Սելովամի 
  
   մէջ 
  
   կատարուած 
  
   էր 
  
   ի 
  
   ծնէ 
  
   կուրին 
  
   բժշկութեան 
  
   հրաշքը, 
  
   ըստ 
  
   Աւետարանի: 
  
   Այն 
  
   օրէն 
  
   ժողովրդական 
  
   դարձան 
  
   նոյն 
  
   աւազանի 
  
   ջրերը 
  
   եւ 
  
   ստացան 
  
   անոնք 
  
   բուժիչ 
  
   զօրութիւն 
  
   մը` 
  
   հաւատքով 
  
   մօտեցողներուն 
  
   համար: 
  
   Քրիստոնէական 
  
   առաջին 
  
   դարերուն 
  
   իսկ, 
  
   հոն 
  
   տակաւին 
  
   եկեղեցի 
  
   չհաստատուած, 
  
   աչազուրկներ 
  
   ամէն 
  
   կողմէ 
  
   կը 
  
   դիմէին 
  
   բժշկութիւն 
  
   գտնելու 
  
   համար, 
  
   մասնաւորապէս 
  
   Եգիպտոսէն 
  
   եկողներ 
  
   կը 
  
   վկայուի 
  
   թէ 
  
   Սելովամ 
  
   կ’իջնէին 
  
   նոյն 
  
   նպատակաւ: 
  
   Երուսաղէմի 
  
   Սոփրոնիոս 
  
   հայրապետը 
  
   իր 
  
   Կիւրոս 
  
   եւ 
  
   Յովհաննէս 
  
   մարտիրոսներու 
  
   վկայաբանութեան 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   յիշաակէ 
  
   թէ 
  
   նոյն 
  
   վկաները 
  
   տեսիլքով 
  
   մը 
  
   թելադրած 
  
   են 
  
   Ս. 
  
   Մինաս 
  
   Եգիպտացի 
  
   զօրականը 
  
   եւ 
  
   վերին 
  
   Եգիպտոսի 
  
   վանականներէն 
  
   մին 
  
   որ 
  
   Սելովամի 
  
   ջուրերուն 
  
   դիմեն 
  
   աչաց 
  
   բժշկութեան 
  
   համար: 
  
   Ժողովուրդը 
  
   մեծ 
  
   հաւատք 
  
   ունէր 
  
   այդ 
  
   ջուրերու 
  
   մասին, 
  
   այնպէս 
  
   որ 
  
   Տնօրինական 
  
   Ս. 
  
   Տեղերը 
  
   այցելող 
  
   ուխտաւորներ 
  
   երբեք 
  
   զանց 
  
   չէին 
  
   ըներ 
  
   Սելովամը: 
  
   Ինչպէս 
  
   որ 
  
   Ս. 
  
   Տեղերու 
  
   վրայ 
  
   կանուխէն 
  
   եկեղեցիներ 
  
   շինուեցան, 
  
   հոս 
  
   ալ 
  
   հին 
  
   դարերու 
  
   մէջ 
  
   կառուցուած 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   հոյակապ 
  
   եկեղեցի 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   կամարներուն 
  
   տակ 
  
   կը 
  
   պայծառանար 
  
   Սելովամի 
  
   աւազանը: 
  
   Հնախօսներու 
  
   կարծիքը 
  
   կը 
  
   տարբերի 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցիի 
  
   շինութեան 
  
   թուականի 
  
   մասին: 
  
   Ոմանք 
  
   կը 
  
   կարծեն 
  
   թէ 
  
   Եւդոկսիա 
  
   թագուհին 
  
   շինած 
  
   է 
  
   զայն 
  
   Երուսաղէմի 
  
   պարիսպները 
  
   շինելուն 
  
   առթիւ. 
  
   այլք 
  
   աւելի 
  
   կանուխ 
  
   կը 
  
   նկատեն 
  
   նոյնին 
  
   շինութիւնը. 
  
   ուղեգիրներ 
  
   որոշ 
  
   չեն 
  
   յիշաակեր 
  
   հիմնադիրը: 
  
   Երուսաղէմի 
  
   տօնակարգը, 
  
   որ 
  
   վրացերէն 
  
   ձեռագրի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   գտնուած 
  
   եւ 
  
   Goussen 
  
   Գերմանացին 
  
   հրատարակած 
  
   է, 
  
   ունի 
  
   հետեւեալ 
  
   ծանօթութիւնը 
  
   «17 
  
   Ապրիլ, 
  
   ի 
  
   Սելովամ 
  
   յիշատակ 
  
   Վաղենտիանոս 
  
   կայսեր»: 
  
   Յուլիանոս 
  
   Ուրացողէն 
  
   յետոյ 
  
   գահակալած 
  
   էր 
  
   Վաղենտիանոս: 
  
   Բիւզանդացի 
  
   հեղինակներ 
  
   այս 
  
   վերջինը 
  
   կը 
  
   նկատեն 
  
   ջերմեռանդ 
  
   հաւատացեալ 
  
   մը, 
  
   որ 
  
   առաջին 
  
   անգամ 
  
   հիմնադրած 
  
   է 
  
   եկեղեցի 
  
   մը 
  
   Սելովամի 
  
   մէջ 
  
   (364-375), 
  
   թերեւս 
  
   իբր 
  
   փոխադարձութիւն 
  
   Յուլիանոսի 
  
   հրէամիտ 
  
   ապարդիւն 
  
   ձեռնարկներուն: 
  
   Վաղենտիանոսի 
  
   հիմնարկութենէն 
  
   յետոյ 
  
   է 
  
   որ 
  
   Յուստինիանոս 
  
   կայսրը 
  
   նորոգել 
  
   տուած 
  
   է 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցին 
  
   եւ 
  
   գմբէթով 
  
   մըն 
  
   ալ 
  
   զարդարել 
  
   տուած 
  
   է 
  
   զայն: 
  
   Շատ 
  
   կանուխէն 
  
   Սելովամի 
  
   ուխտաւորները 
  
   կը 
  
   նկարագրեն 
  
   միայն 
  
   աւանզանը 
  
   ու 
  
   անոր 
  
   վրայ 
  
   կառուցուած 
  
   կամարները. 
  
   451ին 
  
   է 
  
   որ 
  
   պատմականօրէն 
  
   կը 
  
   յիշատակուի 
  
   այս 
  
   եկեղեցին: 
  
   Պետրոս 
  
   վրացի 
  
   եպիսկոպոսը, 
  
   որ 
  
   կ’ապրէր 
  
   Ե. 
  
   դարու 
  
   կիսուն, 
  
   իր 
  
   Անանուն 
  
   կենսագրին 
  
   ըսածին 
  
   նայելով` 
  
   ուխտագնացութեան 
  
   առթիւ 
  
   կ’այցելէ 
  
   ուրիշ 
  
   ուխտատեղիներէ 
  
   զատ, 
  
   Սելովամի 
  
   եկեղեցին. 
  
   ուրեմն 
  
   ա'ն 
  
   451ին 
  
   շինուած 
  
   էր 
  
   արդէն: 
  
   570ին 
  
   ուրիշ 
  
   ուղեգիր 
  
   մը, 
  
   Անտոնիոս 
  
   վկայ, 
  
   իր 
  
   Ուղեգրութեան 
  
   մէջ 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով 
  
   կը 
  
   նկարագրէ 
  
   Սելովամի 
  
   եկեղեցին. 
  
   «Երբ 
  
   իջանք 
  
   կամարի 
  
   մը 
  
   մօտ, 
  
   ուր 
  
   կար 
  
   քաղաքին 
  
   մէկ 
  
   հին 
  
   դուռը: 
  
   Հոն 
  
   կար 
  
   աղի 
  
   ջուր 
  
   մը 
  
   որուն 
  
   մէջ 
  
   ձգած 
  
   էին 
  
   Երեմիա 
  
   մարգարէն: 
  
   Շատ 
  
   աստիճաններէ 
  
   իջանք 
  
   Սելովամի 
  
   աւազանը, 
  
   ուր 
  
   տեսանք 
  
   գմբէթաւոր 
  
   պազիլիքան, 
  
   որուն 
  
   տակէն 
  
   կը 
  
   բղխէր 
  
   Սելովամի 
  
   աղբիւրը. 
  
   հոն 
  
   շինուած 
  
   էին 
  
   մարմարիոնէ 
  
   երկու 
  
   լոգարաններ` 
  
   պատով 
  
   մը 
  
   բաժնուած, 
  
   մին 
  
   արանց 
  
   եւ 
  
   միւսն 
  
   կանանց 
  
   համար, 
  
   որոնք 
  
   կը 
  
   լուացուէին 
  
   բարեպաշտութեամբ: 
  
   Այս 
  
   ջուրերուն 
  
   մէջ 
  
   կային 
  
   զանազան 
  
   բուժիչ 
  
   զօրութիւններ 
  
   եւ 
  
   շատ 
  
   հիւանդներ 
  
   կ’առողջանային: 
  
   Անդաստակին 
  
   առջեւ 
  
   կար 
  
   մարդոցմէ 
  
   շինուած 
  
   լայն 
  
   աւազան 
  
   մը, 
  
   ուր 
  
   ժողովուրդը 
  
   յաճախակի 
  
   կը 
  
   լուացուէր: 
  
   Շատ 
  
   ժամանակ 
  
   ջուրը 
  
   աղբիւրէն 
  
   կը 
  
   վազէր 
  
   առատօրէն 
  
   եւ 
  
   կ’երթար 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   հովիտը` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   կոչուի 
  
   նաեւ 
  
   Յովսափատ 
  
   …»: 
  
   Այս 
  
   խօսքերը 
  
   բոլորովին 
  
   համաձայն 
  
   են 
  
   վերջին 
  
   տարիներու 
  
   մէջ 
  
   կատարուած 
  
   հնախօսական 
  
   պեղումներուն: 
  
   614ին 
  
   պարսկական 
  
   յարձակումներու 
  
   հետեւանքով` 
  
   կործանուեցաւ 
  
   Սելովամի 
  
   եկեղեցին 
  
   եւ 
  
   այդ 
  
   պատճառաւ 
  
   Անտոնիոս 
  
   վկայէն 
  
   վերջ 
  
   այցելող 
  
   ուղեգիրները 
  
   ո'եւէ 
  
   ծանօթութիւն 
  
   չեն 
  
   տար 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցիի 
  
   մասին: 
  
   1896ին 
  
   միայն 
  
   Բրօֆ. 
  
   Bliss 
  
   եւ 
  
   Dickie 
  
   իրենց 
  
   հնագիտական 
  
   պեղումնրով 
  
   երեւան 
  
   հանեցին 
  
   Սելովամի 
  
   եկեղեցիին 
  
   մնացորդներն 
  
   եւ 
  
   վերակազմեցին 
  
   անոր 
  
   վաղեմի 
  
   յատակագիծը 
  
   (Տե'ս 
  
   Excavation 
  
   at 
  
   Jerusalem, 
  
   1894-1897, 
  
   by 
  
   Bliss 
  
   and 
  
   Dickie: 
  
   Միջին 
  
   դարու 
  
   արաբ 
  
   մատենագիրներէն 
  
   Իտիրիս 
  
   կը 
  
   յիշատակէ 
  
   աւետարանական 
  
   յիշատակը 
  
   Սելովամի 
  
   նկատմամբ, 
  
   մինչ 
  
   Մուգատասի 
  
   985ին 
  
   կը 
  
   պատմէ 
  
   թէ 
  
   Սելովամը 
  
   կ’որոգէ 
  
   ընդարձակ 
  
   պարտէզներ, 
  
   որ 
  
   քաղաքին 
  
   աղքատներուն 
  
   անունով 
  
   վագֆ 
  
   եղած 
  
   են. 
  
   իսկ 
  
   1047ին 
  
   Նասիր-ի- 
  
   Խոսրով 
  
   պարսիկ 
  
   բանաստեղծը` 
  
   որ 
  
   իր 
  
   Ճամբորդութիւնը 
  
   մայրենի 
  
   լեզուովը 
  
   գրած 
  
   է, 
  
   կը 
  
   հաստատէ 
  
   որ` 
  
   եթէ 
  
   մէկը 
  
   լուացուի 
  
   Սելովամի 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   բուժուի 
  
   իր 
  
   ախտերէն, 
  
   եւ 
  
   կ’աւելցնէ 
  
   թէ 
  
   Սելովամի 
  
   մէջ 
  
   հաստատուած 
  
   են 
  
   գթութեան 
  
   զանազան 
  
   յարկեր, 
  
   ուր 
  
   կը 
  
   խնամուին 
  
   հիւանդները 
  
   Երուսաղէմ 
  
   քաղաքին 
  
   ծախքովը. 
  
   հոն 
  
   շինուած 
  
   է 
  
   նաեւ 
  
   հիւանդանոց 
  
   մը` 
  
   ուր 
  
   կան 
  
   թոշակաւոր 
  
   բժիշկներ: