Ս.
Յովակիմ-Աննայի
եկեղեցւոյ
մասին
ամէնէն
հին
վկայութիւնները
հոս
պիտի
յիշենք.
հինգերորդ
դարուն
վերջերը
Վերգիլիոս
եւ
վեցերորդ
դարու
առաջին
քառորդին
Անտոնիոս
Վկայ
Թէոդորոս
կը
վկայեն
թէ
Եւդոկսիա
հիմնարկեց
Ս.
Ստեփանոսի
եկեղեցին,
եւ
իենցմէ
յիշատակուած
ոեւէ
եկեղեցի
չեն
մատնանշեր
որ
նոյն
թագուհին
շինել
տուած
ըլլայ:
Արաբներուն
Երուսաղէմ
գալէն
յառաջ
կրօնական
շինութեանց
մասին
երեք
որոշ
շրջաններ
կը
գտնուին
Երուսաղէմի
պատմութեան
մէջ:
Ա.
Կոստանդիանոսի
եւ
Հեղինէի
(Դ.
դար),
Եւդոկսիայի
(Ե.
դար),
Յուստինիանոսի
(Զ.
դար):
Վերեւ
յիշուած
վկաները
Յուստինիանոսէն
յառաջ
են
եւ
անոնք
Եւդոկսիայի
կ’ընծայեն
միայն
Ս.
Ստեփանոսի
շինութիւնը,
անոնք
իրենց
լռութեամբն
իսկ
Ս.
Յովակիմ-
Աննայի
եկեղեցիին
շինութիւնը
կը
վերագրեն
առաջին
շրջանին:
Ս.
Հեղինէ
միայն
երեք
մեծ
եկեղեցիները
չէ
որ
շինած
է,
պատմիչները
կ’ըսեն
թէ
ան
շինել
տուաւ
նաեւ
ուրիշներ
իր
ներկայութեամբը
եւ
կամ
Երուսաղէմի
պատրիարքին
միջոցաւ:
Եւ
եթէ
ստոյգ
է
որ
Ս.
Աննայն
նշխարները
որ
Կ.
Պոլսի
մէջ
կը
յարդուէին,
եւ
նոյն
իսկ
Ս.
Հեղինէի
երկրորդական
եկեղեցիներուն
առաջին
շարքին
դասակարգել
այն
եկեղեցին`
ուր
Կոստանդիանոսի
բարեպաշտ
մայրը
կրնար
միեւնոյն
ժամանակ
պատուել
Տիրամօր
ծննդեան
տեղը
եւ
Անոր
ծնողաց`
Յովակիմայ
եւ
Աննայի
գերեզմանը:
Անտոնիոս
Վկան
իր
Ուղեգրութեան
մէջ
կարեւոր
տեղեկութիւններ
կու
տայ
Ս.
Յովակիմ-Աննայի
եկեղեցւոյ
մասին,
նախ
ան
կ’ըսէ
թէ
եկեղեցին
կը
տարածուէր
մինչեւ
Բեթհեզդայի
սրահներէն
միոյն
վրայ,
յետոյ
կը
յարէ
թէ
Աւազանը
մասամբ
մը
տակաւին
նոր
լեցուած
էր,
մինչ
միւս
մասը
քաղաքին
լուացման
պիտոյից
կը
ծառայէր.
բժշկութիւն
գործելու
ոյժը
գոգցես
անցած
էր
Յովակիմ-Աննայի
եկեղեցիին,
ուր
գտնուած
էր
բնական
մեծութեամբ
ուխտի
համար
դրուած
քանդակեալ
ոտք
մը`
որ
այժմ
կը
մնայ
Լուվրի
թանգարանը,
Բարիզի
մէջ:
Եթէ
յունական
արձանագրութեան
գիրերուն
ձեւը
թոյլ
չի
տար
այս
ուխտադիր
նուէր
տանել
մինչեւ
աւետարանական
ժամանակաշրջանին,
որ
ատեն
ժամանակ
առ
ժամանակ
հրեշտակը
հիւանդ
մը
կը
բժշկէր,
անտարակոյս
զայն
կարելի
է
տանել
Անտոնինոսի
թուականին
եւ
այսպէս
Զ.
դարուն
ցոյց
տալ
Պոմպէիա
Լուկիլիա
կոչուած
հռովմայեցի
տիկնոջ
մը
հրաշալի
բժշկութիւնը
Յովակիմ-
Աննայի
եկեղեցիին
մէջ:
Զ.
դարու
այս
մեծ
եկեղեցին
ո'չ
614ին
Պարսիկներէն
եւ
ո'չ
636ին
Արաբներէն
չէ
քանդուած:
Խոսրով
սրբավայրերը
կողոպտեց
եւ
կրակի
տուաւ
այն
մայր
եկեղեցիները
որոնց
տանիքները
փայտէ
շինուած
էին,
ինչպէս
Ս.
Յարութիւն
եւ
Ս.
Ստեփանոս:
Բայց
Յովակիմ-
Աննայի
նուազ
լայն
եւ
սկզբանէ
քարէ
կամարներ
ունենալով
ի՞նչպէս
պիտի
այրէր:
Քարերը
չեն
կրնար
այրիլ:
Ան
չքանդուեցաւ
Պարսիկներէն:
637ին
Երուսաղէմի
գրաւման
ժամանակ,
Օմար
մասնաւորապէս
հրամայեց
որ
եկեղեցիները
չը
քանդուին
եւ
կամ
ուրիշ
շէնքի
չվերածուին:
738ին
պատահած
երկրաշարժէն
ալ
ապահով
մնաց
այս
եկեղեցին,
մինչ
շատ
եկեղեցիներ
քանդուեցան
թէ'
Երուսաղմի
մէջ
եւ
թէ'
Յորդանանի
կողմերը:
810ին
Commemoratorium
de
Casis
Dei
յիշատակարանին
հեղինակը
կը
յիշատակէ
այս
եկեղեցին
իր
կղերովը
եւ
իր
կոյսերովը:
870ին
Բեռնարդոս
վանական
իր
Ուղեգրութեան
մէջ
կը
գրէ
թէ
այն
եկեղեցին
խիստ
մեծ
էր:
Անոր
անդաստակը
կ’երկարէր
մինչեւ
Բեթհեզդայի
սրահներէն
միոյն
վրայ.
այս
թուականին
եկեղեցին
գոյութիւն
ունէր
եւ
Ս.
Քաղաքին
չորս
կամ
հինգ
մեծ
եկեղեցիներէն
մին
էր:
Արաբ
պատմիչներէն
Միւճիր-էտ-
տին
եւ
Ապուլֆէտա
մեզ
կը
պատմեն
թէ
Խաչակիրներէն
առաջ
եկեղեցին
գոյութիւն
ունէր,
վասնզի
առաջին
անգամ
ըլլալով
հոն
հաստատուած
էր
իսլամական
վարժարան
մը:
Միւս
կողմէն
ԺԲ.
դարու
արեւմտեան
իբրեւ
հնագոյն
յիշատակարան
մը,
առանց
ակնարկութիւն
ընելու
անոր
շինութեան
եւ
կամ
նորոգութեան
մասին:
Իսլամ
տիրապետութեան
եւ
կամ
նորոգութեան
մասին:
Իսլամ
տիրապետութենէն
յետոյ
միշտ
յարգուած
է
Statu
quoի
կանոնը:
Սրբավայրերու
նորոգութիւնը
երոկւ
շրջաններու
ժամանակ
միայն
կատարուած
է.
մին`
Մեծին
Կարոլոսի
եւ
միւսն`
Կունդ
Կարոլոսի
օրով:
Խաչակիրք
երբ
Երուսաղէմը
գրաւեցին
այս
եկեղեցին
յատկա
ցուցին
Բենետիկեան
կրօնաւորուհիներու,
երբ
1103ին
Seawulf
հոն
այցելեց`
անոնք
թուով
չորս
էին.
բայց
հետեւեալ
տարին,
Պաղտին
Ա.
ի
կինը
Արդա`
որ
հոն
տարագրուեցաւ,
ճոխացուց
եկեղեցին
իր
արդիւնքներովը:
1130ին
Պաղտին
Բ.
ի
աղջիկը
եւ
Մելիսանդ
թագուհիին
քոյրը
Յուդիթ
կրօնաւորուհի
դաձաւ
եւ
հոն
բնակեցաւ
մինչեւ
1144,
Բեթանիոյ
նոր
վանքը
երթալէ
յառաջ:
Յովհաննէս
Վըրզպուրկցի
1150ին
Ս.
Աննայի
միաբանութիւնը
գտաւ
աւելի
բազմաթիւ
եւ
բարգաւաճ:
Սալահէտտին
1187ին
Երուսաղէմը
գրաւելէ
յետոյ,
Յովակիմ-Ա
ննայի
եկեղեցին
մէտրէսէի
վերածեց,
Ապուլֆէտա
պատմագիր
(
1331)
այս
մասին
կուտայ
հետեւեալ
տեղեկութիւնը.
«Սուլթանը
(Սալահէտտին)
1192ին
հրամայեց
շինել
պարիսպները
եւ
աւելցուց
եկամուտները
այն
վարժարանին
զոր
հիմնած
էր
այս
քաղաքին
մէջ:
-
Իսլամութենէ
յառաջ,
այս
շէնքը
ծանօթ
էր
Հաննա
Իւմմ
Մէրիէմ
(Աննա`
մայր
Մարիամու)
անուամբ.
իսլամ
տիրապետութեան
տակ,
այս
եկեղեցին
կը
ծառայէր
եիբր
Տուն
գիտութեան-Ֆռանկները
երբ
հիճրէթի
492ին
Երուսաղէմի
տիրացան`
վերածեցին
զայն
իր
առաջին
նպատակին .
—
վերջապէս
սուլթանը
երբ
Երուսաղէմի
տիրեց,
դարձեալ
զայն
վարժարանի
վերածեց
եւ
Պէհա-էտ-տին-իպն-Շէտտատ
դատաւորին
յանձնեց
վարժարանի
տեսչութիւնը
եւ
հաստատութեան
ստացուածոց
վարչութիւնը»:
Մի
ուրիշ
արաբ
պատմագիր
Միւճիր-էտ-տին
1520ին
Երուսաղէմի
եւ
Քեբրոնի
իր
պատմութեան
մէջ
կը
գրէ.
«Սալահէտտին`
իր
շուրջը
գտնուող
իւլէմաներու
հետ
խորհրդակցելով
Ս.
Աննա
կոչուած
եկեղեցին,
որ
կ’ըսեն
թէ
Մարիամի
մօր`
Ս.
Աննայի
գերեզմանը
կը
պարունակէ,
եւ
կը
գտնուի
Պապ
Էլ-
Սէպաթի
մօտ,
Shafeïtes
գիտուններուն
յատուկ
վարժարանի
մը
վերածեց.
(նոյն
դպրոցը
իսլամութեան
կրօնա-
իրաւագիտական
չորս
դպրոցներէն
մին
էր):
Միեւնոյն
հեղինակը
կ’ըսէ
դարձեալ.
«Սալահէտտինէ
հիմնուած
մէտրէսէն,
Յունաց
ժամանակ
եկեղեցի
մ’էր,
եւ
կը
կոչուէր
գերեզման
Աննայի,
վասն
զի,
ըստ
աւանդութեան,
ան
կը
պարունակէ
Մարիամի
մօր`
Աննայի
գերեզմանը,
Սալահէտտին
հիմնած
է
զայն
1192ին:
Այս
դպորոցի
շէյխին
պաշտօնը
իսլամ
կայսրութեան
մէջ
կարեւոր
պաշտօններէն
մին
է»:
Զանց
կ’ընենք
յիշատակել
Ricoldi
(1292),
François
Pipino
(1330),
իտալացի
Անանուն
(1384),
Guillume
Baldenzel
(1330),
անգղիացի
Jean
Mandevill
(1330),
Nudolphe
(1336),
Դոմինիկեան
Fabri
(1479
եւ
1483),
իշխան
Radzivel
(1583),
ուխտաւորները
որ
այցելած
են
Ս.
Յովակիմ-
Աննայի
եկեղեցին,
եւ
անոնցմէ
շատեր
կը
յիշատակեն
թէ
Ս.
Կոյսը
նոյն
տեղը
ծնած
է
եւ
հոն
կը
գտնուի
Ս.
Աննայի
գերեզմանը`
որուն
վրայ
շինուած
է
նոյն
եկեղեցին:
Ժամանակակից
պատմագիրներէն
de
Vogüè,
Frère
Liévin,
կարտինալ
Lavigerie,
P.
Rocchi,
Կրոդդա-Ֆէրադայ
(Հռովմ)
վանքին
Բարսեղեան
յոյն
կրօնաւորը,
P.
Bassi,
երբեմնի
պատմագիր
Ս.
Երկրի,
եւ
այլք
պատմական
ուսումնասիրութիւններ
ունին
այս
եկեղեցիին
մասին,
Mauss
ճարտարապետը`
որ
1888ին
նորոգած
է
Յովակիմ-Աննայի
եկեղեցին,
եւ
նոյն
տարին
հրատարակած
է
գիրք
մը
"
La
Piscine
de
Bethesda
à
Jérusalem"
խորագրով:
Իսկ
Ափրիկէ
միսիոնար
P.
Leon
Cré
1893ին
շահեկան
բանախօսութիւն
մը
ըրած
է
Երուսաղէմի
Դոմինիկեանց
սրահին
մէջ,
նոյն
եկեղեցւոյ
պատմութեան
եւ
ճարտարապետութեան
մասին,
եւ
մենք
մեր
երկու
հատուածներու
խմբագրութեան
առթիւ
մեծապէս
օգտուած
ենք
նոյն
բանախօսութենէն
(տե'ս
R.
B.
1893,
էջ
245-
274):