Ս. 
  
   Կուսի 
  
   եկեղեցին 
  
   ԺԱ. 
  
   դարուն 
  
   քանդուած 
  
   էր, 
  
   հաւանաբար 
  
   Խաչակիրներուն 
  
   կողմէն 
  
   Երուսաղէմը 
  
   պաշարուած 
  
   ժամանակ. 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   նոյն 
  
   դարու 
  
   ժամանակագիրներէն 
  
   յայտնի 
  
   է 
  
   թէ 
  
   Խաչակիրները 
  
   Երուսաղէմ 
  
   մտնելէ 
  
   յառաջ 
  
   քանդուած 
  
   էին 
  
   քաղաքին 
  
   պարսպէն 
  
   դուրս 
  
   մնացած 
  
   սրբավայրը, 
  
   որոնցմէ 
  
   մին 
  
   էր 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   եկեղեցին, 
  
   որ 
  
   թէեւ 
  
   կործանուած 
  
   էր, 
  
   բայց 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանը 
  
   անաղարտ 
  
   կը 
  
   մնար: 
  
   Լատին 
  
   գրաւման 
  
   առաջին 
  
   տասը 
  
   տարիներու 
  
   մէջ 
  
   նոյն 
  
   տաճարը 
  
   աւերակոյտ 
  
   մ՚էր: 
  
   1106ին 
  
   Դանիէլ 
  
   վանահայր 
  
   իր 
  
   այցելութեան 
  
   առթիւ 
  
   կը 
  
   նկարագրէ 
  
   թէ 
  
   «փայտեայ 
  
   տանիքով 
  
   մեծ 
  
   եկեղեցի»ին 
  
   աւերակներուն 
  
   դիմացը 
  
   կը 
  
   գտնուէր: 
  
   Ֆրանկ 
  
   յաղթականը` 
  
   Godefroy 
  
   de 
  
   Bouillon 
  
   Ս. 
  
   Քաղաքին 
  
   գրաւումէն 
  
   յետոյ 
  
   մտադրեց 
  
   վերաշինել 
  
   կործանեալ 
  
   տաճարը. 
  
   անոր 
  
   հրաւերին 
  
   ընդ 
  
   փոյթ 
  
   առատաձեռնութեամբ 
  
   պատասխանեցին 
  
   իշխանազունները 
  
   եւ 
  
   կղերականք, 
  
   եւ 
  
   իսկոյն 
  
   1112ին 
  
   գործի 
  
   սկսան, 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանի 
  
   պահպանութիւնը 
  
   կազմակերպութեան 
  
   տակ 
  
   առնուեցաւ, 
  
   1130ին 
  
   ալ 
  
   տաճարին 
  
   վերաշինութիւնը 
  
   աւարտեցաւ: 
  
   1154ին 
  
   Իտիրիս` 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   մէջ 
  
   այցելութիւն 
  
   կու 
  
   տար 
  
   Սիթթի 
  
   Մայրիամին 
  
   նուիրած 
  
   մեծ 
  
   եւ 
  
   գեղեցիկ 
  
   եկեղեցին: 
  
   Կեդրոն 
  
   խորը 
  
   մասնակի 
  
   կերպով 
  
   այժմս 
  
   տեսնուած 
  
   այս 
  
   եկեղեցին 
  
   վերաշինութեան 
  
   թուականը 
  
   տարակոյսի 
  
   առարկայ 
  
   չի 
  
   կրնար 
  
   ըլլալ: 
 
        
  
   Այս 
  
   յիշատակարնին 
  
   պահպանութիւնը 
  
   կը 
  
   դիւրացնէ 
  
   միջինդարեան 
  
   նկարագրութիւններուն 
  
   իմաստը: 
  
   Համեմատելով 
  
   զանոնք 
  
   այժմու 
  
   վիճակին 
  
   հետ, 
  
   ընթերցողը 
  
   պիտի 
  
   տսենէ 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   դամբարանը 
  
   յարգելով 
  
   մէկտեղ, 
  
   Խչակիրներէ 
  
   վերջ 
  
   տեղի 
  
   ունեցած 
  
   քանդումները 
  
   կատարուած 
  
   են 
  
   աւելի 
  
   տաճարին 
  
   ներքին 
  
   զարդարանքներու 
  
   եւ 
  
   ճակաին 
  
   մէկ 
  
   կէտերուն 
  
   վրայ: 
  
   Կը 
  
   թուի 
  
   թէ 
  
   եկեղեցին 
  
   իր 
  
   առջեւը 
  
   ունէր 
  
   գաւիթ 
  
   մը, 
  
   ուր` 
  
   Խաչակրաց 
  
   օրով, 
  
   թաղուած 
  
   են 
  
   մէկ 
  
   քանի 
  
   անուանի 
  
   իշխաններ. 
  
   գաւիթին 
  
   գոյութիւնը 
  
   կը 
  
   հաստատեն 
  
   ոչ 
  
   միայն 
  
   նոյն 
  
   ժամանակի 
  
   կրօնական 
  
   ճարտարապետութեան 
  
   անհրաժեշտութիւնները, 
  
   այլ 
  
   նաեւ 
  
   տաճարին 
  
   արտաքին 
  
   դրան 
  
   արդի 
  
   ձեւը, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   յայտնի 
  
   կ՚երեւի 
  
   որ 
  
   հոյակապ 
  
   եւ 
  
   մեծղի 
  
   դուռը 
  
   այժմ 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   եւ 
  
   նոր 
  
   վերհպումներով 
  
   պզտիկցած 
  
   ու 
  
   այլանդակուած 
  
   է: 
  
   Երուսաղէմի 
  
   հին 
  
   յատակագիծէն 
  
   կամ 
  
   1178էն 
  
   սկսեալ 
  
   Յովսափատի 
  
   մեծաւոր 
  
   Յովհաննէսի 
  
   կնիքէն 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   տաճարին 
  
   գաւիթը 
  
   ունէր 
  
   կոնաձեւ 
  
   երկու 
  
   տանիքներ 
  
   կամ 
  
   երկու 
  
   փոքր 
  
   գմբեթներ: 
  
   Այս 
  
   պարագան 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   նաեւ 
  
   Theodoricի 
  
   Ուղեգրական 
  
   պատմութենէն: 
 
        
  
   Միեւնոյն 
  
   ուխտաւորը 
  
   կը 
  
   նկարագրէ 
  
   նաեւ 
  
   վերնայարկ 
  
   եկեղեցին` 
  
   ուր 
  
   վարէն 
  
   կ՚ելնէին 
  
   այնքան 
  
   սանդուխներէ` 
  
   որքան 
  
   որ 
  
   կ՚իջնէին 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը 
  
   երթալու 
  
   համար: 
  
   Նոյն 
  
   եկեղեցիին 
  
   վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   մեծաւորին 
  
   կնիքին 
  
   ներկայացուած 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   տաճարին 
  
   շինուածքը` 
  
   Քրիստոսի 
  
   Գերեզմանին 
  
   զանգակատան 
  
   նման 
  
   բոլորածիր 
  
   եւ 
  
   ցցուն 
  
   գմբէթ 
  
   մը 
  
   ունէր: 
  
   Հոն 
  
   շինուած 
  
   էր 
  
   տեղացի 
  
   քրիստոնեաներուն 
  
   յատուկ 
  
   սեղան 
  
   մը: 
  
   Վերնայարկ 
  
   եւ 
  
   ստորնայարկ 
  
   երկու 
  
   եկեղեցիներու 
  
   այս 
  
   կերպ 
  
   բաժանումը` 
  
   որ 
  
   արդէն 
  
   աւանդութեամբ 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   հաստատուի, 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   գրէ 
  
   նաեւ 
  
   մեր 
  
   Երուսաղէմացի 
  
   Հաննէ 
  
   պատմագիրը 
  
   (էջ 
  
   272), 
  
   թոյլ 
  
   կու 
  
   տար 
  
   որ 
  
   զանազան 
  
   դաւանութեամբ 
  
   քրիստոնեաներ 
  
   իրենց 
  
   կրօնական 
  
   պաշտամունքները 
  
   կատարեն 
  
   եւ 
  
   անմասն 
  
   չմնան 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանէն: 
  
   Գաւիթին 
  
   սեպաձեւ 
  
   բարձր 
  
   պատերը 
  
   եւ 
  
   ամրաշէն 
  
   հզր 
  
   աշտարակները 
  
   կը 
  
   պաշտպանէին 
  
   սրբավայրը 
  
   եւ 
  
   վանականաց 
  
   խուցերը 
  
   թշնամիներու 
  
   յարձակմանց 
  
   դէմ: 
 
        
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանը 
  
   բնական 
  
   էր 
  
   որ 
  
   ամենէն 
  
   աւելի 
  
   կը 
  
   գրաւէր 
  
   ուշադրութիւնը 
  
   ճանապարհորդին 
  
   որ 
  
   քառասուն 
  
   աստիճան 
  
   ընդարձակ 
  
   սանդուխէն 
  
   վար 
  
   իջնելով 
  
   կը 
  
   հիանար 
  
   այն 
  
   որմանկերներուն` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   ծածկէին 
  
   կամարները 
  
   եւ 
  
   պատերը, 
  
   մասնաւորապէս 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   ննջման 
  
   եւ 
  
   յուղարկաւորութեան 
  
   այն 
  
   տեսարաններու`ն 
  
   որ 
  
   գծուած 
  
   էին 
  
   նկարչութեան 
  
   բիւզանդական 
  
   Ուղեցոյցի 
  
   կանոններուն 
  
   համեմատ 
  
   եւ 
  
   ներշնչուած 
  
   ըլլալով 
  
   անվաւերական 
  
   պատմութիւններով, 
  
   կը 
  
   ներկայացնէին 
  
   թէ 
  
   Յիսուսի 
  
   Տիրամօր 
  
   հոգին 
  
   իր 
  
   բազկացը 
  
   մէջ 
  
   առած 
  
   էր, 
  
   արտասուաթոր 
  
   աչքերով 
  
   առաքեալք 
  
   շրջապատած 
  
   էին 
  
   դագաղը, 
  
   Յեբոնիա 
  
   հրեան 
  
   (ըստ 
  
   Յայսմաւուրքի, 
  
   Սոփոնիա 
  
   քահանայ) 
  
   իր 
  
   երկու 
  
   ծայրատեալ 
  
   բազուկները 
  
   (moignons) 
  
   դէպ 
  
   իր 
  
   մարմինը 
  
   կը 
  
   քաշէր, 
  
   մինչ 
  
   իր 
  
   երկու 
  
   կտրուած 
  
   ձեռքերը 
  
   գետնին 
  
   վրայ 
  
   կ՚երեւնային. 
  
   հրեշտակն 
  
   էր 
  
   որ 
  
   պատժած 
  
   էր 
  
   Յեփոնիայի 
  
   յանդուգն 
  
   սրբապղծութիւնը: 
  
   Երկու 
  
   դուռներ 
  
   կը 
  
   բացուէին 
  
   վարի 
  
   սրահներուն 
  
   ներքնակողմը: 
  
   Մին` 
  
   արեւելեան 
  
   կողմը, 
  
   որ 
  
   հաղորդակցութիւն 
  
   ունէր 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   այրին 
  
   հետ, 
  
   միւսը` 
  
   արեւմտեան 
  
   կողմը, 
  
   կը 
  
   ներկայացնէր 
  
   ա'յն 
  
   մուտքը 
  
   ուրկէ 
  
   առաքեալք 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   մարմինը 
  
   փոխադրեցին: 
  
   Աւելի 
  
   վարը, 
  
   երկու 
  
   փոքր 
  
   մատուռներ 
  
   կը 
  
   պարունակէին 
  
   իշխանական 
  
   գերեզմաններ: 
  
   Աջ 
  
   կողմինը` 
  
   ամենէն 
  
   նշանաւորն 
  
   էր, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   հոն 
  
   թաղուած 
  
   էր 
  
   Մելիսանտ 
  
   թագուհին, 
  
   դուստր 
  
   Պաղտին 
  
   Բ.
  
   ի 
  
   եւ 
  
   կինը 
  
   Foulquesի` 
  
   վանդակապատ 
  
   մը 
  
   կը 
  
   պահպանէր 
  
   անոր 
  
   շիրիմը: 
  
   Բաց 
  
   աստի, 
  
   հաւանաբար 
  
   ձախ 
  
   կողմի 
  
   մատրան 
  
   մէջ 
  
   թաղուեցաւ 
  
   Մարիամ` 
  
   Պաղտին 
  
   Բ.
  
   ի 
  
   կինը, 
  
   Կոստանս` 
  
   Անտիոքի 
  
   իշխան 
  
   Պոէմոնտ 
  
   Գ.
  
   ի 
  
   մայրը, 
  
   իր 
  
   եղբայրը` 
  
   Ռընօ 
  
   եւ 
  
   քոյրը 
  
   Ֆիլիպպա: 
 
        
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանին 
  
   մօտ 
  
   կային 
  
   մաղթողական 
  
   երկու 
  
   արձանագրութիւններ 
  
   եւ 
  
   Յերոնիմոսի 
  
   եւ 
  
   Ս. 
  
   Բարսեղի 
  
   պատկերները, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   կրէին 
  
   գրապանակներ` 
  
   որոնց 
  
   առաջնոյն 
  
   վրայ 
  
   կը 
  
   կարդացուէին 
  
   Յերոնիմոսի 
  
   նամակներէն 
  
   մասեր` 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանին 
  
   վերաբերեալ, 
  
   իսկ 
  
   երկրորդին 
  
   վրայ` 
  
   ոտանաւոր 
  
   հատուած 
  
   մը` 
  
   որով 
  
   Ս. 
  
   Բարսեղ 
  
   կը 
  
   հերքէ 
  
   Յուլիանոս 
  
   կայսեր 
  
   անբարշտութիւնը: 
  
   Ստորերկրեալ 
  
   եկեղեցիին 
  
   դասը 
  
   որուն 
  
   կեդրոնը 
  
   կը 
  
   գտնուէր 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը, 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տար 
  
   Վերափոխման 
  
   տեսարանը 
  
   Օգստ. 
  
   15ի 
  
   տօնախմբութենէն 
  
   առնուած 
  
   բազմաթիւ 
  
   համարներով: 
 
        
  
   Մարմարներ 
  
   եւ 
  
   մոզայիքներ 
  
   կը 
  
   զարդարէին 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը, 
  
   որուն 
  
   ներքին 
  
   բաժանումը 
  
   խնամքով 
  
   նկարագրուած 
  
   է 
  
   Ռուսազգի 
  
   Դանիէլ 
  
   կրօնաւորին 
  
   կողմէն, 
  
   հետեւեալ 
  
   տողերով. 
  
   «Այս 
  
   Գերեզմանը, 
  
   որ 
  
   շինուած 
  
   է 
  
   հովտի 
  
   մը 
  
   մէջ, 
  
   ժայռին 
  
   մէջ 
  
   փորուած 
  
   փոքր 
  
   այր 
  
   մ՚է. 
  
   ունի 
  
   այնպիսի 
  
   ցած 
  
   դուռ 
  
   մը, 
  
   ուրկէ 
  
   մարդ 
  
   մէջքը 
  
   ծռելով 
  
   հազիւ 
  
   կարող 
  
   կ՚ըլլայ 
  
   մտնել: 
  
   Այրին 
  
   խորը, 
  
   դրան 
  
   դէմ, 
  
   ժայռին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   փոքր 
  
   նստարան 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   վրայ 
  
   դրուած 
  
   է 
  
   երանեալ 
  
   Կուսին 
  
   եւ 
  
   Տիարմօր 
  
   մարմինը, 
  
   եւ 
  
   ուրկէ 
  
   վերափոխեցաւ 
  
   յերկինս: 
  
   Այս 
  
   այրը 
  
   գրեթէ 
  
   մարդու 
  
   մը 
  
   բարձրութիւն 
  
   ունի, 
  
   չորս 
  
   կանգուն 
  
   լայնութիւն 
  
   եւ 
  
   նոյնքան 
  
   ալ 
  
   երկայնութիւն. 
  
   այրին 
  
   ներսի 
  
   կողմը 
  
   մարմարեայ 
  
   գեղեցիկ 
  
   քարերով 
  
   զարդարուած 
  
   փոքրիկ 
  
   մատուռի 
  
   մը 
  
   երեւոյթն 
  
   ունի»: 
  
   Ճիշդ 
  
   Քրիստոսի 
  
   Գերեզմանին 
  
   նման 
  
   կամարնգրով 
  
   եւ 
  
   սիւներով 
  
   զարդարուած 
  
   էր 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը 
  
   եւ 
  
   պսակուած 
  
   ոսկիէ 
  
   եւ 
  
   արծաթէ 
  
   պատուական 
  
   անօթներով: 
  
   Ճոխագոյն 
  
   պսակակալի 
  
   մը 
  
   նման` 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը 
  
   շրջապատող 
  
   վերնախարսխին 
  
   վրայ 
  
   կային 
  
   արձնագրութիւններ: 
  
   Բայց 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   եկեղեցիին 
  
   այս 
  
   բոլոր 
  
   շքեղութիւնները 
  
   տեւական 
  
   չեղան. 
  
   1187ին 
  
   Սալահէտտինի 
  
   յաղթութենէն 
  
   յետոյ, 
  
   տեղւոյն 
  
   եկեղեցական 
  
   բոլոր 
  
   մասերը, 
  
   հիւանդանոցը, 
  
   վերնայարկ 
  
   եկեղեցին 
  
   քանդուեցան 
  
   եւ 
  
   անոնց 
  
   բոլոր 
  
   նիւթերը 
  
   գործածուեցան 
  
   քաղաքին 
  
   պարիսպներու 
  
   խրամատները 
  
   նորոգելու 
  
   համար: 
  
   Ս . 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը 
  
   եւ 
  
   անոր 
  
   մուտքը` 
  
   մերկացած 
  
   ու 
  
   կապուած 
  
   ամրաշէն 
  
   աշտարակներէն 
  
   եւ 
  
   ընդարձակ 
  
   գաւիթէն, 
  
   քանդումէն 
  
   ազատ 
  
   մնացին, 
  
   բայց 
  
   ջնջուեցան 
  
   Գերեզմանի 
  
   շուրջը 
  
   եւ 
  
   պատերուն 
  
   վրայ 
  
   գտնուած 
  
   զարդերը: 
  
   Քիչ 
  
   յետոյ 
  
   եկեղեցիին 
  
   բոլոր 
  
   դուռները 
  
   քարով 
  
   հւսեցին, 
  
   բացի 
  
   հարաւի 
  
   մեծ 
  
   դուռնէն, 
  
   որպէս 
  
   զի 
  
   ուխտաւորներու 
  
   մուտքի 
  
   տուրքը 
  
   դիւրութեամբ 
  
   կարողանան 
  
   գանձել: 
  
   Շարունակական 
  
   քանդումներէն 
  
   յառաջ 
  
   եկած 
  
   հողերը 
  
   փակեցին 
  
   ա'յն 
  
   պատուհանները` 
  
   որ 
  
   գետնայարկի 
  
   եկեղեցին 
  
   ըստ 
  
   բաւականի 
  
   կը 
  
   լուսաւորէին 
  
   միջին 
  
   դարու 
  
   մէջ, 
  
   այնպէս 
  
   որ 
  
   աչքը 
  
   կրնար 
  
   դիւրաւ 
  
   որոշել 
  
   նկարները 
  
   եւ 
  
   արձանագրութիւնները: 
  
   Կեդրոնի 
  
   Ձորին 
  
   ձմեռնային 
  
   ջուրերը 
  
   այս 
  
   յիշատակարանին 
  
   ընդհողումին 
  
   միաւ 
  
   պատճառը 
  
   չէին 
  
   կրնար 
  
   ըլլալ, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   արդէն 
  
   1283ին 
  
   կացութիւնը 
  
   այնպէս 
  
   էր 
  
   որ 
  
   ձորին 
  
   խորքը 
  
   խառնուած 
  
   էր 
  
   եկեղեցիին 
  
   դարատափին 
  
   (terrasse) 
  
   հետ 
  
   եւ 
  
   անոր 
  
   վրայէն 
  
   ալ 
  
   ճամբայ 
  
   մը 
  
   բացուած 
  
   էր: 
 
        
  
   Գեթսեմանիի 
  
   Ս: 
  
   Աստուածածնի 
  
   բիւզանդական 
  
   շրջանի 
  
   եկեղեցին 
  
   կործանուելէ 
  
   յետոյ, 
  
   ինչպէս 
  
   վերեւ 
  
   յիշեցինք, 
  
   Խաչակրաց 
  
   կողմէն 
  
   կատարուած 
  
   վերաշինութիւնն 
  
   ալ 
  
   կիսով 
  
   քանդուեցաւ, 
  
   անոր 
  
   գեղեցիկ 
  
   զարդերը 
  
   ու 
  
   նկարները 
  
   իսպառ 
  
   ջնջուեցան, 
  
   եկեղեցիին 
  
   հոյակապ 
  
   գաւիթը 
  
   ու 
  
   դրան 
  
   աշտարակները 
  
   ու 
  
   ամրութիւնները 
  
   վար 
  
   առնուեցան 
  
   եւ 
  
   շէնքը 
  
   մնաց 
  
   իր 
  
   մերկ 
  
   ու 
  
   անշուք 
  
   պատերովը. 
  
   պատուհանները 
  
   հողի 
  
   տակ 
  
   մնացին 
  
   եւ 
  
   այն 
  
   լուսաւոր 
  
   եկեղեցին 
  
   մնաց 
  
   մութի 
  
   մէջ. 
  
   Կեդրոնի 
  
   Ձորին 
  
   հեղեղները 
  
   հողի 
  
   տակ 
  
   թաղեցին 
  
   եկեղեցիին 
  
   ստորին 
  
   մասը: 
  
   Ահա' 
  
   Տիրամօր 
  
   Գերեզմանի 
  
   եկեղեցիին 
  
   այժմու 
  
   վիճակը: 
  
   Բայց 
  
   այս 
  
   եկեղեցիին 
  
   վրայ 
  
   գործուած 
  
   յաջորդական 
  
   բոլոր 
  
   քանդումներու 
  
   ժամանակ 
  
   անաղարտ 
  
   մնացած 
  
   է 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանը, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   մնայ 
  
   իբր 
  
   սրբազան 
  
   խորհրդանշան 
  
   մը 
  
   քրիստոնէական 
  
   եկեղեցւոյ 
  
   հաստատութեան: