Էլ-Պիրէհ 
  
   Նապլուսի 
  
   ճամբուն 
  
   վրայ, 
  
   Երուսաղէմէն 
  
   դէպի 
  
   հիւսիս, 
  
   16 
  
   քիլոմեդր 
  
   հեռի 
  
   գիւղ 
  
   մըն 
  
   է. 
  
   Հին 
  
   Կտակարանի 
  
   Պէրօթն 
  
   է 
  
   ան, 
  
   Բենիամինի 
  
   ցեղին 
  
   քաղաքներէն 
  
   մին 
  
   (Յեսու 
  
   Թ. 
  
   17): 
  
   Այս 
  
   գիւղին 
  
   մօտ, 
  
   Ռամայի 
  
   եւ 
  
   Բեթելի 
  
   մէջ, 
  
   Դեբովրա 
  
   մարգարէուհին 
  
   կը 
  
   դատէր 
  
   Իսրայէլի 
  
   ժողովուրդը 
  
   (Դատ. 
  
   Դ. 
  
   4): 
  
   Մարինոս 
  
   կը 
  
   կարծէ 
  
   թէ 
  
   («Պատմ. 
  
   Ս. 
  
   Երկրի» 
  
   հայ. 
  
   թարգմ. 
  
   Ա. 
  
   Հտր. 
  
   էջ 
  
   395) 
  
   Էլ-Պիրէհ 
  
   գիւղը 
  
   Մաքմասն 
  
   է, 
  
   որ 
  
   տարբեր 
  
   գիւղ 
  
   մըն 
  
   է, 
  
   դէպի 
  
   արեւելք: 
  
   Ըստ 
  
   իր 
  
   ասութեան, 
  
   Յերոնիմոս 
  
   կը 
  
   յիշատակէ 
  
   զայն 
  
   իր 
  
   «Տեղիք 
  
   Եբրայեցւոց» 
  
   անուամբ 
  
   գրքին 
  
   մէջ, 
  
   իբր 
  
   մեծ 
  
   գիւաղքաղաք 
  
   մը: 
  
   Այժմ 
  
   Էլ-Պիրէհ 
  
   հազար 
  
   բնակչօք 
  
   գիւղ 
  
   մըն 
  
   է, 
  
   եւ 
  
   շինուած 
  
   ժայռոտ 
  
   բլուրի 
  
   մը 
  
   գագաթ, 
  
   որուն 
  
   ստորոտը 
  
   կը 
  
   գտնուի, 
  
   ճանապարհին 
  
   մօ 
  
   տիկ, 
  
   առատահոս 
  
   աղբիւր 
  
   մը` 
  
   որուն 
  
   վրայ 
  
   կառուցուած 
  
   է 
  
   մզկիթ 
  
   մը: 
 
       
  
   Բայց 
  
   Էլ-Պիրէհ 
  
   պատմական 
  
   աւելի 
  
   մեծ 
  
   հռչակ 
  
   մը 
  
   ստացած 
  
   է 
  
   ա'յն 
  
   աւանդութեան 
  
   համաձայն, 
  
   թէ 
  
   ան 
  
   եղած 
  
   է 
  
   այն 
  
   տեղը, 
  
   ուր 
  
   Ս. 
  
   Կոյսը 
  
   կը 
  
   կարծէր 
  
   թէ 
  
   Յիսուս 
  
   Մանուկը, 
  
   Զատկի 
  
   տօնը 
  
   Երուսաղէմի 
  
   մէջ 
  
   կատարելէ 
  
   յետոյ, 
  
   ուրիշ 
  
   ուղեկիցներուն 
  
   հետ 
  
   մեկնած 
  
   էր. 
  
   հո'ն 
  
   ծանօթներուն 
  
   եւ 
  
   դրացիներուն 
  
   մէջ 
  
   փնտռուեցաւ 
  
   ան, 
  
   բայց 
  
   չգտնուելով` 
  
   իր 
  
   ծնողք 
  
   դարձան 
  
   Երուսաղէմ 
  
   (Ղկս. 
  
   Բ. 
  
   42-51): 
  
   Էլ- 
  
   Պիրէհ 
  
   առաջին 
  
   կայանն 
  
   էր 
  
   Երուսաղէմի 
  
   մօտիկ. 
  
   Զատիկ 
  
   առթիւ 
  
   ուխտի 
  
   եկող 
  
   Հրէայք 
  
   հո'ն 
  
   կը 
  
   հաւաքուէին 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   միանային 
  
   խմբովին 
  
   ճամբորդելու 
  
   համար. 
  
   հո'ն 
  
   կար 
  
   նաեւ 
  
   իջեւան 
  
   մը, 
  
   Սամարիա 
  
   եւ 
  
   Գալիլիա 
  
   մեկնողներուն 
  
   համար: 
  
   Դ. 
  
   դարուն 
  
   քրիստոնեայ 
  
   ջերմեռանդութիւնը 
  
   հաւանաբար 
  
   եկեղեցի 
  
   մը 
  
   հիմնած 
  
   էր 
  
   հոն, 
  
   յանուն 
  
   Տիրամօր 
  
   Ս. 
  
   Կուսին, 
  
   մշտնջենաւորելու 
  
   համար 
  
   աւետարանական 
  
   այդ 
  
   դրուագը: 
  
   Ըստ 
  
   Յերոնիմոսի, 
  
   Հեղինէ 
  
   թագուհին 
  
   է 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցւոյ 
  
   առաջին 
  
   հիմնադիրը: