Էս-Սալթը 
  
   ստուգիւ 
  
   խիստ 
  
   հին 
  
   լաղաք 
  
   մ՚է. 
  
   բայց 
  
   իր 
  
   նոյնացումը 
  
   տեղի 
  
   տուած 
  
   է 
  
   ծանր 
  
   վէճերու: 
  
   Եւսեբիոս 
  
   կ՚ըսէ 
  
   թէ 
  
   Ռամովդ` 
  
   «քաղաք 
  
   նուիրական 
  
   եւ 
  
   ասապտանարան 
  
   Գադ 
  
   ցեղին, 
  
   Փիլատելփիոյ 
  
   արեւմուտքը 
  
   15 
  
   մղոն 
  
   հեռի 
  
   աւան 
  
   մ՚է» 
  
   (Տե'ս 
  
   Onomasticon): 
  
   Պատմիչը 
  
   առանց 
  
   ո'եւէ 
  
   տարակուսի 
  
   Ռամովդը 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   Գաղաադի 
  
   մէջ 
  
   (Գ. 
  
   Թագ. 
  
   ԻԲ. 
  
   3), 
  
   կամ 
  
   Գաղաադի 
  
   Մասփան 
  
   (Դատ. 
  
   ԺԱ. 
  
   29) 
  
   մինչեւ 
  
   Էս-Սալթ` 
  
   որ 
  
   24 
  
   քիլոմէթր 
  
   հեռի 
  
   է 
  
   Ամմանէն 
  
   դէպ 
  
   ի 
  
   արեւմուտք 
  
   - 
  
   հիւսիս 
  
   - 
  
   արեւմուտք: 
  
   Բայց 
  
   այս 
  
   նոյնացումը 
  
   սխալ 
  
   է, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   աստուածաշնչական 
  
   բոլոր 
  
   տուիքներուն 
  
   համաձայն, 
  
   Գաղաադի 
  
   Ռա 
  
   մովդը 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   հիւսիսային 
  
   կողմը 
  
   Յոբովկի, 
  
   Նահր 
  
   էլ 
  
   Զերքայի 
  
   եւ 
  
   նոյն 
  
   իսկ 
  
   Մահանայիմի` 
  
   Հէրպէդ 
  
   էլ 
  
   Մահնէհի 
  
   հիւսիսը: 
 
       
  
   Էս 
  
   - 
  
   Սալաթ 
  
   անունը 
  
   կը 
  
   ծագի 
  
   լատին 
  
   saltus 
  
   բառէն 
  
   որ 
  
   կը 
  
   նշանակէ 
  
   անտառ. 
  
   իսկ 
  
   յոյները 
  
   կ՚ըսեն 
  
   անոր 
  
   Salton 
  
   Hieraticon, 
  
   որ 
  
   կը 
  
   նշանակէ 
  
   նուիրական 
  
   Սալթը: 
  
   Գէորգ 
  
   Կիպրացին 
  
   որ 
  
   կը 
  
   յիշատակէ 
  
   զայն 
  
   այս 
  
   անուամբ, 
  
   կը 
  
   դնէ 
  
   զայն 
  
   Գ. 
  
   Պաղեստինի 
  
   մէջ: 
  
   Մի 
  
   եւ 
  
   նոյն 
  
   հեղինակը 
  
   այս 
  
   քաղաքը 
  
   կ՚անուանէ 
  
   "Salton 
  
   Bataneos 
  
   Արաբիոյ 
  
   մէջ»: 
  
   Արդ, 
  
   Էս- 
  
   Սալթի 
  
   արեւմտեան 
  
   կողմը 
  
   վեց 
  
   քիլոմէթր 
  
   հեռի 
  
   տակաւին 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   Khirbet 
  
   Bataneh` 
  
   զոր 
  
   կը 
  
   նոյնացնեն 
  
   Betonium 
  
   աստուածաշնչական 
  
   քաղաքին 
  
   հետ 
  
   (Յես. 
  
   ԺԳ. 
  
   26): 
 
        
  
   Խիստ 
  
   հաւանական 
  
   է 
  
   որ 
  
   Salton 
  
   հին 
  
   Gadara 
  
   քաղաքն 
  
   է 
  
   զոր 
  
   Յովսեպոս 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   իբր 
  
   քաղաք 
  
   Արաբիոյ: 
  
   Ուրիշ 
  
   հատուածի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   ան 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   թէ 
  
   Nimrimէն 
  
   շատ 
  
   հեռի 
  
   չէ: 
  
   Պտղոմէոս 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   Gadare 
  
   քաղաք 
  
   մը 
  
   Սկիւթուպոլսի 
  
   եւ 
  
   Պելլայի 
  
   հետ, 
  
   որ 
  
   հրեայ 
  
   պատմիչին 
  
   յիշածին 
  
   տարբեր 
  
   քաղաք 
  
   մը 
  
   չի 
  
   կրնար 
  
   ըլլալ: 
  
   Սակայն 
  
   եւ 
  
   այնպէս 
  
   Gadara 
  
   անունը 
  
   կը 
  
   թուի 
  
   թէ 
  
   պահուած 
  
   է 
  
   քաղաքին 
  
   հարաւային 
  
   կողմը 
  
   Ain 
  
   Djadour 
  
   ըսուած 
  
   աղբիւրին 
  
   անունով: 
 
       
  
   Salton 
  
   Hieraticon 
  
   Պոսրայի 
  
   քորեպատկոպոսական 
  
   քաղաք 
  
   մ՚էր 
  
   յիշատակարանի 
  
   մը 
  
   համաձայն, 
  
   կամ 
  
   Բետրայի` 
  
   ըստ 
  
   տարբեր 
  
   յիշատակարանի: 
  
   Խաչակրաց 
  
   ժամանակն 
  
   Պաղտին 
  
   Ա 
  
   տարեկան 
  
   տուրքեր 
  
   հաւաքեց 
  
   Աճլունի 
  
   լեռներէն 
  
   եւ 
  
   «Սալթի 
  
   շրջականերէն»: 
  
   Հաւանական 
  
   է 
  
   որ 
  
   Ֆրանկները 
  
   նորոգեցին 
  
   միջնաբերդը 
  
   որուն 
  
   ակերակը 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   հիւսիսային 
  
   - 
  
   արեւելք: 
  
   Ենթաշինուածներու 
  
   մեծ 
  
   յօրինուածքը 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   հռովմէական 
  
   կամ 
  
   բիւզանդական 
  
   ծագում 
  
   մը: 
  
   Միւս 
  
   կողմէն 
  
   արաբ 
  
   հեղինակները 
  
   մեզ 
  
   կը 
  
   սորվեցնեն 
  
   թէ 
  
   1260ին 
  
   Մոնկոլներու 
  
   կողմէն 
  
   միջնաբերդը 
  
   քանդուած 
  
   եւ 
  
   1266ին 
  
   Պիպարբի 
  
   կողմէն 
  
   վերաշինուած 
  
   է: 
  
   1840ին 
  
   Իպրահիմ 
  
   փաշան 
  
   օդը 
  
   հանեց 
  
   զայն: 
 
       
  
   Քաղաքը 
  
   ամփիթատրոնի 
  
   ձեւով 
  
   կը 
  
   տարածուի 
  
   իրար 
  
   միացող 
  
   երկու 
  
   բլուրներու 
  
   վրայ: 
  
   Ի 
  
   սկզբան 
  
   ան 
  
   կը 
  
   գտնուէր 
  
   միջնաբերդի 
  
   աւերակներուն 
  
   հիւսիսային 
  
   զառիվայրին 
  
   վրայ. 
  
   ժողովրդեան 
  
   աճումով 
  
   նոր 
  
   թաղեր 
  
   կազմուեցան 
  
   հարաւ 
  
   - 
  
   արեկմուտքի 
  
   կողմի 
  
   հակառակ 
  
   զառիվայրին 
  
   վրայ: 
  
   Քաղաքը 
  
   աջ 
  
   ու 
  
   ձախ 
  
   ունի 
  
   արգասաբեր 
  
   հովիտներ 
  
   գեղեցիկ 
  
   այգիներով 
  
   եւ 
  
   պարտէզներով: 
  
   Բնակիչներն 
  
   են 
  
   իսլամ, 
  
   յոյն 
  
   եւ 
  
   լատին. 
  
   վերջիններս 
  
   ունին 
  
   եկեղեցի 
  
   եւ 
  
   դպրոց: 
  
   Իսլամ 
  
   եւ 
  
   քրիստոնեայ 
  
   իրենց 
  
   լեզունին, 
  
   բարքերուն 
  
   եւ 
  
   սովորութեանց 
  
   մէջ 
  
   պահպանած 
  
   են 
  
   շատ 
  
   կապեր 
  
   թափառաշրջիկ 
  
   ցեղերու 
  
   յատուկ: 
 
       
  
   Էս 
  
   - 
  
   Սալթի 
  
   գինին 
  
   ընտիր 
  
   է 
  
   եւ 
  
   չամիչները 
  
   համբաւաւոր: 
  
   Հոն 
  
   շատ 
  
   կը 
  
   մշակեն 
  
   աղտորը 
  
   (sumac) 
  
   զոր 
  
   խաղախորդութեան 
  
   համար 
  
   կ՚արտածեն: 
  
   Այս 
  
   քաղաքին 
  
   փոքր 
  
   ճարտարարուեստին 
  
   կը 
  
   միանայ 
  
   շահագործութիւնը 
  
   ֆաս 
  
   ֆադային 
  
   կաւիճի` 
  
   զոր 
  
   Blankanhorn 
  
   գտած 
  
   է 
  
   Sirouի 
  
   սարահարթին 
  
   վրայ, 
  
   դէպ 
  
   ի 
  
   արեւելք: 
  
   Անգղիական 
  
   ընկերութիւն 
  
   մը 
  
   փորձեց 
  
   շահագործել 
  
   այս 
  
   հանքերը. 
  
   բայց 
  
   յետոյ 
  
   հրաժարեցաւ 
  
   անկէ` 
  
   շահաւոր 
  
   չտնելով 
  
   զայն: 
  
   Կանոնաւոր 
  
   ճանապարհներ 
  
   շինուած 
  
   են 
  
   Սալթէն 
  
   Ամման 
  
   (Meistermann, 
  
   Guide 
  
   du 
  
   Nil 
  
   au 
  
   Jourdain, 
  
   էջ 
  
   314-6): 
 
       
  
   1321ին 
  
   Ապուլ 
  
   - 
  
   Ֆէտա 
  
   արաբ 
  
   պատմագիրն 
  
   ալ 
  
   տեղեկութիւններ 
  
   ունի 
  
   Սալթի 
  
   վրայ: