Վերեւ 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածին 
  
   Գերեզմանի 
  
   եկեղեցիին 
  
   ծագումը, 
  
   զարգացումը 
  
   եւ 
  
   այլ 
  
   փոփոխութիւնները 
  
   ջանացինք 
  
   բացատրել. 
  
   այժմ 
  
   կը 
  
   փափաքինք 
  
   նկարագրել 
  
   անոր 
  
   վերաբերեալ 
  
   հայկական 
  
   յիշատակները: 
 
       
  
   Մեր 
  
   եկեղեցական 
  
   մատենագրութիւնը 
  
   Սուրբ 
  
   Տեղեաց 
  
   եկեղեցիներու 
  
   պատմական 
  
   մանրամասնութեանց 
  
   մասին 
  
   յայտնի 
  
   է 
  
   թէ 
  
   խիստ 
  
   ժլատ 
  
   է: 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածին 
  
   եկեղեցիի 
  
   վերաբերութեամբ 
  
   աք 
  
   գրեթէ 
  
   չունի 
  
   մեզ 
  
   տալու 
  
   ճոխ 
  
   ու 
  
   լիագոյն 
  
   յիշատակներ: 
  
   Գտնուածները 
  
   հոս 
  
   պիտի 
  
   ջանանք 
  
   ամփոփել: 
  
   Մենք 
  
   վերեւ 
  
   յիշեցինք 
  
   եւ 
  
   հաստատեցինք 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանի 
  
   եկեղեցին 
  
   չորրորդ 
  
   դարուն 
  
   տակաւին 
  
   հիմնարկուած 
  
   չէր, 
  
   ինչպէս 
  
   յայտնի 
  
   կ՚ըլլայ 
  
   Էթէրիայի 
  
   Ուղեգրութեան 
  
   բովանդակութենէն: 
  
   Քրիստոնեայք 
  
   Աստուածածնի 
  
   գերեզմանին 
  
   ուխտագնացութիւն 
  
   կ՚ընէին, 
  
   եւ 
  
   թերեւս 
  
   փոքրիկ 
  
   աղօթարան 
  
   մըն 
  
   ալ 
  
   շինուած 
  
   ըլլայ 
  
   հոն, 
  
   բայց 
  
   տակաւին 
  
   շինուած 
  
   չէր 
  
   հոյակապ 
  
   մայր 
  
   եկեղեցին. 
  
   ան 
  
   հինգերորդ 
  
   դարու 
  
   շինութիւն 
  
   մըն 
  
   էր. 
  
   այս 
  
   պարագան 
  
   յայտնի 
  
   է 
  
   մեր 
  
   Խորենացիին 
  
   ընծայուած 
  
   «Պատմութիւն 
  
   Սրբոց 
  
   Հռիփսիմեանց» 
  
   գիրքէն 
  
   (էջ 
  
   299): 
  
   Գայիանէի 
  
   առաջնորդութեամբ 
  
   Հռիփսիմեանք 
  
   Հռովմէն 
  
   փախչելով 
  
   կը 
  
   հասնին 
  
   Աղեքսանտրիա, 
  
   ուրկէ 
  
   կը 
  
   ճամբորդեն 
  
   Երուսաղէմ 
  
   Ս. 
  
   Տեղեաց 
  
   երկրպագութեան 
  
   համար, 
  
   «… 
  
   երթեալք 
  
   ի 
  
   յայրն, 
  
   աղօթս 
  
   եւ 
  
   պաղատանս 
  
   մատուցանէին 
  
   առաջի 
  
   Սրբուհւոյն, 
  
   օգնել 
  
   կուսին 
  
   վտանգելոյ 
  
   եւ 
  
   փախուցելոյ, 
  
   որ 
  
   եղեւ 
  
   նորա 
  
   աղախին 
  
   ի 
  
   մանկութենէ: 
  
   Եւ 
  
   գնացեալ 
  
   անտի 
  
   ի 
  
   Գեթսեմանի 
  
   ի 
  
   Գերեզման 
  
   Աստուածածնին 
  
   եւ 
  
   անդ 
  
   աղօթելով… : 
  
   Եւ 
  
   երկրպագելով 
  
   Աստուածածնին 
  
   եւ 
  
   բազում 
  
   արտասուս 
  
   հեղեալ, 
  
   մնալով 
  
   անդ 
  
   ամօրեայ 
  
   ժամանակաւ»: 
  
   Այս 
  
   տողերէն 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   որոշապէս 
  
   թէ 
  
   Հռիփսիմեանց 
  
   ուխտագնացութեան 
  
   ժամանակ 
  
   տակաւին 
  
   չէր 
  
   շինուած 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցին: 
 
        
  
   Մեր 
  
   պատմագիրներէն 
  
   Մովսէս 
  
   Կաղանկայտուացին 
  
   (Է. 
  
   դար) 
  
   Երուսաղէմի 
  
   եկեղեցիներու 
  
   շինութեանց 
  
   մասին 
  
   ունի 
  
   հատուած 
  
   մը 
  
   (էջ 
  
   420-23) 
  
   հետեւեալ 
  
   վերնագրով. 
  
   «Վասն 
  
   որ 
  
   ի 
  
   Սուրբն 
  
   Երուսաղէմ 
  
   եկեղեցւոյ 
  
   շինուածք 
  
   թուով 
  
   եւ 
  
   հիմնադրելով, 
  
   եւ 
  
   ստոյգն 
  
   գտցես 
  
   անդանօր»: 
  
   Այս 
  
   գրուածքը 
  
   թանկագին 
  
   յիշատակարան 
  
   մըն 
  
   է 
  
   չորրորդ 
  
   դարու 
  
   Կոստանդինեան 
  
   արքայավայել 
  
   եկեղացական 
  
   շինութեանց: 
  
   Ասոր 
  
   հեղինակը 
  
   հինգերորդ 
  
   դարու 
  
   հայ 
  
   ուխտաւոր 
  
   մըն 
  
   է 
  
   եւ 
  
   ժամանակակից 
  
   լատին 
  
   կուսան 
  
   Էթէրիայի 
  
   եւ 
  
   կրտսերն 
  
   Մելանիայի: 
  
   Կաղանկայտուացին 
  
   մեծ 
  
   ծառայութիւն 
  
   մը 
  
   մատուցած 
  
   է 
  
   Ս. 
  
   Տեղեաց 
  
   հոյակապ 
  
   սրբավայրերու 
  
   պատմութեան` 
  
   իր 
  
   գիրքին 
  
   մէջ 
  
   պահելով 
  
   այս 
  
   պատուական 
  
   յիշատակարանը, 
  
   որ 
  
   նոր 
  
   լոյս 
  
   մը 
  
   կը 
  
   սփռէ 
  
   Կոստանդիանոս 
  
   կայսեր 
  
   շինած 
  
   եկեղեցիներու 
  
   հիմնարկութեան 
  
   մասին, 
  
   կ՚ամբողջացնէ 
  
   ինչ 
  
   որ 
  
   Եւսեբիոս 
  
   եւ 
  
   Էթէրիա 
  
   մեզ 
  
   կը 
  
   պատմեն 
  
   այդ 
  
   շինուածքներու, 
  
   մասնաւորապէս 
  
   Ս: 
  
   Յարութեան 
  
   Տաճարին 
  
   եւ 
  
   Մատրան 
  
   կամ 
  
   Գողգոթայի 
  
   վերաբերութեամբ. 
  
   միայն 
  
   թէ 
  
   սկզբնական 
  
   յիշատակարանը 
  
   կրած 
  
   է 
  
   յետոյ 
  
   երկու 
  
   ձեռնմխութիւններ, 
  
   կամ 
  
   լաւ 
  
   եւս, 
  
   երկու 
  
   յեւալուածներ: 
 
        
  
   Մենք 
  
   արդէն 
  
   յիշեցինք 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   յուղարկաւորութեան 
  
   ժամանակ 
  
   հրեայ 
  
   Յեփոնիայ 
  
   (կամ 
  
   Սեփոնիա) 
  
   քահանային 
  
   արարքը 
  
   ու 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   որմանկարներուն 
  
   մէջ 
  
   տեսնուած 
  
   նկարդական 
  
   տեսարանները. 
  
   այդ 
  
   մասին 
  
   վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   յիշատակարանը 
  
   կը 
  
   գրէ 
  
   հետեւեալը. 
  
   «Եւ 
  
   յայնմ 
  
   տեղւոջ 
  
   ուր 
  
   զսուրբ 
  
   կուսին 
  
   դագաղն 
  
   կալաւ 
  
   հրէայն 
  
   արտաքոյ 
  
   քաղաքին 
  
   չտալ 
  
   թաղել` 
  
   գմբէթ 
  
   կապեալ` 
  
   ի 
  
   չորից 
  
   սեանցն, 
  
   եւ 
  
   սեանց 
  
   պղնձի 
  
   խաչ 
  
   ըզգեցուցեալ, 
  
   որ 
  
   են 
  
   մարմարիոնք, 
  
   եւ 
  
   անտի 
  
   ցվայր 
  
   250 
  
   քարեայ 
  
   աստիճանք 
  
   մինչեւ 
  
   ցսուրբ 
  
   գերեզման 
  
   կուսին 
  
   ու 
  
   րի 
  
   ձորն 
  
   Գեթսեմանի, 
  
   եւ 
  
   անտին 
  
   մինչեւ 
  
   ի 
  
   լեառն 
  
   Ձիթենեաց 
  
   ուստի 
  
   վերացաւ 
  
   Քրիստոս 
  
   800 
  
   աստիճանք»: 
  
   Այս 
  
   հատուածին 
  
   մէջ 
  
   ակնարկուած 
  
   քառասիւն 
  
   շէնքէն 
  
   մինչեւ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   ձորն 
  
   շինուած 
  
   քարէ 
  
   աստիճանները 
  
   կը 
  
   յիշուին, 
  
   բայց 
  
   չի 
  
   յիշատակուիր 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   Գերեզմանի 
  
   եկեղեցին, 
  
   փասի 
  
   մը 
  
   որ 
  
   կ՚ապացուցանէ 
  
   յիշատակարանի 
  
   հինգերորդ 
  
   դարու 
  
   գործ 
  
   մը 
  
   ըլլալը 
  
   ու 
  
   այն 
  
   եկեղեցիին 
  
   շինութեան 
  
   հինգերորդ 
  
   դարու 
  
   կիսուն 
  
   կատարուած 
  
   ըլլալը: 
  
   Յիշատակարանիս 
  
   նշանակած 
  
   այս 
  
   շէնքը 
  
   բնականաբար 
  
   կործանուած 
  
   է 
  
   Պարսից 
  
   յարձակումներու 
  
   ժամանակ: 
  
   723ին 
  
   Willibald 
  
   ուխտաւորը 
  
   կը 
  
   գրէ 
  
   թէ 
  
   «տեսած 
  
   է 
  
   մեծ 
  
   սիւն 
  
   մը` 
  
   որ 
  
   իր 
  
   վրայ 
  
   կը 
  
   կրէր 
  
   խաչ 
  
   մը 
  
   եւ 
  
   ցոյց 
  
   կու 
  
   տար 
  
   ա'յն 
  
   տեղը 
  
   ուր 
  
   Հրէայք 
  
   ուզեցին 
  
   յափշտակել 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   մարմինը» 
  
   (Տե'ս 
  
   Nouveau 
  
   Guide 
  
   de 
  
   Terre 
  
   Sainte, 
  
   էջ 
  
   115): 
  
   Այս 
  
   սիւնը 
  
   կը 
  
   նմար 
  
   այն 
  
   ճամբուն 
  
   վարյ 
  
   որ 
  
   կ՚երկարէր 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   տունէն 
  
   մինչեւ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   պարտէզը 
  
   եւ 
  
   յիշատակ 
  
   մըն 
  
   էր 
  
   պատահած 
  
   դէպքին: 
 
        
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   տանը 
  
   մասին 
  
   մեր 
  
   Երուսաղէմացի 
  
   Յովհաննէս 
  
   եպս. 
  
   (Հաննէ, 
  
   1733) 
  
   իր 
  
   Պատմ. 
  
   Երուաղէմի 
  
   գործին 
  
   մէջ 
  
   մի, 
  
   եւ 
  
   ի 
  
   ծայր 
  
   անկեան 
  
   արտին 
  
   գոյր 
  
   սիւն 
  
   մի 
  
   նշանագրեալ 
  
   յաղագս 
  
   հրաշից 
  
   եւ 
  
   այժմ 
  
   աւերեաց 
  
   են 
  
   ուր 
  
   հանդիպեցան 
  
   Հրէայքն». 
  
   այս 
  
   տողերն 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   հաստատեն 
  
   վերոգրեալ 
  
   յիշատակարանը, 
  
   որ 
  
   այժմ 
  
   անյայտ 
  
   է: 
 
       
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցիին 
  
   հայկական 
  
   յիշատակարանց 
  
   կարգին 
  
   կարելի 
  
   է 
  
   դասել 
  
   Ձեռագիր 
  
   Յայսմաւուրքի 
  
   մէկ 
  
   հատուածը 
  
   (Տաշեան 
  
   Ցուցակ, 
  
   էջ 
  
   566), 
  
   ուր 
  
   կը 
  
   կարդանք. 
  
   «Մեծի 
  
   եւ 
  
   փառաւորեալ 
  
   ննջման 
  
   ամենաւրհնեալ 
  
   սուրբ 
  
   Կուսին 
  
   Մարիամու 
  
   Աստուածածնին: 
  
   Պարտ 
  
   եւ 
  
   արժան 
  
   է 
  
   գիտել 
  
   զգրեալ 
  
   զսքանչելիսն` 
  
   որ 
  
   եղեն 
  
   ի 
  
   ննջումն 
  
   ամենասրբուհւոյ 
  
   աստուածածնի, 
  
   զոր 
  
   գրեաց 
  
   Յովհաննէս 
  
   առաքեալ 
  
   եւ 
  
   աւետարանիչն, 
  
   եւ 
  
   հարձուածող 
  
   հերետիկոսք 
  
   այլայլեցին»: 
  
   Այս 
  
   ձեռագիրը, 
  
   որ 
  
   1591ին 
  
   ընդօրինակուած 
  
   է 
  
   Յովհաննէս 
  
   գրչին 
  
   ձեռքով 
  
   Առաքել 
  
   եպս.
  
   ին 
  
   համար 
  
   եւ 
  
   տեղը 
  
   յայտնի 
  
   չէ, 
  
   ունի 
  
   հետաքրքրական 
  
   ներածութիւն 
  
   մը, 
  
   որուն 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   կարդանք. 
  
   «Զոր 
  
   սուրբ 
  
   Հայրք 
  
   եւ 
  
   կաթողիկէ 
  
   եկեղեցի 
  
   զխարդախութիւնն 
  
   ( 
  
   - 
  
   այլայլեալ 
  
   Ննջումը 
  
   -) 
  
   անփոյթ 
  
   արարին, 
  
   եւ 
  
   որպէս 
  
   ճշմարիտ 
  
   լեալ 
  
   ընդունէին 
  
   եւ 
  
   ընթեռուին: 
  
   Եւ 
  
   յետ 
  
   ժամանակաց 
  
   սրբասնեալ 
  
   եպիսկոպոսապետն 
  
   Թեսաղոնիկոյ 
  
   գնաց 
  
   յԵրուսաղէմ, 
  
   եւ 
  
   մըտեալ 
  
   ի 
  
   գեթսեմանի` 
  
   եգիտ 
  
   ի 
  
   վաղնջուց 
  
   ժամանակաց 
  
   ի 
  
   գիրս 
  
   նշանագրով 
  
   զպատմութիւն 
  
   ննջման 
  
   ամենասրբուհւոյ 
  
   Աստուածածնին… 
  
   »: 
  
   Ներածութեան 
  
   մէջ 
  
   յիշուած 
  
   Թեսաղոնիկոյ 
  
   եպիսկոպոսապետին 
  
   անունը 
  
   չի 
  
   յիշուիր 
  
   ո'չ 
  
   թարգմանչին 
  
   եւ 
  
   ո'չ 
  
   ալ 
  
   ընդօրինակողին 
  
   կողմէն, 
  
   եւ 
  
   ո'չ 
  
   ալ 
  
   յայտնի 
  
   է 
  
   այս 
  
   Ննջումն 
  
   ըսուած 
  
   ճառին 
  
   թարգմանութիւն 
  
   ըլլալը: 
 
        
  
   M. 
  
   Jugie 
  
   կու 
  
   լուսաբանէ 
  
   մեզ 
  
   (Տե'ս 
  
   Echos 
  
   d'Orient, 
  
   1922, 
  
   էջ 
  
   293-307, 
  
   1923, 
  
   էջ 
  
   385-397) 
  
   իր 
  
   ընդարձակ 
  
   ուսամնասիրութեան 
  
   մէջ 
  
   գրելով 
  
   Յովհաննէս 
  
   եպս. 
  
   Թեսաղոնիկեցին 
  
   կենսագրութիւնը. 
  
   կը 
  
   վերլուծէ 
  
   նաեւ 
  
   անոր 
  
   Ննջումն 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   անունով 
  
   ճառը: 
  
   Այդ 
  
   տողերէն 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   թէ 
  
   Յովհաննէս 
  
   Թեսաղոնիկեցին 
  
   կ՚ապրէր 
  
   Է. 
  
   դարուն 
  
   եւ 
  
   եպիսկոպոսն 
  
   էր 
  
   Թեսաղոնիկէի 
  
   եկեղեցիին. 
  
   ան 
  
   տեսնելով 
  
   որ 
  
   իր 
  
   նախորդները 
  
   զանց 
  
   ըրած 
  
   էին 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   տօնին 
  
   հաստատութիւնը 
  
   Թեսաղոնիկէի 
  
   մէջ, 
  
   մինչ 
  
   ուրիշ 
  
   տեղեր 
  
   առ 
  
   հասարակ 
  
   կը 
  
   կատարէին 
  
   նոյն 
  
   տօնը, 
  
   կը 
  
   փափաքի 
  
   որ 
  
   Թեսաղոնիկէի 
  
   մէջ 
  
   ալ 
  
   կատարեն 
  
   տօնը, 
  
   ուստի 
  
   նկատի 
  
   կ՚առնու 
  
   Ննջումն 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   ճառը 
  
   զոր 
  
   Յովհաննէս 
  
   Աւետարանիչը 
  
   գրած 
  
   էր, 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   տեսնէ 
  
   որ 
  
   հերետիկոսներ 
  
   այլայլած 
  
   են 
  
   զայն 
  
   եւ 
  
   խարդախած, 
  
   չայլայլուած 
  
   կտորները 
  
   հանելով 
  
   կը 
  
   վերահաստատէ 
  
   աւանդական 
  
   պատմութիւնը 
  
   ու 
  
   կը 
  
   հաստատէ 
  
   տօնը: 
  
   Յովհաննէս 
  
   եպս.
  
   ին 
  
   յունարէն 
  
   ձեռագիրը 
  
   գտնուած 
  
   է 
  
   Ժ. 
  
   դարուն 
  
   Պադմոսի 
  
   մատենադարանին 
  
   մէջ 
  
   եւ 
  
   վերջին 
  
   տարիներուն 
  
   ալ 
  
   հրատարակուած 
  
   է. 
  
   բայց 
  
   մենք 
  
   չենք 
  
   գիտեր 
  
   թէ 
  
   ե՞րբ 
  
   հայերէն 
  
   թագրմանուած 
  
   է 
  
   եւ 
  
   ո՞վ 
  
   է 
  
   թագրմանիչը. 
  
   բայց 
  
   ներածութեան 
  
   հայերէն 
  
   թարգմանութեան 
  
   մէջ 
  
   տեղեկութիւն 
  
   մը 
  
   կայ 
  
   որ 
  
   կը 
  
   պակսի 
  
   յունարէնին 
  
   մէջ 
  
   եւ 
  
   չի 
  
   յիշուիր 
  
   թէ 
  
   Ննջումն 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   հարազատ 
  
   ճառը 
  
   գտնելու 
  
   համար 
  
   Թեսաղոնիկեցւոց 
  
   եպս.
  
   ը 
  
   Երուսաղէմ 
  
   եկած 
  
   եւ 
  
   Գեթսեմանի 
  
   մտնելով 
  
   գտած 
  
   է 
  
   հին 
  
   ժամանակներէ 
  
   գրուած 
  
   ՆՆՋՈՒՄՆ 
  
   Ս. 
  
   ՈԿՒՍԻ 
  
   պատմութիւնը, 
  
   ինչ 
  
   որ 
  
   կ՚ապացուցանէ 
  
   պայ 
  
   թարգմանչին 
  
   առաւելագոյն 
  
   հմտութիւնը 
  
   այս 
  
   մասին: 
 
        
  
   M. 
  
   Jugie 
  
   յիշեալ 
  
   յօդուածէն 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   թէ 
  
   Յովհաննէս 
  
   եպս. 
  
   Թեսաղոնիկեցին 
  
   ո'ր 
  
   աղբիւրներէն 
  
   կազմած 
  
   է 
  
   իր 
  
   այդ 
  
   ճառը. 
  
   մեր 
  
   նպատակէն 
  
   դուրս 
  
   է 
  
   հոին 
  
   մանրամասնել 
  
   այդ 
  
   պարագան 
  
   բայց 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   յիշենք 
  
   թէ 
  
   Թեսաղոնիկեցւոց 
  
   եպիսկոպոսը 
  
   իր 
  
   մատենագրական 
  
   ճոխ 
  
   արդիւնքներով 
  
   ու 
  
   եկեղեցական 
  
   գործերով 
  
   մեծ 
  
   համբաւ 
  
   մը 
  
   շահած 
  
   է 
  
   իր 
  
   դարուն, 
  
   եւ 
  
   այդ 
  
   պատճառաւ 
  
   է 
  
   որ 
  
   մեր 
  
   նախնիք, 
  
   հաւանաբար 
  
   Ժ. 
  
   դարէն 
  
   վերջ, 
  
   հայերէնի 
  
   վերածած 
  
   են 
  
   իր 
  
   այդ 
  
   ճառը, 
  
   թէեւ 
  
   անոր 
  
   անունը 
  
   անծանօթ 
  
   թողուած 
  
   են 
  
   ճառին 
  
   ներածութեան 
  
   մէջ. 
  
   բայց 
  
   M. 
  
   Juhieի 
  
   ուսումնասիրութեան 
  
   շնորհիւ 
  
   այլեւս 
  
   յայտնի 
  
   կը 
  
   կը 
  
   նկատուի 
  
   այդ 
  
   ճառին 
  
   հեղինակին 
  
   տանունը: 
 
        
  
   Ինչպէս 
  
   յիշուեցաւ, 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   եկեղեցիին 
  
   մէջ, 
  
   թէ' 
  
   բիւզանդական 
  
   եւ 
  
   թէ' 
  
   Խաչակարց 
  
   շրջաններուն 
  
   Երուսաղէմի 
  
   բոլոր 
  
   քրիստոնեայ 
  
   համայքները 
  
   պաշտամունք 
  
   կը 
  
   կատարէին. 
  
   եարաբական 
  
   տիրապետութեան 
  
   տակ 
  
   եւս 
  
   նոյնը 
  
   կը 
  
   շարունակուէր. 
  
   թէեւ 
  
   Սալահէտտինի 
  
   յաղթութենէն 
  
   յետոյ, 
  
   1187ին 
  
   լատին 
  
   պատրիարքը 
  
   իր 
  
   բոլոր 
  
   կղերովթ 
  
   ստիպուեցաւ 
  
   Երուսաղէմէն 
  
   հեռանալ, 
  
   բայց 
  
   ժամանակ 
  
   վերջը 
  
   դարձեալ 
  
   Ս. 
  
   Տեղեաց 
  
   մէջ 
  
   հաստատուելով 
  
   նոյն 
  
   սրբավայրին 
  
   մէջ, 
  
   ինչշէս 
  
   կը 
  
   յիշէ 
  
   պատմութիւնը, 
  
   զրկուած 
  
   չէր 
  
   կրօնական 
  
   պաշտամունքներէ: 
  
   Նոյն 
  
   տաճարին 
  
   սեպհականատիրութիւնը 
  
   մեր 
  
   ձեռագրաց 
  
   յիշատակարաններէն 
  
   յայտնի 
  
   կ՚ըլլայ 
  
   որ, 
  
   մանաւանդ 
  
   Սալահէտտինի 
  
   յաղթութենէն 
  
   վերջ, 
  
   պարզապէս 
  
   Հայոց 
  
   ձեռքը 
  
   մնացած 
  
   է. 
  
   թէեւ 
  
   այդ 
  
   մասին 
  
   ալ 
  
   վէճեր 
  
   չեն 
  
   պակսած. 
  
   հետեւեալ 
  
   պատմական 
  
   պարագաները 
  
   կը 
  
   հաստատեն 
  
   զայդ. 
 
        
  
   1. 
  
   Կարապետ 
  
   վրդ. 
  
   Երուսաղէմացին` 
  
   1230ին 
  
   տեսնելով 
  
   որ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցին 
  
   անձրեւները 
  
   խիճերով, 
  
   քարերով 
  
   եւ 
  
   հողով 
  
   լեցուած 
  
   են, 
  
   այնպէս 
  
   որ 
  
   միայն 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը 
  
   կ՚երեւէր, 
  
   մաքրել 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   մշակներուն, 
  
   փակել 
  
   կու 
  
   տայ 
  
   տեղւոյն 
  
   խորշերը 
  
   եւ 
  
   բաւիղները, 
  
   զոր 
  
   ռոմիկները 
  
   դրունք 
  
   դժոխոց 
  
   կը 
  
   կոչէին: 
 
        
  
   2. 
  
   Մարտիրոս 
  
   Պատրիարք 
  
   Եգիպտացի` 
  
   1421ինկը 
  
   նորոգէ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածծին 
  
   եկեղեցին, 
  
   անոր 
  
   յատակը 
  
   ու 
  
   տանիքը 
  
   կը 
  
   յարդարէ 
  
   սալով. 
  
   ըստ 
  
   Հաննէ 
  
   վարդ.
  
   ի 
  
   պատմութեան 
  
   (էջ 
  
   272), 
  
   անոր 
  
   յիշատակարանը 
  
   գրուած 
  
   է 
  
   եկեեղցիին 
  
   դրսի 
  
   մեծ 
  
   դրան 
  
   աջակողմը, 
  
   հետեւեալ 
  
   կերպով. 
  
   «Ի 
  
   Հայոց 
  
   թուականին 
  
   ԸՃՀ 
  
   (= 
  
   1421), 
  
   ես 
  
   Տր. 
  
   Մարտիրոս 
  
   Արքեպիսկոպոս 
  
   Երուսաղէմի, 
  
   վասն 
  
   բազում 
  
   ժուրցն 
  
   որ 
  
   լցուէր 
  
   յեկեղեցին, 
  
   սալ 
  
   կապեցի, 
  
   զմէջն 
  
   եւ 
  
   զտէնիրն 
  
   շինեցի: 
  
   Յիշման 
  
   առնէք 
  
   զիս 
  
   արժանի, 
  
   եւ 
  
   յիշողացդ 
  
   տրն. 
  
   ողորմի»: 
  
   Բայց 
  
   այդ 
  
   արձանագրութիւնը 
  
   չ՚երեւիր 
  
   այժմ, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   տաճարի 
  
   դրան 
  
   փառաւոր 
  
   կամարը 
  
   քարերով 
  
   հիւսուած 
  
   է 
  
   եւ 
  
   մուտքը 
  
   նեղցուցած 
  
   են, 
  
   ուստի 
  
   նոյն 
  
   արձանագրութիւնը 
  
   կամ 
  
   ջնջուեցաւ 
  
   եւ 
  
   կամ 
  
   քարերու 
  
   տակ 
  
   ծածկուեցաւ: 
  
   Այս 
  
   առթիւ 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   յիշել 
  
   թէ 
  
   Հաննէ 
  
   (էջ 
  
   272) 
  
   սա 
  
   տեղեկութիւնն 
  
   ալ 
  
   կու 
  
   տայ. 
  
   «Այս 
  
   փառաւոր 
  
   Ս. 
  
   Եկեղեցիս` 
  
   յատուկ 
  
   էր 
  
   ազգիս 
  
   Հայոց, 
  
   որպէս 
  
   ի 
  
   յորմսն 
  
   եկեղեցւոյն 
  
   երեւին 
  
   յիշատակարանք 
  
   նորոգողացն 
  
   եւ 
  
   թուականք 
  
   երկաթագիրք, 
  
   որ 
  
   լաթին 
  
   լուսարար 
  
   զչարեցաւ 
  
   յայսմ 
  
   պատճառէ, 
  
   եւ 
  
   կռանաւ 
  
   եղծեաց 
  
   գաղտ 
  
   յումեքէ 
  
   զգիրսն»: 
  
   Մարտիրոս 
  
   պատրիարքին 
  
   նախորդը, 
  
   Պօղոս 
  
   Գառնեցին 
  
   (յետոյ 
  
   կաթողիկոս), 
  
   1413ին 
  
   կը 
  
   գնէ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   ձիթենեաց 
  
   պարտէզը, 
  
   որ 
  
   ցայժմ 
  
   սեպհականութնն 
  
   է 
  
   Ս. 
  
   Յակոբայ: 
  
   3. 
  
   Անդրէաս 
  
   Պատրիարք 
  
   Մէրտինցի` 
  
   1549ին 
  
   կը 
  
   մաքրէ 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցին 
  
   ու 
  
   դատաւորին 
  
   հրամանովը 
  
   մարմարիոն 
  
   քարերով 
  
   կը 
  
   նորոգէ 
  
   Ս. 
  
   Կուսին 
  
   Գերեզմանը: 
 
        
  
   4. 
  
   Տեղացիք 
  
   1584ին 
  
   արգելք 
  
   կը 
  
   յարուցանեն 
  
   Հայոց 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցիին 
  
   մէջ 
  
   պաշտամունք 
  
   կատարելու. 
  
   Խաչատուր 
  
   եւ 
  
   Փիլիպպոս 
  
   եպիսկոպոսները 
  
   մայրաքաղաքին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   դիմեն 
  
   կայսեր 
  
   եւ 
  
   կ՚ստանան 
  
   հրովարտակ` 
  
   ըստ 
  
   առաջնոյն 
  
   շարունակելու 
  
   եկեղեցական 
  
   պաշտամունքը: 
 
        
  
   5. 
  
   1650ին 
  
   ալ 
  
   դարձեալ 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցին 
  
   ջրով 
  
   կը 
  
   լեցուի, 
  
   այս 
  
   անգամ 
  
   Հայք, 
  
   Յոյնք 
  
   եւ 
  
   Լատինք 
  
   կը 
  
   մաքրեն 
  
   եկեղեցին, 
  
   ուր 
  
   ջուրը 
  
   մինչեւ 
  
   սեղանները 
  
   բարձրացած 
  
   էր 
  
   եւ 
  
   գաւթին 
  
   մէջ 
  
   դիզուած 
  
   հողը 
  
   կը 
  
   պարպեն: 
 
        
  
   Վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   ցուցումներէն 
  
   չորսը 
  
   յայտնի 
  
   կը 
  
   վկայեն 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   Գերեզմանի 
  
   եկեղեցին 
  
   հայկական 
  
   սեպհականութիւն 
  
   մըն 
  
   էր. 
  
   հաւանական 
  
   կը 
  
   թուի 
  
   որ 
  
   Հայոց 
  
   շնորհուեցաւ 
  
   նոյն 
  
   եկեղեցին 
  
   1187էն 
  
   սկսեալ, 
  
   երբ 
  
   Սալահէտտին 
  
   Երուսաղէմը 
  
   գրաւեց 
  
   եւԼատինք 
  
   մերժուեցան 
  
   քաղաքէն 
  
   ու 
  
   Ս. 
  
   Տեղերէն: 
  
   Քրիստոսի 
  
   Ս. 
  
   Գերեզմանին` 
  
   սալահէտտինի 
  
   կողմէն 
  
   Հայոց 
  
   շնորհուելու 
  
   պատմական 
  
   պարագան 
  
   (Տե'ս 
  
   Սիոն 
  
   1929, 
  
   էջ 
  
   172) 
  
   կը 
  
   քաջալերէ 
  
   մեզ 
  
   որ 
  
   ճշդութիւն 
  
   մը 
  
   նկատենք 
  
   Գեթսեմանիի 
  
   եկեղեցիին 
  
   Հայոց 
  
   սեպհական 
  
   ըլլալը, 
  
   մանաւանդ 
  
   որ 
  
   նոյնը 
  
   կը 
  
   հաստատեն 
  
   վերեւ 
  
   նշանակուած 
  
   պատմական 
  
   արձանագրութիւնները, 
  
   որով 
  
   սա 
  
   եզրակացութեան 
  
   կու 
  
   գանք 
  
   թէ 
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   տաճարը 
  
   ԺԲ-ԺԶ 
  
   դար 
  
   Հայոց 
  
   ձեռքը 
  
   կը 
  
   գտնուէր: 
 
        
  
   Քաղաքական 
  
   ազդեցութիւններու 
  
   հետեւանքով 
  
   սակայն, 
  
   յետոյ 
  
   Յոյներն 
  
   ու 
  
   Լատիններն 
  
   եւս 
  
   միջամտեցին 
  
   եւ 
  
   Հայոց 
  
   հետ 
  
   սեպհականատէր 
  
   դարձան 
  
   նոյն 
  
   տաճարին: 
  
   1758ին 
  
   Յոյները 
  
   համարձակեցան 
  
   հրովարտակով 
  
   տաճարին 
  
   սեպհականութեան 
  
   մասնակցութենէն 
  
   դուրս 
  
   հանել 
  
   Հայերը 
  
   եւ 
  
   Լատինները, 
  
   բայց 
  
   ՀԱյք 
  
   մէկ 
  
   տարի 
  
   աշխատեցան 
  
   Յունաց 
  
   անիրաւութիւնները 
  
   հերքելու 
  
   եւ 
  
   յաջողեցան 
  
   ձեռք 
  
   բերել 
  
   իրենց 
  
   կորուսած 
  
   իրաւունքը. 
  
   իսկ 
  
   Լատինք 
  
   չյաջողեցան: 
  
   Հիճրէթի 
  
   1228 
  
   թուականին 
  
   Սուլթան 
  
   Մահմուտի 
  
   շնորհած 
  
   կրկին 
  
   հրովարտակներով 
  
   Հայք 
  
   եւ 
  
   Յոյնք 
  
   սեպհականատէր 
  
   եղած 
  
   են 
  
   Ս. 
  
   Կուսի 
  
   նոյն 
  
   տաճարին, 
  
   իսկ 
  
   Հայոց 
  
   հետեւակ 
  
   Ղպտիները 
  
   եւ 
  
   Ասորիները 
  
   հոն 
  
   կրնան 
  
   պաշտամունք 
  
   կատարել, 
  
   ինչպէս 
  
   յիշած 
  
   ենք: 
 
       
  
   Ս. 
  
   Աստուածածնի 
  
   տաճարին 
  
   մէջ 
  
   Հայոց 
  
   սեպհական 
  
   տեղերեն 
  
   են. 
  
   1 .
  
   — 
  
   Ս. 
  
   Յովսեփայ 
  
   Գերեզմանը. 
  
   2 .
  
   — 
  
   Տեսչի 
  
   սենեակը. 
  
   3 .
  
   — 
  
   Եկեղեցիին 
  
   արեւմտեան 
  
   թեւը. 
  
   4 .
  
   — 
  
   Աւագ 
  
   սեղաանը 
  
   զոր 
  
   շինել 
  
   տուած 
  
   է 
  
   Հեթում 
  
   Բ. 
  
   1300ին. 
  
   5 .
  
   — 
  
   Ս. 
  
   Բարթողիմէոսի 
  
   եւ 
  
   Թադէոսի 
  
   սեղանը: 
  
   6 .
  
   — 
  
   Ընծայման 
  
   սեղանը. 
  
   7 .
  
   — 
  
   Լուսարարի 
  
   ննջասենեակը: 
 
       
  
   Ընկերովի 
  
   սեպհականութիւններն 
  
   են. 
  
   1 .
  
   — 
  
   Արտաքին 
  
   գաւիթը, 
  
   զոր 
  
   Հաննէ 
  
   (էջ 
  
   264) 
  
   կ՚անուանէ 
  
   Գթունի. 
  
   2 .
  
   — 
  
   Տաճարին 
  
   արտաքին 
  
   դուռը. 
  
   3 .
  
   — 
  
   Ջրհորը, 
  
   թէեւ 
  
   առաջ 
  
   Հայոց 
  
   կը 
  
   պատկանէր: 
  
   Այս 
  
   ընկերովի 
  
   սեպհականութիւններուն 
  
   մէջ 
  
   Հայք 
  
   ունին 
  
   նաեւ 
  
   որոշ 
  
   իրաւունքներ, 
  
   որ 
  
   շատ 
  
   կանուխէն 
  
   համաձայնութեամբ 
  
   կանոնադրուած 
  
   են: 
 
        
  
   Հոս 
  
   զանց 
  
   կ՚ընենք 
  
   նկարագրել 
  
   այն 
  
   հայկական 
  
   իրաւունքները 
  
   որ 
  
   կը 
  
   վերաբերին 
  
   կանթեղներու, 
  
   շարաններու 
  
   եւ 
  
   ջահերու, 
  
   պատարագելու 
  
   կարգին 
  
   եւ 
  
   հանդէսներու, 
  
   նաեւ 
  
   աւելածութեան 
  
   մասին: 
  
   Անոնց 
  
   մանրամասնութիւնները, 
  
   ինչպէս 
  
   նաեւ 
  
   ընկերովի 
  
   սեպհականութեանց 
  
   կանոնագրեալ 
  
   որոշ 
  
   իրաւունքները 
  
   տեսնել 
  
   Բովանդակութիւն 
  
   Ազգ. 
  
   Սեփահականութեանց, 
  
   ընկերովի 
  
   իրաւանց, 
  
   արարողութեանց 
  
   եւ 
  
   սովորութեանց 
  
   ի 
  
   Տնօրինական 
  
   Ս. 
  
   Տեղիս» 
  
   գիրքին 
  
   մէջ 
  
   (էջ 
  
   73-93):