ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Լուսաւորչի ուխտաւորութեամբ Երուսաղէմի այցելութիւն տուած ըլլալու մասին 1439 թուականաւ ձեռագիր Յայսմաւուրք մը հետեւեալ կերպով կը գրէ «…բնակեցաւ ի լեառն Սեպուհ, որ եւ այժմ կոչի սուրբ Գրիգորգի, ուստի եւ ասեն կամեցաւ վնալ ի վերայ ծնգաց յԵրուսաղէմ. եւ այնպէս իջեալ ի լեռնէն եւ անցեալ ի ձորակ մի, առաքէ տէրն նորա Քրիստոս Բ. Սերովբէս… եւ ի տեղւոյն խաչս կանգնեաց եւ Սերովբէս անուանեաց եւ այժմ գեղակ է տեղին որ խաչքն կան հրաշագործք, եւ անուն գեջղն կոչի Սերովբէք»: «… Ասեն դարձեալ թէ երկու ինքնակալքն եկին ի Հռովմայ յԵրուսաղէմ, եւ վիճակաւ բաժանեցին զՏնաւրինական տեղիսն, եւ Հայոց անկաւ Սնարքն` Ս. Գողգոթան եւ Ս. Կարապետն եւ Ս. Յակոբն` եւ Ս. Գրիգոր կանթեղ կախեաց, ի Սնարսն, եւ խնդրեաց գիջումն լուսոյն յԱստուծոյ եւ յաղագս այնորիկ Լուսաւորիչ կոչեցաւ» (Տաշեան Ցուցակ, էջ 47): Կիրկոս պատմիչն ալ կը կրկնէ վերի խօսքերը, «եւ ասեն կախեաց կանթեղ մի սուրբ Գրիգոր ի վերայ գերեզմանին Քրիստոսի, եւ խնդրեաց յԱստուծոյ աղօթիւք, առանց զգալի լուսոյ լուցանել ի Սուրբ Պասեքի տօնին, որ լինի մինչեւ ցայսօր նշանն»: Գրիգոր վարդապետ Տաթեւացին հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի. «… ի սբ. քաղաքն Երուսաղէմ յաւուր շաբաթու մեծ ի խնդրոյ նորա վառեցաւ լոյսն ՚ի սբ. Յարութիւնն» (Ձմրան Հատոր, էջ 444). դարձեալ նոյնը կը գրէ «Չորրորդ վկայ` լոյսն զգալի որ յինն ժամու ծագէ ի գերեզմանէն ակներեւ ամենայն մարդկան զոր ոչ կարեն զայս ուրանալ ազգն ժխտողաց, զի տես աչացն հաստատէ քան զլուր լսելեացն, եւ այս ի խնդրոյ սբ. Լուսաւորչին մերոյ` ի պատիւ ազգիս Հայոց» (Անդ, էջ 605): Իսկ Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմացի իր Պատմութեան մէջ (էջ 181-2) Ս. Լուսաւորչի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Լուսաւորիչն մեր սբն. Գրիգոր մինչ ճգնէր ի Սեպուհ լեառն` կամեցաւ գալ յերկրպագութիւն ամենասուրբ գերեզմանին Քրիստոսի, բայց ոչ հետիոտս, այս երեսքարշ եւ ի վերայ ծնկացն: Զոր երեւեալ Սերովբէին ոչ թոյլ ետ նմա հրամանաւն Աստուծոյ այնպիսի տաժանելի տերպիւք գալ, այ ոտնաքայլ ընթացմամբ հրակիրէր զնա գնալ: Եւ այսպէս երանլի հայրս մեր եկն ի սբ. քաղաքս Երուսաղէմ, եւ անարժան համարէր զինք մտանել ի սբ. գերեզմանն ածընկալ.: Վասն որոյ ասի թէ ի Խաչգիւտն ճգնեալ մինչեւ ցեօթն ամ, վասն այնորիկ կոչեցին զեկեղեցին յանուն նորին սբ. Լուսաւորիչ: Եւ ապա յաւուր մեծի շաբաթի ճրագալուցին ի մտանելն ի սբ. գերեզմանն, ի պատիւ արժանուարութեան երանելոյն վառեցան ամենայն կանթեղքն որք կային ի սբ. գերեզմանն: Եւ ասաց. Լոյս զուարթ…» : Այս աւանդութիւններէն կը բղխի անտարակոյս Ս. Գերեզմանի արտաքին դրան Հայոց պատկերին քով Ս. Լուսաւորիչ անուամբ կախուած կանթեղին աւանդութիւնն ալ: