Ս. 
  
   Հրեշտակապետի 
  
   վանքը 
  
   անյիշատակ 
  
   ժամանակներէ 
  
   ի 
  
   վեր 
  
   հայկական 
  
   սեպհականութիւն 
  
   եղած 
  
   է 
  
   եւ 
  
   է' 
  
   մինչեւ 
  
   ցարդ: 
  
   Պատմական 
  
   որոշ 
  
   արձանարգութիւն 
  
   չունինք 
  
   անոր 
  
   հիմնարկութեան 
  
   մասին, 
  
   բայց 
  
   աւանդաութիւնը 
  
   եւ 
  
   Անաստաս 
  
   վրդ.
  
   ի 
  
   ցուցակը 
  
   բաւական 
  
   են 
  
   հաստատելու 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Հրեշտակապետի 
  
   հայկական 
  
   վանքն 
  
   ու 
  
   եկեղեցին 
  
   հիմնարկուած 
  
   են 
  
   Հայոց 
  
   ձեռքով: 
  
   Jé 
  
   rusalem 
  
   Nouvelleի 
  
   հեղինակները 
  
   կը 
  
   յիշատակեն 
  
   զրոյց 
  
   մը 
  
   (Բ. 
  
   հատ. 
  
   էջ 
  
   50) 
  
   թէ 
  
   քրիստոնեայ 
  
   Հայաստանի 
  
   նախկին 
  
   թագաւորներէն 
  
   մին, 
  
   իր 
  
   նեղուած 
  
   միջոցին 
  
   դիմած 
  
   է 
  
   Գաբրիէլ 
  
   եւ 
  
   Միքայէլ 
  
   հրեշտակապետաց, 
  
   որ 
  
   անոր 
  
   օգնած 
  
   եւ 
  
   պայման 
  
   դրած 
  
   են 
  
   որ 
  
   փոխարէն 
  
   թագաւորը 
  
   նոյն 
  
   սուրբ 
  
   տեղւոյն 
  
   վրայ 
  
   եկեղեցի 
  
   մը 
  
   կառուցանէ, 
  
   որպէս 
  
   զի 
  
   ազատի 
  
   վտանգէն: 
  
   Նոյն 
  
   հեղինակները 
  
   կը 
  
   յարեն 
  
   թէ 
  
   այս 
  
   զրոյցը 
  
   յայտնող 
  
   գրեթէ 
  
   աննշան 
  
   որմանկար 
  
   մը 
  
   կը 
  
   տեսնուի 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցիին 
  
   կողակին 
  
   մէջ: 
 
       
  
   Այս 
  
   աւանդութենէն 
  
   զատ 
  
   կայ 
  
   նաեւ 
  
   Անաստաս 
  
   վրդ.
  
   ին 
  
   յիշատակութիւնը 
  
   որ 
  
   է 
  
   հետեւեալը. 
  
   Այլ 
  
   վանք 
  
   Ամատունեաց, 
  
   ուր 
  
   հակատաւորքն 
  
   բնակէին 
  
   ի 
  
   կողմն 
  
   Սիոնի. 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   այս 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   շատ 
  
   անգամներ 
  
   բնակած 
  
   են 
  
   հաւատաւոր 
  
   կիներ, 
  
   որ 
  
   են 
  
   մայրապետք. 
  
   բայց 
  
   յիշատակարանները 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տան 
  
   միւս 
  
   կողմէն 
  
   թէ 
  
   վանականներ 
  
   եւս 
  
   բնակած 
  
   են 
  
   հոն 
  
   պարբերաբար: 
  
   Կը 
  
   թուի 
  
   թէ 
  
   հին 
  
   դարերուն` 
  
   կայսեր 
  
   կը 
  
   բնակէին 
  
   այս 
  
   վանքին 
  
   մէջ. 
  
   բայց 
  
   ԺԴ. 
  
   դարու 
  
   մեր 
  
   ձեռագրական 
  
   յիշատակարաններէն, 
  
   ինչպէս 
  
   նաեւ 
  
   1479 
  
   եւ 
  
   1483ին 
  
   Դոմինիկեան 
  
   Ֆէլիքս 
  
   Ֆապրիի 
  
   Ուղեգրութենէն 
  
   կ’իմանանք 
  
   որ 
  
   վանականներու 
  
   բնակութիւնը 
  
   կը 
  
   շարունակուէր, 
  
   եւ 
  
   երկու 
  
   հարիւր 
  
   տարի 
  
   վերջը 
  
   միայն 
  
   մայրապետներ 
  
   կը 
  
   հաստատուին 
  
   տոն: 
  
   Պէտք 
  
   է 
  
   դիտել 
  
   նաեւ 
  
   Հրեշտակապետի 
  
   եկեղեցիին 
  
   տեղագրական 
  
   պայմանները. 
  
   ան 
  
   շրջապատուած 
  
   էր 
  
   հայկական- 
  
   սրբավայրերով, 
  
   իր 
  
   դիմաց 
  
   եւ 
  
   կողմնակի 
  
   ունէր 
  
   Ս. 
  
   Ստեփանոսի 
  
   եւ 
  
   Ուրկանոցի 
  
   վանքերը, 
  
   որոնց 
  
   միոյն 
  
   աւերակը 
  
   այժմ 
  
   գոյութիւն 
  
   ունի, 
  
   միւսինը` 
  
   ճանապարհին 
  
   միացած. 
  
   քիչ 
  
   մը 
  
   հեռուն 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   Հայոց 
  
   Ս. 
  
   Փրկչի 
  
   վանքը 
  
   եւ 
  
   թերեւս 
  
   ուրիշներ 
  
   ալ: 
  
   Սիոնի 
  
   մայր 
  
   եկեղեցիին 
  
   մօտիկ, 
  
   այս 
  
   եկեղեցիները 
  
   ի 
  
   հնումն 
  
   կը 
  
   կազմէին 
  
   հայկական 
  
   եկեղեցիներու 
  
   խումբ 
  
   մը 
  
   Սիոնի 
  
   թաղին 
  
   մէջ. 
  
   այս 
  
   պարագային 
  
   մէջ 
  
   Հրեշտակապետի 
  
   վանքին 
  
   անոնց 
  
   խիստ 
  
   մերձաւորութիւնը 
  
   կ’ապացուցանէ 
  
   հայկական 
  
   ծագումին 
  
   պարագան: