Քանի 
  
   որ 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոսի 
  
   նշխարաց 
  
   մէկ 
  
   մասը 
  
   կը 
  
   մնար 
  
   Սիոնի 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   մէջ, 
  
   կանոնական 
  
   պարագայ 
  
   մ’էր 
  
   որ 
  
   անոր 
  
   վրայ 
  
   քրիստոնեայք 
  
   կառուցանեն 
  
   վկայարան 
  
   մը, 
  
   մասանց 
  
   փոխադրութենէն 
  
   վերջը. 
  
   բայց 
  
   այս 
  
   մատուռը, 
  
   ինչպէս 
  
   նաեւ 
  
   Ս. 
  
   Քաղաքի 
  
   բոլոր 
  
   եկեղցիները 
  
   եւ 
  
   վանքերը, 
  
   614-ին, 
  
   հրդեհի 
  
   եւ 
  
   կործանման 
  
   ենթարկուեցան 
  
   Պարսից 
  
   արշաւանքներէն, 
  
   որ 
  
   երկրակալութենէն 
  
   աւելի, 
  
   Մօրիկ 
  
   կայսեր 
  
   համար 
  
   վրէժխնդրական 
  
   պոռթկում 
  
   մըն 
  
   էր, 
  
   եւ 
  
   ընչաքաղցութեան 
  
   ծարաւ 
  
   մը 
  
   Խոսրով 
  
   Բ. 
  
   ի 
  
   զինուորներու 
  
   կողմէն. 
  
   300է 
  
   աւելի 
  
   տաճարներ 
  
   քանդուեցան 
  
   եւ 
  
   հազարաւոր 
  
   մեռեալնր 
  
   եւ 
  
   վիրավորներ 
  
   դիտապաստ 
  
   ինկան 
  
   Երուսաղէմի 
  
   փողոցներուն 
  
   մէջ. 
  
   Զաքարիա 
  
   պատրիարք 
  
   գերի 
  
   տարուած 
  
   էր 
  
   Տիզբոն 
  
   Քրիստոսի 
  
   Ս. 
  
   Խաչին 
  
   հետ: 
  
   Նորագիւտ 
  
   արաբերէն 
  
   յիշատակարան 
  
   մը 
  
   մանրամասն 
  
   կը 
  
   հաղորդէ 
  
   թիւերն 
  
   այն 
  
   մեռելոց, 
  
   որ 
  
   անթաղ 
  
   կը 
  
   մնային 
  
   քաղաքին 
  
   փողոցներու 
  
   մէջ 
  
   եւ 
  
   Թովմա 
  
   անուն 
  
   քրիստոնեայ 
  
   մը, 
  
   իր 
  
   կնոջ 
  
   հետ, 
  
   կը 
  
   փութայ 
  
   թաղել 
  
   մեռելները: 
  
   Նոյն 
  
   իսկ 
  
   չէին 
  
   խնայուած 
  
   Սիոնի 
  
   հին 
  
   եկեղեցիները, 
  
   անոնց 
  
   հետ 
  
   նաեւ 
  
   Վերնատան 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   (Revue 
  
   Biblique 
  
   1897, 
  
   էջ 
  
   156): 
  
   Զաքարիայի 
  
   յաջորդ 
  
   Մոտեստոս 
  
   ջանաց 
  
   քիչ 
  
   ժամանակի 
  
   մէջ 
  
   վերականգնել 
  
   կործանած 
  
   եւ 
  
   այրեացաւեր 
  
   գլխաւոր 
  
   եկեղեցիները, 
  
   մանաւան 
  
   Սիոնի 
  
   թաղը, 
  
   ուր 
  
   վերաշինեց 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոսի 
  
   եկեղեցին 
  
   որու 
  
   մասին 
  
   հետեւեալ 
  
   տեղեկութիւնները 
  
   կը 
  
   քաղենք 
  
   քրիստոնեայ 
  
   հնախօս 
  
   Լըքլերի 
  
   յօդուածէն 
  
   (տե'ս 
  
   Dictionnaire 
  
   d'Archéologie 
  
   chrétienne 
  
   et 
  
   de 
  
   Liturgie, 
  
   655-668): 
  
   Մոտեստոսի 
  
   վերաշինութենէն 
  
   յետոյ, 
  
   670ին, 
  
   առաջին 
  
   անգամ 
  
   գաղիացի 
  
   Արգուլֆ 
  
   եպիսկոպոսն 
  
   է 
  
   որ 
  
   կը 
  
   նշանակէ 
  
   Սիոնի 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոսը 
  
   իր 
  
   «Ուղեգրութեան» 
  
   մէջ, 
  
   եւ 
  
   կ’ընծայէ 
  
   մեզ 
  
   գեղեցիկ 
  
   նկարագրութիւն 
  
   մը 
  
   եւ 
  
   թանկագին 
  
   յատկագիծ 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   համաձայն, 
  
   Ս.
  
   Ստեփանոսը 
  
   կը 
  
   յիշուի 
  
   իբր 
  
   կցորդ 
  
   եկեղեցի, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   այդ 
  
   թուականին 
  
   տակաւին 
  
   չէր 
  
   անջատուած 
  
   Վերնատան 
  
   եկեղեցիէն: 
  
   Անգլիացի 
  
   Բէդ 
  
   պատկառելին 
  
   (720) 
  
   եւ 
  
   Վիլլիպալտ 
  
   (723-726) 
  
   տեղեկութիւններ 
  
   ունին 
  
   Նախավկային 
  
   նոյն 
  
   մատրան 
  
   վերաբերմամբ: 
  
   Բայց 
  
   կը 
  
   թուի 
  
   թէ` 
  
   808ին 
  
   այլեւս 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   անջատված 
  
   էր 
  
   Սիոնի 
  
   Մայր 
  
   եկեղեցիէն, 
  
   եւ 
  
   մասանց 
  
   փոխագրութեամբ 
  
   վերաշինուած 
  
   էր 
  
   Յովսափատի 
  
   վանքերու 
  
   շարքին: 
  
   Լատին 
  
   յիշատակարան 
  
   մը, 
  
   Commemoratorium 
  
   de 
  
   casis 
  
   Dei 
  
   խորագրով, 
  
   որ 
  
   տեսակ 
  
   մը 
  
   ցուցակ 
  
   է 
  
   վանօրէից 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   պարունակէ 
  
   մէն 
  
   մի 
  
   վանքի 
  
   վանականաց 
  
   նոյն 
  
   ժամանակի 
  
   (808) 
  
   վիճակագրութիւնը, 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   դասաւորէ 
  
   Յովսափատի 
  
   ստորոտէն 
  
   համրելով` 
  
   մինչեւ 
  
   Սիոն 
  
   գտնուած 
  
   վանքերը: 
 
       
  
   Ս. 
  
   Ղեւոնդէս 
  
   1 
  
   քահանայ 
 
        
  
   Ս. 
  
   Յակոբ 
  
   1 
  
   » 
 
        
  
   Ս. 
  
   Քառասունք 
  
   3 
  
   » 
 
        
  
   Ս. 
  
   Քրիստափոր 
  
   1 
  
   » 
 
        
  
   Ս. 
  
   Անկիւլինէ 
  
   1 
  
   » 
 
        
  
   Ս. 
  
   Կիրակոս 
  
   1 
  
   » 
 
        
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   3 
  
   » 
  
   եւ 
  
   15 
  
   բորոտ 
 
        
  
   Ս. 
  
   Դոմետիոս 
  
   1 
  
   » 
 
        
  
   Այս 
  
   մեծ 
  
   ու 
  
   պզտիկ 
  
   վանքերը 
  
   անտարակոյս, 
  
   ամէնքն 
  
   ալ, 
  
   Սիոնէն 
  
   դէպի 
  
   Յովսափատ 
  
   նայող 
  
   բլուրին 
  
   վրայ 
  
   հոս 
  
   եւ 
  
   հոն 
  
   ցրուած 
  
   էին. 
  
   եւ 
  
   որովհետեւ 
  
   ուղեգիրը 
  
   Յովսափատի 
  
   ձորէն 
  
   սկսած 
  
   է 
  
   իր 
  
   դասաւորումը, 
  
   այնպէս 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   թէ 
  
   ամէնքն 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   գտնուաին 
  
   Յովսափատ, 
  
   մինչ 
  
   իրականին 
  
   մէջ, 
  
   անոնցմէ 
  
   ոմանք, 
  
   ինչպէս 
  
   նաեւ 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   շինուած 
  
   էին 
  
   Սիոնի 
  
   մէջ, 
  
   եւ 
  
   արդէն 
  
   15 
  
   բորոտներու 
  
   յիշատակութիւնն 
  
   ալ 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   ՍՏեփանոսի 
  
   վանքը 
  
   կառուցուած 
  
   էր 
  
   Դաւթի 
  
   դրան 
  
   մոտ, 
  
   տեղափոխուած 
  
   է 
  
   քաղաքէն 
  
   դուրս: 
  
   Այս 
  
   ապացոյցներու 
  
   հանդէպ 
  
   յայտնի 
  
   սխալ 
  
   մըն 
  
   է 
  
   Հ. 
  
   Լակրանժի 
  
   ա'յն 
  
   ենթադրութիւնը 
  
   որով 
  
   կը 
  
   ջանայ 
  
   սխալ 
  
   մըն 
  
   է 
  
   Հ. 
  
   Լակրանժի 
  
   ա'յն 
  
   ենթադրութիւնը 
  
   պատշաճեցնել 
  
   Երուսաղէմի 
  
   պարսպէն 
  
   դուրս, 
  
   Եւդոկսիա 
  
   թագուհին 
  
   շինած 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   (տե'ս 
  
   Saint 
  
   Etienne 
  
   et 
  
   son 
  
   sanctuaire 
  
   à 
  
   Jérusalem, 
  
   էջ 
  
   83): 
  
   850ին 
  
   ալ, 
  
   գաղիացի 
  
   Բեռնարդոս 
  
   վանականը 
  
   կը 
  
   տեղեկացնէ 
  
   թէ 
  
   Սիոնի 
  
   մէջ 
  
   կար 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   անուամբ 
  
   եկեղեցի 
  
   մը, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   գտնուէր 
  
   Վերնատան 
  
   Եկեղեցւոյն 
  
   արեւելեան 
  
   կողմը. 
  
   իր 
  
   խօսքերն 
  
   են 
  
   հետեւեալները. 
  
   «Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   Սիոնի 
  
   Մայր 
  
   Եկեղեցւոյն 
  
   ձախ 
  
   կողմը 
  
   կը 
  
   գտնուի. 
  
   ա'յն 
  
   լերան 
  
   վրայ, 
  
   որուն 
  
   ստորոնտն 
  
   է 
  
   Ակաղտամայն 
  
   - 
  
   Գեօղ 
  
   արեան, 
  
   ուր 
  
   կայ 
  
   օտարականաց 
  
   գերեզմանը». 
  
   1145ին, 
  
   1360ին, 
  
   երկու 
  
   անանուն 
  
   ուղեւորներ 
  
   եւս, 
  
   մէկը 
  
   սլաւ, 
  
   կը 
  
   յիշատակեն 
  
   Սիոնի 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   եկեղեցին: 
  
   Այս 
  
   օտար 
  
   յիշատակարաններն 
  
   որքան 
  
   որ 
  
   ունենան 
  
   իրենց 
  
   անորոշ 
  
   կողմերը, 
  
   սակայն 
  
   եւ 
  
   այնպէս 
  
   անոնք 
  
   հիմնապէս 
  
   միաձայն 
  
   են 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   հաստատ 
  
   են 
  
   Սիոնի 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոս 
  
   վանքը: