ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գիտենք թէ Յովսէփ Արիմաթացին կը յիշուի Աւետարանին մէջ, Մարկ. ԺԵ. 43. Ղուկ. ԻԳ. 51, եւ աշակերտ էր Յիսուսի, Յովհ. ԺԹ. 38, եւ ան էր որ մր Տէրը թաղեց իրեն յատուկ գերեզմանին մէջ: Աւանդութիւնը եւ Խաչակիրներէն սկսեալ ուխտաւորներն եւ ճամբորդները կ՚ըսեն թէ` Ռեմլէն` Յովսէփ Արիմաթացիին ծննդեան տեղն է: Արիմաթեան, ըստ Ղուկասու, կոչուած է քաղաք Հրէից. Ռամահ կամ Ռամադահ եբրայեցերէնին յունարէնն է Արիմաթեան: Աօթանասնիցը սովորոբար կը թարգամանէ զայն Ռամաթայիմ: Արիմաթեան շատ գիտուններ կը նոյնացնեն Ռեմլէի հետ, որ Լիւդի հարաւային կողմը երեք քիլոէթր է:
       Ռեմլէն Յոպպէէն դէպի Երուսաղէմ եւ Եգիպտոսէն դէպի Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ շինուած է եւ փոլր գիւղ մ՚է: Ինչպէս ակնարկեցինք վերեւ, կ՚ըսուի թէ Ռեմլէն շինուած է հին Արիմաթեայ քաղաքին տեղը, եւ Յովսէփ Արիամաթացիին անունով ալ հաստատուած են սրբավայրեր եւ մատուռներ. բայց եթէ հաւատանքնրնս մաենագիրներուն, մասնաւորապէս Ապուլ Ֆէտայի, ան հիմնուած է 716ին Ապտ էլ - Մէլիքի որդի Սիւլէյմանի կողմէն, ինչպէս ստորեւ ալ պիտի գրենք. եւ այս տեղեկութիւնը կը հաստատեն ՏԻւրացի Կիյեօմ եւ Մարինոս Սանուդոս: Գիտուն մը` Ռոպինսըն կը հերքէ Ռեմլէի նոյնացումը Արիմաթայի հետ. անոր ըսածին նայելով հին յիշատակարանները ցոյց կու տան տեղ մը աւելի Լիւդի հիւսիսային - արեւելքը կամ արեւելքը քան թէ հարաւը: Բայց աստի, կ՚ըսէ ան. 1 . Ռեմլէի Արիմաթեայ աւանդութիւնը Թ. դարու ծագում ունի, աւելի հին ուխտաւորները, առանց անոր վրայ խօսելու, կը յիշեն շրջակայ քաղաքները: 2 . Ռեմլէն, ինչպէս վերեւ ըսինք, հին քաղաքի մկ չէ յաջորդած, այլ ըստ արաբ աշխարհագիրներուն Ը. դարուն հիմնուած է Ապտ էլ - Մէլէքի որդւոյն Սիւլէյմանէն: 3 . Ռամահ եւ Ռեմլէհ բառերը ստուգաբանօրէն խօսելով` բոլորովին տարբեր են. Ռեմլէհ կը նշանակէ աւազ, եւ Ռամահ բարձրութիւն: Այս առարկութիւնը ոմանք կը մերժեն:
       Երուսաղէմի Աստուածաշնչական Դպրոցի ուսուցչապետ L. Heydet Արիմաթիան կը նոյնացնէ Rentisին հետ, որ Լիւդի հիւսիսային արեւելքը կը գտնուի. այս մասին գրած է իր մէկ անիպ գործին մէջ, որուն համառօտութիւնը հետեւեալն է: Եւսեբիոս Արիմաթիան կը նոյնացնէ Ռամաթային կամա Ռամաթայիմ - Սոֆիմի, Սամուէլի հայրենիքը, Լիւդի մօտ: Յերոնիմոս կ՚աւելցնէ թէ` ան Թոմնա գաւառին մէջ էր: Այս երկու հեղինակները մեզ կը վստահացնեն թէ Արիմաթիան իրենց ժամանակ կը կոչուէր Remphis (Եւսեբիոս) կամ Remphtis (Յերոնիմոս): Ո՞ւր կառուցուած է Ռեմփթիս - Արիմաթիան: Այս Ռեմլէն չի կրնար ըլլալ, այն պատճառներուն համար զոր մէջ բերաւ Րոպինսըն: L. Heydet կը յարէ թէ անկարելի է չճանաչել այս անունը (Արիմաթիա) Rentisի արդի բառն է Remtis. Եւսեբիոսի բնագրին մէջ t գիրին ջնջումը ընդօրինակողներուն գործը կրնայ ըլլալ, եթէ քաղցրաձայոնւթեան համար չէ ջնջուած: M գիրին փոփոխութիւնը սովորաակն է արաբներուն մօտ: Rentis գիւղ մ՚է ուր կը գտնուին բազմաթիւ աւերակներ, ջրհորներ եւկ հին գերեզմաններ: Մասնաւորապէս կը նշմարուին միեւնոյն գիւղին մէջ եկեղեցիի մը բեկորները եւ գիւղէ դուրս, քիչ հեռի, բնակիչները ցոյց կու տան մեծ եւ գեղեցիկ մոզայիքի մը մնացորդները, եւ կ՚ըսեն թէ` ուրիշ եկեղեցիի մը մնացորդներն են: Գիւղը բարձրութեան մը վրայ է եւ Միջերկրականէն 220 մէթր բարձր է, եւ կը նայի շրջակաները եւ ընդարձակ դաշտին վրայ: Rentis Լիւդի հիւսիսային - արեւելքը երեք մղոն է: Ռամադայիմի յատուկ բոլոր նկարագիրները կը պատշաճին: Ս. Երկրի Խաչակիրներուն համար պաշտօնական յիշատակարան մը կը վկայէ թէ Rentis Արիմաթիան էր, Յովսէփի հայրենիքը. Assises de Jerusalemի մէկ գլուխին մէջ կը կարդացուի «Լիւդի Ս. Գէորգի քորեպիսկոպոսները որո՞նք են . Արիմաթայի Ս. Յովսէփի աբբա ն, որ հիմակ Rentis կը կոչուի …» : Այս շրջանի ուրիշ յիշատակարաններ հազուագիւտ են: 1130ի անանուն ուխտաւոր մը` Արիմաթիան Լիւդէն չորս մղոն կը հաշուիէ: 1160ի երկու հրովարտակներ կը յիշեն Ս. Յովսէփի Հերպերդ աբբան: Տիւրացի Կիւեօմ կը յիշէ Ամալրիք անուամբ ուրիշ աբբա մը Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցիին (Պատմ., ԺԷ. 26): Անտարակոյս այս վկայութիւնները Rentisի համար պէտք է ընդունիլ: Rentisի դիրքը ուխտաւորներու ճանապարհէն հեռի ըլլալով` կը բացատրուի անոնց, ինչպէս նաեւ առաջին Խաչակրաց լռութիւնը Արիմաթայի մասին: Տարակուսելի չէ որ միայն Խաչակիրները կը բացատրեն աւանդութիւն մը զոր երկրին քրիստոնեաներուն մօտ գտած են, եւ թէ այդ աւանդութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ Դ. դար: Rentis ուրեմն, բնիկ տեղեկութիւններէն դուրս, ունի Եւսեբիոսի եւ Յերոնիմոսի, իրենց ժամանակին, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի լատին թագաւորութեան վկայութիւնները: Այս է հին եւ վաւերական աւանդութիւնը (Տե'ս Dict. de la Bible, բառն Arimathie):