիտի սիրեմ։

ՊԱՂՏԻԿ Պունտան պէօլէ տահա բան չի բռներ հոս։ (Գլուխը ցուցնելով) Անցած ձմերուկի [4] մը պէս ճըլխ [5] եղեր է, բան չի բռներ։

ՊՕՂՈՍ Մտիկ ըրէ՛ որ ըսեմ թէ՝ աշխարհքին բաները իրարու հետ մօտիկ յարաբերութեան մէջ են՝ մէկը արդիւնք է, միւսն ալ պատճառ մըն է։

ՊԱՂՏԻԿ Չեմ լսեր, չեմ ուզեր, ի՞նչ ըսել կ’ուզես, էֆէնտիմ, չեմ լսեր, վէսսէլամ։

ՊՕՂՈՍ Քանի որ պարտք մըն է կատարածս, չուզես ալ պիտի ըսեմ թէ՝ արեւուն տակ, ամէն ինչ որ կայ, որոնց մենք դժբախտութիւն, թշուառութիւն ու դեռ չը գիտեմ ի՛նչ անուններ կուտանք, մեղքէն կը ծնին։ Յիշէ, սիրելի՛ս, թէ՝ դուն քու կենացդ բոլոր օրերը ի՛նչպէս անցուցիր։ Քալելու ատենդ չի լսեցի՞ր անէծքները, որ ետեւէդ կը խրկուէին, չի լսեցի՞ր լացողները, քու իսկ լացուցածներուդ աղաղակը, չի տեսա՞ր գոցուած դռուըները, որ ա՛լ իրենց ծխնիներուն վրայ երբեք չէին ճռնչեր։ Անօթի ընտանիքները, բոբիկ, գլխիբաց պզտիկներու խումբերը փողոցին մէջ, պատառ մը գարի ու կորեկ հացին կարօտովը մեռելացած, բնաւ չի հանդիպեցա՞ն աչքերուդ։ Է՛հ, եղբա՛յր, չե՞ս հաւտար որ՝ ասոնք օր մը մէկտեղուած՝ մէկը իր էրած սրտին մուրովը, ուրիշ մը իր վիրաւոր հոգուն արիւնովը բողոք գրէին Աստծու, քու անունդ տային, ու լսուէր վերէն։ Մե՛ղքը, մե՛ղքը, մե՛ղքը։ Խօսք մըն ալ քեզի, Լուսի՛կ քոյրս։ Ընդունէ որ կին մը ընտանիքին կէսէն աւելի կ’արժէ, եթէ չըսեմ ամբողջութիւնը։ Այսպէս ընդունէ որ խոհեմ, պարկեշտ կնիկը, ինչպէս մեծ իմաստունը կ’ըսէ, իր տունը շիներ է, յիմարն ալ զայն իր ձեռքովն է կործաներ։ Ես կը կարծեմ որ աս եղածներուն մէկ պատասխանատուն՝ ու կարելի է՝ առաջին պատասխանատուն դուն ինքդ պիտի ըլլաս։ Ցաւալի յայտնութիւն, բայց նաեւ ճշմարիտ յայտնութիւն մը, որ միայն իմ՝ իբր քրիստոնեայ դրացի, անկեղծութիւնս պիտի կրնար քու ուշադրութեանդ առարկայ դարձնել։ Ազգերը իրենց օրէնքներն ունին, ժողովուրդները իրենց ներդաշնակութեան փոխադարձ պայմաններն ունին, ընտանիք մըն ալ իր կարգին իր ընդունուած կազմակերպութեան մէջ, համտէրտ, համերաշխ, միութեան անմեռ քաղցրութիւնը պէտք է պահէ։ Էրիկ մը մոլորանքի մէջ, էրիկ մը՝ տգիտութեան մէջ, էրիկ մը՝ այս ինչ շեղումով, գայթելու վրայ ու ան ինչ անխոհեմութիւնով երբեմն իր անտանելիութեան մէջ, էրիկ մը ցորեկի լոյսէն յետոյ, գիշերը իր քուն վիճակի մէջ, վերջապէս էրիկ մը՝ ծերութեան ու էրիկ մը աղքատութեան մէջ, երբեք պատճառ մը չպիտի ըլլար որ կինը ատ երեւոյթները իր հաշուոյն ծառայեցնելու յիմարութիւն ընէր։ Չեմ գիտեր թէ կրնա՞մ հասկցնել միտքս։ Ինքը միեւնոյն իմաստունն է ըսողը թէ՝ աս արեւուն տակ չորս բան կայ որ չեմ գիտեր, «օդին մէջը՝ արծիւին ճամբան, ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, ծովուն մէջը՝ նաւին ճամբան»։ Շնացող կնկան ճամբան այնպէս է, կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ եւ չարութիւն չըրի կ’ըսէ։ Տէրը զգաստ, իմաստուն կեանքի մը շնորհքներովը պահէ մեզ բոլորս։ Է՛հ, երթանք, Հեղին։

ՀԵՂԻՆ Երթանք։

ՊՕՂՈՍ Մնաք բարի։ Աստուած հիւանդին լաւութիւն տայ։

ՀԵՂԻՆ Մնաս բարի։ Լուսի՛կ, շատ հոգ ընելու չի գար, քուրո՛ւկ։ Թեթեւ տոշակ ըլլի, Աստուած ապաշխարանք համարէ։

ԼՈՒՍԻԿ (Ընկճած ձայն) Բարի՛ եկաք, բարի երթաք։



[1]            Եզայ վաստակ հատեղէն կերակուր: Շաբաթ մըն է որ սնունդ չէ առեր ըսել է:

[2]            Հայերէն:

[3]            Հողեղէն փարչ:

[4]            Անցած ձմերուկ հինցած ձմերուկ որ երկար պահելով մէջը կը փտի կամ ջուր կը դառնայ:

[5]            Ճըլխ եղեր է ջրացեր է: