ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ինչպէս որ տեսանք վերեւ. Ս. Պողիտոսի պաշտամունքը վաղուց տարածուած ըլալլով Արեւելքի մէջ, կարելի չէր որ Հայք ետ մնային յարգելէ հայազարմ սուրբին անուամբ կառուցուած սրբավայրի մը: Ս. Քաղաքին մէջ է որ կը կառուցուի Ս. Պողիկտոսի անուամբ վանք մը, հայ նախարարներու բարեպաշտութեամբ հիմնարկուած վանօրէից շարքին մէջ: Այս պարագան հաստատելու համար դարձեալ պիտի դիմենք յիշատակաց արժանի Անաստաս վրդ. ի Ցուցակին, ուր կը կարդանք հետեւեալը. «Սուրբ Պողիկտոսի վանքն, շինեալ Չորրորդապետին Հայոց ի Հիւսիսոյ կողմն»: Այս է միակ յիշատակագրութիւնը այս վանքին նկատմամբ: Ո'չ օտարներուն եւ ո'չ ալ մերայնոց քով ծանօթագրուած չենք գտներ Պողիկտոսի հայ վանքը` որ յԵրուսաղէմ, բայց պատմականօրէն ան գոյութիւն ունէր, եւ շատ կանուխէն քանդուած ըլլալուն ոչ ոքի ծանօթ էր: Անաստաս վրդ . ի այս հակիրճ տողերը երկու հարցում կը դնեն մեր առջեւ. ո՞վ շինել տուաւ այս վանքը, եւ ո՞ւր շինուեցաւ: Ըստ կարելւոյն պիտի ջանանք տալ այս երկու հարցումներուն պատասխանը:
      
       1. Ո՞վ շինել տուաւ այս վանքը.
       Ալիշան` Անաստասի վերոգրեալ տողերուն մէջ Չորրորդապետ բառով կը հասկնայ Չորրորդ Հայքը, որուն իշնաը Ս. Քաղաքին մէջ շինել կու տայ նոյն վանքը Դ. դարու առաջին քառորդին: 1894ին, Դամասկոսի դրան մօտ մոզայիքի գիւտի ժամանակ, Աստուածատուր Եպս. յօդուածով մը (Տե'ս Նոր Դար, Թ. 134) կարծիք կը յայտնէ թէ նոյն վանքը շինել տուողն է Ազգային պատմութենէ ծանօթ Ծոփաց նախարար Արքեղայոս, որ Ս. Արիստակէս հայրպետը նահատակած է Ծոփաց աշխարհին մէջ, եւ յետոյ զղջալով Երուսաղէմ եկած` եւ իբր ապաշխարութիւն շինել տուած է զայն եւ այլն: Յիշեալ եպիսկոպոսին այս կարծիքը կրնայ հաւանական ըլլալ, բայց պատմականօրէն չենք կրնար հաստատել, քանի որ այդ մասին յիշատակարան չունինք: Անաստաս վրդ. ի վերեւի տողերը սակայն ճշմարտութիւն մը կը բովանդակեն` թէ Ս. Պողիկտոսի վանքը Չորրորդ Հայոց սադրաբներէն մին շինել տուած է, եւ այս պարագան շատ բնական կը գտնենք, քանի որ Չորրորդ Հայք, ըստ բիւզանդական սահմանումի, Մելիտինէի, Միջագետքի եւ Տարօնի մէջտեղի երկրին էր (Տե'ս L'Arménie entre Bysance et Islam, էջ 305), որ կը կոչուէր նաեւ Մեծ Ծոփք, հնոց Սոֆրանէնը, մօտը ունենալով Շահունի կամ Փոքր Ծոփքը, որոնց իշխանները մեծ դիրք կը վայելէին հայ նախարարութեանց շարքին մէջ, եւ կը մասնակցէին, ըստ պատմութեան, կրօնավարչական հանդիսութեանց: Արդէն նախաքրիստոնէական շրջանին ալ, հայ թագաւորներ կը նստէին հոն, ըստ դրամագիտական յիշատակարանաց: Բուն Հայաստանի մէջ չէր ընդհանրացած Պողիկտոսի պաշտամունքը, ինչպէս յայտնի է անոր հայերէն վկայաբանութեան չգոյութենէն. բայց Ծոփաց աշխարհին եւ Մելիտինէի մէջ մեծ պատուով կը կատարուէր Սուրբին պաշտամունքը, ուստի անկասկած է որ Ծոփաց աշխարհի իշխաններէն մին` Ս. Երկրին մէջ շինել տուած ըլլայ Պողիկտոսի այս հայկական վանքը:
      
       2. Երուսաղէմի ո՞ր կողմը շինուած է այս վանքը.
       Անաստաս վրդ. ի գրածին նայելով` Պողիկտոսի վանքը շինուած է քաղաքին հիւսիսային կողմը: Մինչեւ 1894 կարելի չէր եղած յիշուաց կողմը գտնել այդ վանքին հետքը. բայց նոյն թուականին Դամասկոբի դրան մօտ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցիէն քիչ հեռի, տան մը հիմերուն պեղումներու ժամանակ, գտնուեցաւ գեղակերտ մոզայիք մը, հայկական արձանարգութեամբ: Տեղը ուր գտնուած են այս յիշատակարանը եւ ուրիշ հնութիւնք, ըստ հնագիտաց, եզրն է ա'յն վաղնջական մեծ պողոտային որ կը տանէր Ծովային Կեսարիա: Նոյն տեղւոյն մօտերը կը բարձրանա րյաղթական կամարը` ի պատիւ Ադրիանոս կայսեր` որ Երուսաղէմը վերածած էր հռոմէական գաղթավայրի: Յիշեալ կամարին լատին անրձանարգութեամբ բեկորները, ինչպէս նոյն կայսեր մարմարեայ պսակազարդ գլուխը գտնուած են նոյն տեղերը: Ինչպէս հռոմէական շրջանին, նոյնպէս քրիստոնէական առաջին դարերուն, մոզայիքներով եւ մեռելական մատուռներով զարդարուած էր այս յաղթական կամարին մօտ (Տե'ս Jérusalem Nouvelle, T. II էջ 35-39): Երուսաղէմի հիւսիսային կողմը վերոգրեալ հայկական մոզայիքի երջանիկ գիւտը կը մղէ մեզ հաւանօրէն ընդունելու թէ Ս. Պողիկտոսի վանքը շինուած է քաղաքին լաւագոյն մեէ պողոտային գլուխը, հռոմէական եւ քրիստոնէական յիշատակարանաց մօտիկ: Այս հիանալի մոզայիքի գիւտին պատմութեան մանրամասնութեանց մէջ չեմ մտներ. այդ մասին ընդարձակ նկարագորւթիւններ կան հայ եւ եւրոպական հրատարակութեանց մէջ. միայն պիտի յիշեմ քանի մը մասնաւոր կէտեր: Պաղեստինի հնախօսութեանց վերաբերեալ պարբերականի մը մէջ կը կարդանք (Տե'ս Palestine Exploration Fund, 1894-895) թէ հայկական մոզայիքի տեղւոյն պեղումները կատարել տալու գործը պետական որոշումով յանձնուած է ծանօթ հնագէտ Dr. Blissի, որուն տեղեկագրէն, ինչպէս նաեւ գերմանացի գիտնական Herr Von Schickի մասնաւոր տեղեկատուութենէն կը հասկցուի թէ այս մոզայիքը շինուած է մարդկային ոսկորներով լեցուն քարայրի մը վրայ, ունեցած է մեռլական մատուռ մը, ինչպէս յայտնի եղած է փլատակ պատերու մնացորդներէն. նոյն տեղը գտնուած են նաեւ քանդակազարդ խոյակներ, հողէ կանթեղներ, ապակեայ շիշեր. բաց աստի մոզայիքէն 25 ոտք հեռի տեղ մը գտնուած են հայերէն գիրեր. խաչին ձեւն ու քանդակներն ալ հայկական են: Վերոյիշեալ երոկւ գիտնականները կը պնդեն թէ այս հայկական մոզայիքը ունի միեւնոյն արուեստը եւ յօրինուածքը, ինչպէս Ձիթենեաց լերան հայկական մոզայիքները, հետեւաբար միեւնոյն ժամանակի գործ. մէկ խօսքով Յուստինիանոսի օրով շինուած. վասն զի, ըստ գիտնոց, մոզայիքի արուեստին ամէնէն ծաղկեալ թուականը կը նկատուի Յուստինիանոսի դարը: Այս պարագան մեզ կը հաւաստէ թէ Դամասկոսի դրան մոտիկ հայկական այս գեղանկա ր մոզայիքն ալ Յուստինիանոսի ժամանակին կը պատկանի, վանքի մը կամ եկեղեցւոյ մը յարկին տակ շինուած, որով մոզայիքին հետ վանքն ալ կանգուն մնացած կ’ըլլայ մինչեւ Զ. դարու կէսը: Արդ, Անաստաս վրդ. ի նկարագրութեան համաձայն, Պողիկտոսի վանքը Երուսաղէմի հիւսիսային կողմը շինուած ըլլալը պատմականօրէն յայտնի ըլլալով` վերեւ յիշուած մոզայիքը պահպանող յարկին նոյն վանքին շէնքը ըլլալը հաւանական կը գտնենք: Ան մերձաւորապէս Է. դարու սկիզբը կործանուած է. մոզայիքի դարերով հողի փլատակներուն տակ մնացած, եւ 1894ին, պատահական պեղումներէն երեւան ելած է:
       Վերեւ յիշուած հայկական խաչքարին կտրորներ իրար բերուած եւ կարդացուած է հետեւեալ հայերէն արձանագրութիւնը.
       «Յիշեալ Պետրոս որ արար եւ Յոհան որ ետ առնել զխաչս զայս. » իսկ մոզայիքին վրայ արձանագրուած է Մեսրոպական հնագոյն գրերով հետեւեալ յիշատակարանը.
       «Վասն յիշատակի եւ փրկութեան ամենայն Հայոց զորոց զանուանս Տէր գիտէ».
       Այս երկրորդ յիշատակարանը անտարակոյս ակնարկութիւն մըն է ա'յն Հայերուն, որոնց ոսկերոտիքը մոզայիքին վիմափոր քարայրին մէջ պահուած կը մնային: Որո՞նք են այդ հայերը. այդ մասին յիշատակարան չուինք. անոնք հաւանաբար ա'յն Մելիտինեցի հայ նահատակներն են որ կը յիշատակուին Մելիտինեցի Մեծն Եւդիմիոսի վարքին մէջ: Պատմագիրներէ գիտենք որ վերջնոյս օրով մանաւանդ, յաճախակի Երուսաղէմ ուխտի եկող Մելիտինեցի Հայեր կ’այցելէին նաեւ իրենց հայրենակցին, ի Սահէլ: Երուսաղէմի անապատին նոյն այցելուաց մէջ կը գտնուէին հայ մեծ անձնաւորութիւններ: Մելիտինեցի ուխտաւորներ շատ կանուխէն Երուսաղէմ բերած եւ ամփոփած են դարձեալ Մելիտինեցի Ս. Պողիկտոսի վանքին մէջ, ուր յետոյ, ի պատիւ նոյն նահատակաց կառուցուած է այս աննման յիշատակարանը: Այսպիսի պարագայ մը աննախընթաց չէ Ս. Երկրին մէջ:
       1925ին ալ, այս հայկական մոզայիքին մօտերը գտնուած է հայկազն Մօրիկ կայսեր, Արապիսոս ծնած քրոջը` Անատոլիայի գերեզմանը` յունարէն արձանագրութեամբ եւ մոզայիքով գեղազարդուած : Այս վերջին գիւտն ալ կ’ապացուցանէ թէ Ս. Պողիկտոսի վանքին մօտ կը թաղուէին Մելիտինէի եւ շրջակայից այն ուխտաւորները ոպր կը վախճանէին Երուսաղէմի մէջ: