ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1 . Աւետարանի մէջ կը յիշատակուին Իւղաբեր կանայք որ Գալիլիայէն գլով կ’ընկերանային Յիսուսի եւ կ’սպասաւորէին Անոր. անոնց գլխաւորն էր Մարիամ Մագդաղենացին. միւս Մարիամը` որ կ’ըսուի նաեւ Մարիամ Յակոբայ, Սողովմէ` մայր որդւոցն Զեբեդեայ, ըստ Ղուկասուն նաեւ, Յովհաննա Հերովդէսի հազարապետ Քուզայի կինը` եւ ուրիշ կիներ, որոնց մէջ, դարձեալ Ղուկասու համաձայն, կը գտնուէր Շուշան. ահա ասոնք այն կիներն էին որ Տէրը կը հոգային եւ կը ծառայէին Անոր: Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ հեռուէն կը դիտէին շատ կիներ, որոնց մէջ կային այս յիշուածներէն ոմանք: Յովսէփ Արիմաթացին «սուրբ կտաւնարով» պատեց Յիսուսի մարմինը եւ թաղեց նոր գերեզմանի մը մէջ եւ այն գերեզմանին դուռը կափարիչ քարով մը մը փակելէ յետոյ մեկնեցաւ: նոյն միջոցին հոն կը գտնուէին Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամն եւ կը նստէին հանդէպ գերեզմանին (Մատթ. ԻԷ. 55-61): Իսկ Մարկոս (ԺԶ. 1-9) եւ Ղուկաս (ԻԳ. 55-56) կը գրեն թէ նոյն կանայք խնկեցին եւ օծեցին Յիսուսի մարմինը. միաշաբաթի օրը արեւագալին գերեզման գնացին, եւ տեսան որ գերեզմանի մեծ քարը մէկդի առնուած էր. եւ երբ գրեզման մտան հրեշտակը աւետեց անոնց թէ Յիսուս յրութիւն առած է եւ թափուր գերեզմանը ցոյց տալով պատուիրեց անոնց որ լուկր տան աշակերտներուն: Իւղաբեր կանայք երբ լսեցին այս լուրը տան աշակերտներուն: Իւղաբեր կանայք երբ լսեցին այս լուրը վախցան ու փախան գերեզմանէն եւ մէկու մ'ալ խօսք մը չըրին: Յարուցեալ Յիսուսը առաւօտուն` առաջին միաշաբաթին` երեւցաւ Մարիամ Մագդաղենացիին եւ ան գնաց պատմեց անոնց` որ իրեն հետ էին, կուլային ու կը սգային (Տե'ս նաեւ Յովհ. Ի. 1-2, 11-18): Իւղաբեր կանանցմէ ոմանք կըվ յիշատակուին նաեւ Յիսուսի խաչին մօտ, երբ անոնք Տիրամօր հետ արտասուաթոր աչքերով կը դիտէին խաչեալ Յիսուսը (Յովհ. ԺԹ. 25-27): Յարուցեալ Փրկիչը երեւցաւ նաեւ Իւղաբեր կանանց ու ըսաւ «Ողջ էք. եւ նոքա մատուցեալ կալան զոտս նորա եւ երկիրպագին նմա» (Մատթ. ԻԸ. 9-10): Աւետարանի պատմութեան մէջ Իւղաբեր կանայք այսչափով միայն կը յիշատակուին, բայց ինչպէս յիշուեցաւ վերեւ, անոնք կատարեալ անձնաւորութեամբ կը վերաբերուէին հանդէպ Յիսուսի թէ' անոր քարոզութեան ժամանակ, ի կենդանութեան, եւ թէ թաղումին` երբ անոյշ իւղերու օծումով եւ խունկով պատեցին Անոր անապական մարմինը: Իւղաբեր կանանց այս սրտառուչ գործին զմայլած` մեր շարականի բանաստեղծները եւ գանձասացները` ինչպէս Նարեկացին, Շնորհալին, Սկեւռացին եւ Եզնկացին` կ’անուանեն զանոնք նաեւ խնկաբեր եւ խնկազգեաց: Իսկ Մարիամանք բառը քանիցս գործածուած է Շարականին Ղազարու Յարութեան Կանոնին, ինչպէս Տօնամակին մէջ եւ այլ տեղեր: Հայ Եկեղեցին երկիցս կը տօնախմբէր Իւղաբեր կանանց տօնը, մին Յովակիմ եւ Աննայի եւ միւսն Ղազարու քոյրերուն` Մարիամու եւ Մարթայի հետ, ըստ հին տօնացոյցի, բայց այժմ երկրորդ տօնը զանց առնուած է:
       Հոգեկիր հայրեր` Իւղաբեր կանանց հանդէպ Յիսուսի ունեցած պաշտումի ու նուիրման համար ճոխացուած են եկեղեցւոյ մէջ երգը ու իրենց հոգւոյն քաղցր արտայայտութիւնը: Նախնի դարուն քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը արդօք յիշատակարանով մը չէ՞ պանծացուցած այն տեղը ուր պատեհացաւ Յիսուս յետ յարութեան եւ ողջունեց զանոնք ըսելով Ղողջ էք. եւ նոքա մատուցեալ կալան զոտս նորա, եւ աւանդութիւնը կը խօսի, եւ ցոյց կու տայ Սիոնի ճանապարհին վրայ Դաւթի բերդին դիմաց, Հայոց Ս. Յակոբի վանքին խիստ մօտ սրբավայր մը` ուր հաւատացեալք եւ ուխտաւորք դարերով գունդագունդ դիմած են ու յիշատակած են նոյն խնկաբեր կանանց աստուածահաճոյ գործը: Ինչ որ ունին Ս. Երկրի մեծագոյն սրբավայրերը պատմական տեսակէտով, նոյնը կը պակսի Իւղաբեր կանանց տեղւոյն համար, բայց աւանդութեան մատնացոյց ըրած յիշատակարանթ իրականութիւն մը եղած է դարերու ընթացքին մէջ, եւ րոքան որ նոյն սրբավարյը ժամանակի բերումով շատ կանուխէն ձեւափոխութիւն ունեցած է եւ դադրած է ծառայելէ իր նպատակին, բայց եւ այնպէս ճարտարապետական քննութիւնը եւ քրիստոնէական հնախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ վաղեմի ուխտաւորաց ուգեղգրութիւնները շատ ստոյգ կերպով կը հաստատեն թէ մատնանշուած սրբավայրը կամ ուխտատեղին եղած է Մարիամանց տունը եւ հոն ի հնումն շինուած է եկեղեցի մը, յանուն Ս. Իւղաբեր կանանց:
       2 . Մենք մեր ձեռքին տակ ունինք գերմանացի պաղեստինագէտ երկրաչափ ճարտարապետ Gerr Baurath von Schickի անգղիերէն թարգմանուած Տեղեկագիրը` իր մէջ այլոց, կը նկարագրուի Իւղաբերից սրբավարը, տան մը վերածուելով կրած փոփոխութիւնը, ուխտաւոր ուղեգիրներու կողմէն անոր նկատմամբ աւանդուած տեղեկութիւնները եւ այլ պատմական պարագաներ: Նոյն շահեկան Տեղեկագիրը բաւական տարիներ յառաջ հրատարակուած է Palestine Exploration Fund պարբերականին մէջ, որմէ քաղելով կարեւոր մասերը կը դնենք հոս. «Տար Տիսը կամ Տիս ընտանիքին բնակարանը կը գտնուի Դաւթի Աշտարակի հարաւ - արեւելքը: Երբեմն եկեղեցի էր ան. ո'չ միայն ժողովուրդին աւանդութեամբը, այլ նաեւ շէնքին քննութեամբ ալ կը հաստատուի այդ պարագան: Նոյն շէնքին պատերը թանձր են եւ կամար մը կրնան կրել, գիրքը գեղեցիկ է եւ վայելուչ: Ան ճշդօրէն կը նմանի Մուրիսթանի Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին: այս եկեղեցիին արեւելեան մասը, որ աւերակ դարձած է, տան մը վերածուած է, ուղիղ պատերով եւ կարեւոր պատուհաններով եւ արկյարկանի, այնպէս որ կարելի եղած է շէնքին տակը եւ վրան բնակութիւն հաստատել: Արեւելեան պատին մօտ կը տեսնուին փոքր սենակներ` կոզակին մօտ: Արեւմտեան պատուհանները միայն նախնական են: Այս յիշուածներէն զատ` շէնքը ուրիշ փոփոխութիւններ եւ նորոգութեան նշաններ չի կրեր: ՔԱրերը սովորական մեծութեամբ շինուած են: Շէնքը իր հին երեւոյթէն զատ կարկառուն բան մը չունի. քարերը վայելուչ կերպով չեն տաշուած այլ ընդհակառակն քիչ մ՚ալ կոշտ են: Կրնայ ըլլալ որ նոյն շէնքը ժամանակին սինակոկ մը եղած ըլլայ(?), եթէ այդպէս է, քրիստոնաէական նախնի ժամանկենրուն անոր վրայ աւելացուած է կոզակ մը եւ դարձեալ կործանուած է ան, իսլամական տիրապետութեան օրով: Երբ Ֆելիքս Ֆապրի 1484ին այցելեց հոս, ամբողջութեամբ իսլամական տան մը վերածուած էր ան, բայց միեւնոյն ժամանակ կը նկատուէր Իւղաբերից տեղը. Ֆապրիին խօսքերն են. «Երբ Ս. Յակոբի վանքէն դուրս ելանք, փողոցի երկարութեամբ գնացինք եւ մեր ճանմբուն վրայ գտանք մեծ քար մը: Հին քրիստոնեաները այդ տեղը դրած էին այդ քարը, վասն զի այդ տեղւոյն վրայ երեւցած էր Տէրը Իւղաբեր կանանց` երբ անոնք ետ կը դառնային գերեզմանէն. Տէրը ըսաւ անոնց «ողջ էք. եւ նոքա մատուցեալ կալան զոտս նոցա եւ երկիրպագին նմա» (Մատթ. ԻԸ. 9): Հոն մենք ալ խոնարհեցանք եւ համբուրեցինք այն հողը` որուն վրայ Տէրը կոխած էրգ: Երբեմն շինուած էր հոն մեծ զոր Սարակինոսները քանդեցին, ինչպէս նաեւ ուրիշ եկեղեցիներ: Այս քարին քովի ճանապարհը կը տանի դէպի Ս. Գերեզման. ուխտաւորք միշտ այս տեղէն կ՚անցնին Գերեզման երթալու համար: Ես ալ գրեթէ օրը վեց անգամ այս ճանապարհէն կ՚անցնէի: ամէն անգամ որ կ՚անցնէի նոյն քարը կը համբուրէի»: Յիշատակուած քարը երկար ժամանակ ճանապարհին վրայ չէ թողուած. մինչեւ 1517 թուականը, քիչ ժամանակ մ՚ալ, մնացած է ճանապարհին վրայ: Հարիւր տարի վերջ իսլամական «տունը» նկատուած է Իւղաբերից եկեղեցին, եւ նոյն տունը փողոցին վրայ ցցուած անկիւն մ՚ունենալով ուխտաւորները կը համբուրէին զայն: 1697ին Մոնտրէլ կ՚ակնարկէ Տար Տիսին եւ կը յարէ թէ ան ի հնումն Իւղաբեր կանանց եկեղեցին եղած է. եւ հաւանական է որ ի սկզբան սինակոկ մը եղած ըլլայ: Նոյն տանը կից կը գտնուի գերեզմանատեղի մը ուր կան մէկ քանի իսլամական տապանաքարեր, որոնց վրայ գիշեր ժամանակ կանթեղներ կը վառուին եւ կայ նաեւ փոքր աղօթատեղի մը»:
       Տեղեկագրին խօսքերը շատ որոշ են. ճարտարապետական քննութեամբ, եւ յիշեալ ուղեգիրներու ծանօթագրութիւններէն կը հասկցուի թէ ակնարկուած տունը Իւղաբեր կանանց եկեղեցին եղած է արաբական տիրապետութենէն առաջ: Նոյն տեղւոյն իբր ուխատեղի գոյութիւնը կը հաստատուի նաեւ մեր ձեռքը գտնուած ուխտավայրերու երկու ցուցակներէն. մին` Ակիւրմանցի Նիկողայոս եպս. ի, որ Ֆիլիքս Ֆապրիէն մէկ տարի առաջ (1483ին) ուխտի եկած մէջ. եւ երբ երթաս ի Յարութիւնն` դուռն մի կալած կայ ի վերայ ճանապարհին, ուր Տէրն ասաց. ողջ էք, եւ նոքա մատուցեալ կալան զոտս նորա եւ այլն: միւսն է` հաւանաբար Խաչակրաց ժամանակա լատիներէնէ թագրմանուած ցուցակ մը, Մարկոս գրչին ընդօրինակութեամբ եւ անթուական, որ կը գտնուի մեր մատենադարանին . 1130) մէկ ձեռագրին մէջ. նոյն ցուցակը կը բովանդակէ նաեւ հետեւեալ խօսքերը. «եւ ի սուրբ Սիոնի ճանապարհին է տեղի մի որ Քրիստոս երեւեցաւ երեք Մարիամանցն»:
       3 . Այս բոլոր տուեալներով կը հաստատուի Իւղաբեր կանանց ուխտատեղին. կը մնայ հիմա գիտնալ թէ ո՞ր քրիստոնեայ համայնքին ձեռքը կը գտնուէր այս տեղը եւ ո՞ր ժամանակ շինուած էր տեղւոյս եկեղեցին: Այս մասին յիշատակարան կը պակսի եւ անստոյգ կը մնայ ծագումը, բայց անտարակոյս քրիստոնէական հին դարերու մէջ հաստատուած կը թուի ան: Որչափ անստոյգ ըլլայ անոր ծագումը, բայց մենք փաստ ունինք թէ ԺԲ. դարուն նոյն եկեղեցիին գործածութիւնը Հայոց ձեռքն էր ու Ս. Յակոբի Միաբանութիւնը պաշտամունք կը կատարէր հոն: Ս. Երկրի հայ պատմութիւնը եւ մեր մատենադարանի ձեռագիրները ո'եէ յիշատակութիւն չունին այդ մասին. ուխտաւոր եպիսկոպոս մը` Յովհաննէս Վըրզպուրկցի, որ հաւանաբար 1160ին կամ 1170ին ուխտի եկած է Երուսաղէ, ա'յն է որ կը յիշէ իր Ուղեգրութեան մէջ (Տե'ս Descriptio terrae sanctae, Mignue Patr. Lat. col. 1057), թէ Ս. Յակոբի Հայոց վանքին հարաւը կը գտնուի ուրիշ եկեղեցի մը` որ Հայոց ձեռքն է (անդ, էջ 21-22): Յիշեալ եպիսկոպոսը հիացումով կը խօսի Ս. Յակոբի Հայոց վանքին վրայ եւ կը յիշատակէ նաեւ այն փոքր ու վաղեմի սրբավայրերը որ կանգուն էին տակաւին Սիոնի ճանապարհին վրայ: Երախտապարտ ենք այս Պաւերիացի Յովհաննէս եպիսկոպոսին որ իր այս հակիրճ տողերով լուսաբանած է Իւղաբեր կանանց եկեղեցիին հայկական ծագումը եւ Հայոց սեպհականութիւնը մինչեւ Խաչակարց թուականը: Մենք ուրախ ենք որ յիշեալ եկեղեցականը օգնեց մեզի երեւան բերելու Հայ - Երուսաղէմի վանականութեան ու հայ բարեպաշտութեան ստեղծագործութիւններէն մին ալ: Մեր քաղաքացի հայերուն կիրարկած արաբերէն մէկ բառը` Տարը Մարիամաթ (Տե'ս Ուղեցոյց Ս. Տեղեաց, էջ 178), ինչպէս նաեւ վերեւ ակնարկուած տան Ս. Յակոբի վանքին կալուածոց քիստ մօտ յարակցութիւնը անրտարակոյս աւելի կը յօրացնեն Իւղաբերցի եկեղեցիին հայկական ծագման հաստատութիւնը: Այստեղ պէտք կ՚ըլլայ աւելցնել թէ Հայք Ս. Յարութեան տաճարին մէջ եւս ունին Իւղաբերից սեղան մը, որ Ուշաթափման տեղէն քանի մը ոտք աջ կողմը, կամարին տակ կը գտնուի: Դարձեալ Հայոց յատուկ է սեղանին կից մեծ սիւնը, որ կայսերական ըսուած կամարին հարաւային ոտքլ է. նոյն սիւնին վրայ Հայք ունին Ղազարու Յարութեան մեծ պատկեր մը:
       Ս. Յակոբի հին միաբանութենէն հանգուցեալ Մկրտիչ վրդ. Արծրունեան ( 1861) իր Ստորագրութիւն Երուսաղէմի գրքին մէջ (էջ 174) հետեւեալ սխալ տեղեկութիւնը կու տայ Իւղաբերից եկեղեցիին տեղւոյն մասին. Յաղագս Իւղաբերցի եկեղեցւոյն, որ ասի ոսպնավանք, զոծ Արաբացիք կը կոչեն Տէյր ըլ Ատէս, խորագրով մը, որով հասկցնել կ(ուզէ թէ նոյն եկեղեցին կը գտնուէր Թարիքը Սիդղի Մարիամ փողոցին հիւսիսային կողմը քառասուն մէթր հեռու գտնուած տան տեղը, ուր կը գտնուի Ձաղանաց եկեղեցիին դղպ արեւելքը տասն եւ հինգ քայլ հեռի: Նոյն տեղի գտնուած եկեղեցին Իւղաբերից եկեղեցին չէ, այլ Ասորւոց մէկ հնագոյն եկեղեցին է, որ կը կոչուի Էլ Ատէսիէհ, բայց կ՚երեւի որ յունարէն բառին աղաւաղութիւնն արաբերէն խօսողներու բերանին մէջ Էլ Ատէս բառին փոխուած է. ատէս կը նշանակէ ոսպ, այդ պատճառաւ Արծրունեան վրդ.. հետեւելով նոյն սխալին` տեղւոյն Ասորւոց վանքը Ոսպնավանք անուանծ է. մինչ ըստ յիշատակարանց, ան Հերովդէս Անտիպասի պալատին տեղն էր, Պիղատոսի ատեանին հիւսիսային արեւելքը, ինչպէս յայտնի է վերեւ յիշուած յունարէն բառէն: Նայելով պատմութեան` Երուսաղէմի Ասորիները Խաչակիրներէն յառաջ նոյն տեղւոյն տիրացած են ու եկեղեցիի վերածած են զայն: 1902ին ալ գտնուած են անոր փլատակները որ կ՚երեւան Ձաղանաց Եկեղեցիին արեւելք (Տե'ս Noveau guide de terre sainte P. B. Meistermann, էջ 150):