Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայր ու մայր չունէր անիկա, այլ ծերունի մեծ հայր մը, Ակնէն եկած կարծեմ ու հացագործութեամբ հարստացած որ մինչեւ վերջը վրան գուրգուրաց եւ որուն մէկ հատիկն էր։ Այս երկու անչափահասութիւնները, մէկը՝ տարիքին անբաւականութենէն առաջ եկած՝ Յակոբիկինը, միւսը՝ տարիքին սահմանազանցութեան բղխած՝ իր հաւինը, զիրար գտեր ու հասկցեր էին միշտ։ Իրենց Պէշիկթաշի տանը մէջ՝ քսան սենեակով, ընդարձակ պարտէզով տուն մը՝ մերինին դրացի, միս մինակ երկուքն էին։ Հոն ամեն բան իրմէ կախում ունէր միայն, իր մանկական դատաստանէն։ Եթէ իրաւ է որ զբօսանքը շռայլուելով կը դադրի զբօսանք ըլլալէ, Յակոբիկ իր տղայութեան ատեն ճանչցաւ Ձանձրոյթը, յագուրդէ եկող Ձանձրոյթ, աշխարհիկ յաջողութիւնները արհամարհելու մերձաւոր։ Իր տարիքին յատուկ խաղերը շատոնց վայելած ու մէկդի նետած էր կոտրած խաղալիկներու պէս, երբ մենք ամեն մէկս ատոնց մէջ գերագոյն երջանկութիւնը կը տեսնէինք։

Յակոբիկ անոր համար միայն վարժարան եկաւ, որովհետեւ սովորութիւն մըն էր ասիկա եւ որովհետեւ տունը մինակ մնալով սիրտը պիտի նեղանար։

Աչքիս առջեւն է իր նիհար բայց աղուորիկ դէմքը լուսնկայի կլորութիւնով ու բերնին, թուշին, ճակտին գրեթէ կնոջական գիծերը, այնքա՜ն նուրբ, այնքա՜ն փափուկ։ Խարտեաշ մազերը միշտ սանտրած ու երկուքի բաժնուած գլխուն վրայ։ Հիւանդագին շնորհ մը վրան սփռուած որ պահպանութեան կոչում մըն էր կարծես։ Տասնըչորս տարու էր այդ միջոցին։ Անհնարին ծուլութիւնով ծոյլ մը սակայն իր դասերուն մէջ։ Բացի անգործութենէն, որուն մէջ նորէն զարտուղի կերպով՝ բայց իրական ձիրքով օժտուած էր, յետինն էր ամեն ուսումներու մէջ։ Ծաղրանկարի վարպետ մը միայն. տնտեսէն սկսելով մինչեւ տնօրէնը, իրենց պատկերները ապահով էին գտնելու պատերուն վրայ՝ մատիտով, երբեմն ալ ածուխի մը ծայրով գծուած։ Հարուստի զաւակ ըլլալուն՝ իր յանցանքները, քրէական մեզ ամենուս համար, ներողամիտ խրատներէ ուրիշ հետեւութիւն մը ունեցած չէին։

Իր վտիտ կազմին հակառակ՝ ճապուկ ու ճկուն տղայ մըն էր, պարագլուխը մեր ամեն անկարգութեանց ու մեր տղայական ըմբոստութիւններուն։ Ինչպէ՞ս կուզէք որ ասանկ տղայ մը չսիրուէր մենէ։ Օրերով բացակայ կը մնար դպրոցէն. այդ միջոցին նոր զբօսանքի մը, երբեմն նոր մարզանքի մը հետամուտ էր եւ որուն մէջ իսկոյն գերազանց կը հանդիսանար։ Մասնաւորապէս կը յիշեմ կիրակի օր մը երբ Օխլամուրի կողմը հանդիպեցայ իրեն. ձի հեծեր էր, ամեհի նժոյգ մը զոր պչրող ամազոնի մը պէս խաղցնելով կը վարէր։ Աղջիկները խենթ ըլլալու էին իրեն համար. այդ օրը նախանձեցայ իր վրան։ Ատեն մըն ալ որսորդութեան սէր տուաւ. իր հագուստը կապուստը, զէն ու զարդը, պատմած պատմութիւնները ամենուս բերնին ջուրերը վազցուցին։

Այս լիաբուռն վայելքը կեանքին, որ շնորհուած էր իրեն մեր ցաւատանջ դպրոցականութեան ճիշդ դէմը, դառնութիւն մը չդրաւ երբեք մեր ներսը, այնքա՜ն կը վայլէր իրեն անիկա, այնքա՜ն շնորհալի կ՚ըլլար ատով։

Կը հաւատամ որ շատ մը բաներու մէջ վայլեցնելը՝ մեծ ու գուցէ ճշմարիտ Արդարացումն է։

Վարժարանի կեանքէն վերջը կորսնցուցի զինքը. ես նոր ուսանողութեան շրջանի մը մէջ նետուեցայ. անիկա բուն կեանքին մէջ թեւակոխեց իսկոյն։

Պատանութենէն իր մուտքը երիտասարդութեան մէջ՝ շքեղ եղաւ։ Ծերունի հաւը մեռեր էր մեծ հարստութիւն մը ձգելով իրեն, պատրաստ դրամէ, կարգ մը կալուածներէ ու շատ մըն ալ առնելիքներէ բաղկացած։ Ուրիշ մը իր տեղը՝ այս ժառանգութիւնը հաշուելու, ժողվելու, կարգի բերելու պիտի նայէր։ Ասանկ յիմարութիւն մը չանցուց մտքէն բնաւ։ Ունեցածը ծայրէն սկսաւ վատնել, նախ պատրաստ դրամը, յետոյ կալուածները մի առ մի ծախելով. առնելիքները ձգեց պարտականներուն ու չփնտռեց զանոնք, նոյն իսկ երբոր աղքատացաւ։ Պէշիկթաշ իր մեծ հօր տունը բնակեցաւ միշտ, նախապաշարում ըսէ կամ յարգանք անոր յիշատակին։ Գիշեր չեղաւ որ Բերա չերթար, հաճոյքի զբօսանքի արուարձանը, նոր տարփուհիներու ետեւէն։ Բայց իր փճացումին ու զեղխութեանցը մէջ անգամ միշտ ուրոյնութիւն մը ունէր, վէս ու տոհմիկ բան մը, ինչ որ, եթէ ուշադրութիւն ըրած էք երբեք, մեր գաւառացիներու զաւակներուն մէջէն՝ Ակնէն եկող սերունդին վրայ միայն կը նշմարուի։