Կոստանդիանոսի
օրով,
երբ
քրիստոնէութիւնը
պետական
կրօնք
դարձաւ,
այլեւս
կայսրութեան
ամէն
կողմեր
եկեղեցիներ
կը
հիմնուէին
ազատօրէն.
նորգադարձ
կայսրն
ալ,
իր
մայրը
Հեղինէն
Ս.
Երկիրը
ղրկեց
գտնուելու
Փրկչին
գերեզմանը
եւ
Ս.
Խաչը:
Կոստանդիանոսի
կանսագիրը`
Եւսեբիոս
կը
պատմէ
այս
դէպքերը,
որ
տեղի
ունեցան
Երուսաղէմ,
Հեղինէի
ներկայութեան:
Կայսեր
առատաձեռնութեամբ
եւ
ոնյն
իսկ
իր
մօրը
հիմնարկութեամբ
շինուեցան
մեր
Փրկչին
Ս.
Գերեզմանի
Տաճարը,
Բեթղեհէմի
եւ
Համբարձման
եկեղեցիները.
այս
մասին
Եւսեբիոսի
հետ
համաձայն
է
նաեւ
Սոկրատ
պատմագիրը
(Տե'ս
Հայ.
Թրգմ.
էջ
9):
Չորրորդ
դարու
վերջերը,
սակայն,
Ձիթենեաց
լերան
վրայ
կը
գտնուէին
երկու
Մայր
Եկեղեցիներ.
ասոնցմէ
ո՞րն
էր
Հեղինէին
շինածը:
Սոկրատ
եւ
Սողոմոն
անորոշ
կը
թողուն
այդ
կէտը,
բայց
Եւսեբիոս
շատ
որոշ
կերպով
կը
վկայէ
Կոստանդիանոսի
կամ
անոր
մօրը
շինել
տուած
եկեղեցիին
տեղը.
(Տե'ս
Վարք
Կոստանդիանոսի
Գիրք
Զ.
18.
Թրգմ.
Անգղ.
).
իր
խօսքերն
են.
«
…
Հեղինէն
երկու
եկեղեցի
շինեց,
մին
Քրիստոսի
Ծննդեան
տեղը,
եւ
միւսն
Համբարձման
տեղւոյն
եւ
միւսն
ի
լեառն
Ձիթենեաց:
Կայսեր
մայրը
նոյն
լերան
վրայ
կը
յաւերժացնեէր
Փրկչին
Համբարձման
յիշատակը,
հիմենլով
գեղեցիկ
տաճար
մը,
ի
պատիւ
Փրկչին,
որ
նոյն
տեղը
բնակած
էր.
վասն
զի
հո'ն
կը
գտոնւէր
այն
այրը
ուր
Ան,
ըստ
ճշմարիտ
պատմութեան,
իր
աշակերտները
տեղեակ
ըրաւ
ծածկեալ
խորհրդոց
…»:
Եւսեբիոսի
այս
խօսքերէն
յայտնի
է
ուրեմն
որ
Հեղինէն
Ձիթենեաց
լերան
առաջին
տաճարը
շինեց
այրին
վրայ,
որ
էր,
ըստ
հայ
ձեռագիրներու,
Աշակերտարանը
եւ
ըստ
Etheriaի,
Eleona
անուն
եկեղեցին,
ճարտարապետութեամբ
Բիւզանդացի
Եւստադիոսի,
որուն
կը
վկայէ
Յերոնիմոս
իր
Ժամանակագրութեան
մէջ:
Այս
եկեղեցին
կը
գտնուէր
լերան
արեւմտեան
կողմը,
զառիվայրին
վրայ,
Բեթանիոյ
մօտ,
գրեթէ
այժմու
Հայր
Մերի
եկեղեւոյն
տեղը:
Պարզ
յիշատակութիւններէ
զատ,
անոր
նկարագորւթեան
մասին
տեղեկութիւններ
կը
պակսին
նախնի
դարուց
մէջ,
միայն
Etheria
կը
գրէ
թէ
ան
խիստ
կառուցուած
մը
ունէր:
Շատերը,
որոնց
մէջ
յայտնի
հնախօս
De
Voguռ
եւ
Cabrol,
այս
եկեղեցին
կը
շփոթեն
բուն
իսկ
Համբարձման
եկեղեցւոյն
(imbomon)
հետ:
Պորտոյի
անանուն
ուխտաւոր
ուղեգիրը,
որ
333ին,
Հեղինէի
այցելութենէ
եօթն
տարի
վերջը,
Երուսաղէմ
այցելած
էր,
իր
Ուղեգրութեան
մէջ
այս
եկեղեցւոյն
մասին
շատ
վճիտ
կերպրվ
կը
գրէ.
«
…
դուք
երբ
Ձիթենեաց
լեռը
կ’ելլէք,
ա'յն
տեղը`
ուր
մեր
Տէրը
աշակերտները
հրահանգեց,
իր
չարչարանքներէն
յառաջ,
հիմնարկուած
կը
տեսնէք
մայր
եկեղեցի
մը,
ուր
մեր
Տէրը
կը
յաճախէր
աղօթելու…»:
Այս
տողերը
բացայայտօրէն
կը
յայտնեն
թէ
նոյն
թուականին
տակաւին
չէր
շինուած
Համբարձման
եկեղեցին,
որ
է,
ըստ
հայ
ձեռագրաց,
Բլրի
եկեղեցին:
Այս
վերջինը,
Պետրոս
վրացի
եպիսկոպոսին
ասորի
կենսագրին
համաձայն,
կառուցուած
է
Դ.
դարու
վերջերը,
նշանաւոր
ծագումով,
հարուստ
եւ
բարեպաշտօն
Հռոմայեցի
Տիկին
մը,
Բոմնիա
անուն.
«ան
կը
սիրէր
բնակիլ
Ս.
Տեղեաց
մէջ,
անոր
հետեւած
են
մեծ
եւ
փոքր
ազնուազգի
Մելանիա
բարեպաշտ
երկու
տիկինները:
Բոմնիա
շինած
է
Ձիթենեաց
լերան
Համբարձման
եկեղեցին
եւ
յարակից
շէնքերը»:
Նոյն
կենսագրին
մէկ
ուրիշ
հատուածէն
կը
հասկցուի
նաեւ
լերան
երկու
եկեղեցեաց
գոյութիւնը.
«
…
Ան
(Պետրոս
վրացին)
այն
տեղէն
գնաց
Անդամալույծի
եկեղեցին,
եւ
յետոյ
Գեթսեմանի:
Եւ
երբ
կը
փափաքէր
մերձակայ
սրբավայրերն
ալ
այցելել`
վեր
ելաւ
դէպի
Աշակերտարանը
եւ
անկէց
ալ
է
Ս.
Համբարձում
եւ
ապա
ի
Ղազարիոն».
(Pierre
L'Iberien,
Raabe,
էջ
30):
Չորրորդ
դարէն
շինուած
եւ
1913ին
Հռոմի
եկեղեցիներէն
միոյն
մէջ
գտնուած
գեղեցիկ
մոզայիք
մը
Ձիթենեաց
լերան
այս
երկու
եկեղեցիներն
որոշ
կերպով
կը
պատկերացնէ.
(R.
B.
1913,
էջ
513-39):
Երբ
այդ
երկու
եկեղեցիներն
արքայավայել
ճոխութեամբ
շինուեցան
իրենց
բոլոր
մասերով,
անոնց
շուրջը
բազմազան
մենակեացներ
եւ
հաւատաւորներ,
որ
իրենց
կարգին
հետզհետէ
հիմնեցին
վանքեր
եւ
կուսանոցներ:
Աշակերտարանի
եւ
Բլրի
եկեղեցիներն,
Է.
դարէն
սկսեալ`
չմնացին
միեւնոյն
վիճակի
մէջ`
այլեւայլ
դարուց
մեծամեծ
քանդումներուն
հետեւանքով:
Ի
ստորեւ
կը
պատկերացնենք
անոնց
վիճակը
թուականի
կարգաւ,
եւ
համառօտ
նկարագրութեամբ:
Նոյն
եկեղեցիները
614-1099
Է.
դարու
սկիզբը
տեղի
ունեցաւ
պասրիկներուն
արշաւանքը
Ս.
Երկրին
վրայ.
վրէժխնդրութեան
մկ
սարսափը
քանդեց
Ս.
Քաղաքը
իր
բոլոր
հաստատութիւններով:
Ձիթենեաց
լերան
երկու
եկեղեցիներն
ալ,
քաղաքէն
դուրս
ըլլալով
ալ
աւելի
քանդումի
ենթարկուեցան:
Պարսիկները
Ձիթենեաց
լերան
վրայ
հաւաքած
էին
բոլոր
գերիները,
որոնց
մէջ
կը
գտոնւէր
Զաքարիա
պատրիարքը,
որ
լերան
բարձունքէն
հեկեկանօք
եւ
սարսափով
կըվ
դիտէր
ամբողջ
քաղաքին
հրկիզումը:
Սաբայի
վանքէն
անանուն
վանական
մը
վերջերս
գտնուած
արաբերէն
իր
մէկ
գրուածքովը,
մանրամասն
գրի
առած
է
արշաւող
բանակին
սպաննուածներուն
մէկ
ցուցակը,
նշանակելով
նաեւ
ա'յն
տեղիքը,
ուր
գտոնւած
են
սպանեալներուն
դիակները:
Նոյն
ցուցակին
մէջ
կը
յիշուին
նաեւ
Ձիթենեաց
լերան
վրայ
սպաննուածներն
ալ.
անտարակոյս
երկու
եկեղեցիներն
ալ
ազատ
չմնացին
այդ
անօրինակ
քանդումներէն,
որ
յետոյ
նորոգուեցան,
նոր
Զօրաբաբէլ`
վանական
Մոտեստոսի
ձեռքով
եւ
օժանդակութեամբ
արեւելքի
քրիստոնէից:
Այս
պարագան
գրած
իր
նամակին
մէջ
(Migne,
P.
G.
LXXXIX):
Այս
վերանորոգութենէ
յետոյ,
նոյն
եկեղեցիները
կը
նկարագրուին
հետեւեալ
կերպով.
Աշակերտարանը
Սոփրոնիոս
վանականը,
Է.
դարուն
պատրիարք
Երուսաղէմի,
իր
անակրէոնեան
(anacréontique)
տեղերուն
մէջ,
խորհրդաւոր
ուղեւորութեամբ
մը
կը
գրէ
«Բլրի
եկեղեցիէն
եկայ
Աշակերտարանը
եւ
կը
գտնուէի
այն
տանքին
տակ,
ուր
Յիսուս
նախակրթեց
իր
աշակերտենրը
աստուածային
իրաց,
ցոյց
տալով
անոնց
ծածկուած
գաղտնիքները»:
Կը
ծուի
թէ
ան
Աշակերտարան
մտած
էր
կողմնակի
դռնէ
մը,
որ
բացուած
էր
Բլրի
եկեղեցւոյն
կողմը,
հիւսիսային
պատին
վրայ.
յետոյ
կը
յառաջանայ
դէպի
արեւմուտք,
դիտելու
համար
Երուսաղէմը,
եկեղեցւոյն
գլխաւոր
գաւիթէն.
«յետոյ
մեծ
դռնէ
մը
յառաջանալով
դէպի
աստիճանները,
կը
տեսնէի
գեղեցկութիւնները
Ս.
Քաղաքին`
որ
կը
պարզուին
արեւմտեան
կողմը».
դիտելով
քաղաքին
համայնապատկերը
կը
գոչէ.
«Ո՜
քաղաք
Աստուծոյ,
ո'րքան
քաղցր
է
դիտել
քու
փառքդ,
Ձիթենեաց
լեռնէն».
(Migne,
P.
G.
87,
3812):
Այս
խորհրդալից
տողերը
պայծառօրէն
կը
հաստատեն
թէ'
Ս:
Քարաքի
գեղեցկութիւններն
եւ
թէ'
Աշակերտարանի
եկեղեցւոյն
ներքին
կառուցուածքը:
Բլուրը
Այս
եկեղեցւոյն
նկատմամբ
մեր
պատմիչներէն
Մովսէս
Կաղանկայտուացին
կը
գրէ
իր
հետեւեալ
խիստ
շահեկան
տեղեկութիւններն.
«…
իսկ
ի
տեղւոջ
Համբարձմանն`
ըստ
յարութեան
եկեղեցւոյն
ձեւոյ
գեղեցկահիւս`
գմբէթաձեւ
շինուած
է,
հարիւր
կանգուն
յերկայնն
եւ
հարիւր
ի
լայնն,
անտի
երեւի
Յորդանան
գետ
եւ
Հովր
լեառն
եւ
բազում
գաւառք».
(Պտմ.
Աղուանից
Աշխա
րհի.,
էջ
226):
Աւելի
վճիտ
կերպով
կը
նկարագրէ
սիւնաշարք
մը,
մէջտեղը
սեղան
մը,
սիւներէն
դուրս
կը
գտնուէր
մարմարիոնէ
սալարկուած
բոլորշի
սրահ
մը,
սիւնաշարքին
արեւելեան
կողմը,
քիչ
մը
հեռի,
կար
կոզակը`
ուր
մասնաւոր
սեղանի
մը
վրայ,
Համբարձման
տօնին
կը
պատարագէր
պատրիարքը».
(Migne,
P.
G.
120):
Ըստ
Յերոնիմոսի,
Բլրի
Եկեղեցին
բոլորաշէն
էր,
(rotonde),
շուրջանակի
ծածկուած
սրահներով:
670ին,
Arculfe
եպիսկոպոս`
իր
ի
Պաղեստին
ուղեւորութեան
ժամանակ,
գծած
է
եկեղեցւոյն
յատակագիծը
եւ
հաղորդած
մանրամասն
տեղեկութիւններ,
որոնց
համաձայն,
կը
տենսուի
թէ
եկեղեցւոյն
ամենէն
արտաքին
սրահը
կը
գտնուէր
նոյն
բոլորաշէն
եկեղեցւոյն
պատին
յեցած
քառակուսին
սիւներուն
(pialastres)
մէջ:
Ուրիշ
ուղեւոր
մը,
Willibalde
կը
գրէ
թէ
եկեղեցւոյն
հիւսիսային
եւ
հարաւային
կողմերը
կը
գտնուէին
երկու
սիւներ`
ի
յիշատակ
սպիտակազգեստ
այն
երկու
մարդոց,
որ
աշակերտաց
կ’ըսէին
«Արք
Գալիլիացիք»
եւ
այլն
(Գործք
Առքլց.
Ա.
10-11):
Դարձեալ
վերոգրեալներէն
Arculfe
եպիսկոպոս
եւ
Եպիփան
այս
եկեղեցւոյն
ներքին
կառուցուածքին
վրայ
կը
հաղորդեն
կարեւոր
տեղեկութիւններ:
Շէնքը
տանիք
ու
կամար
չէ
ունեցած,
կատարելապէս
բացօթեայ
էր,
ամենուն
նայուածքին
տեսանելի
ընելու
համար
երկնից
ճանապարհը,
ճիշդ
կեդրոնը
կը
գտնուէր
մարդկային
մեծութեամբ
պղնձէ
փոքր
աշտարակ
մը,
հո'ն
կը
պահուէր
ա'յն
նուիրական
փոշի,
ն
զոր
կը
բանժնէին
ուխտաւորաց
եւ
որուն
վրայ
Քրիստոսի
ոտքը
կոշած
էր:
Այս
մասունքները
բաշխողը`
արեւմտեան
կողմէն
բացուած
փոքր
դռնէ
մը
այս
շէնքը
մտնելով
կը
բաժնէր
զանոնք
ա'յն
հաւատացելոյ,
որ
իրենց
ձեռքը
կ’երկարէին
փոքր
աշտարակի
վերեւի
բացուածքէն:
Նոյն
աշտարակին
վերեւ,
ճախարակեայ
գրութեամբ
կախուած
էր
մշտավառ
խոշոր
լապտեր
մը:
Սեղանն
ալ
բացօթեայ
էր
եւ
ունէր
միայն
փոքրիկ
ծածք
մը
եւ
կը
գտնուէր
արեւելք:
Բլրի
եկեղեցւոյն
վերին
մասը,
արեւմտեան
կողմը,
ճիշդ
քաղաքին
դէմ,
ունէր
իրարու
շատ
մօտիկ
ութը
պատուհան:
Այս
պատուհաններէն
իւրաքանչիւրին
յարմարցուած
էր
մէյ
մէկ
լապտեր,
զորս
կը
վառէին
ամէն
գիշեր:
Այս
ութը
լապտերներէն
արձակուած
լոյսը
կը
տարածուէր
լերան
ո'չ
միայն
արեւմտեան
զառիվայրինեւ
Յովսափտի
հովտէն
բարձրացող
երկար
աստիճաններուն,
այլ
նաեւ
Երուսաղէմի
արեւելեան
թաղին
վրայ:
Համբարձման
եկեղեցին,
ըստ
առաջնոյն,
կառուցուած
էր
Ձիթենեաց
լերան
կատարաը,
Կեդրոնէն
մինչեւ
լեռն
երկարած
մեծ
սանդուղքին
ծայրը:
Բիւզանդական
կայսերք
չկրցին
պաշտպանել
Ս.
Երկիրը.
638ին
Օմար
ամիրապետը
պատրիարքի
ջանքերուն:
Օմարի
օրով,
Ս.
Երկրի
եկեղեցիներն
ու
վանքերը
անվնաս
մնացին:
Օմարէն
յետոյ,
927ին
Ֆաթիմեանք,
1076ին
Սելճուքեան
թուրքեր
եւ
1095ին
Եգիպտական
սուլթաններ
յաջորդաբար
իշխեցին
Երուսաղէմի
եւ
շրջակայից.
բայց
գիտել
արժան
է
թէ
Օմարի
տիրապետութենէն
վերջ,
քրիստոնէից
վիճակը
ծանրացաւ,
Ս.
Տեղեաց
պաշտամունքը
դժուարացաւ,
վնասուեցան
ու
փակուեցան
շատ
վանքեր
ու
եկեղեցիներ,
այնպէս
որ
կեղեքուողներու
տրտունջներն
ու
բողոքները
հասան
մինչեւ
արեւմմուտք,
եւ
տեղի
ունեցան
Խաչակարց
արշաւանքը:
Նոյն
եկեղեցիներն
ԺԲ.
դարուն
Խաչակիրք
երբ
Երուսաղէմ
մտան,
նոյն
երկու
եկեղեցիներն
արդէն
քաղաքէն
դուրս
գտնուած
եկեղեցիներուն
վիճակն
ստացած
էին,
երկուքն
ալ
գրեթէ
քանդուած:
Աշակերտարանը
Աշակերտարանի
եկեղեցին
նորոգուցեաւ
Խաչակրաց
կողմէն,
1102
-
1106,
եւ
փոքր
աղօթացանի
ձեւ
տրուեցաւ
եւ
կոչուեցաւ
Հայր
մերի
եկեղեցի:
1152ին,
Տանիմարքացի
երկու
եղբայրներ,
վ
մին
ծովապետ
եւ
միւսն
եպիսկոպոս,
այցելեցին
այս
եկեղեցւոյն,
որ
փոքր
եւ
խղճալի
շէնք
մ’էր:
Երկու
եղբայրներն
իրենց
ծախքով
վերանորոգեցին
զայն
եւ
ըստ
կտակի
թաղուեցան
հոն:
Այս
դարուն
Աշակերատրանի
նախկին
աւանդութեան
վրայ
աւելցան
նաեւ
Առաքելոց
Հանգանակին
եւ
Հայր
մերի
նոր
աւանդութիւնները:
Բլուրը
Խաչակիրք
Բլրի
Եկեղեցին
1099ին
վերանորոգեցին
եւ
յատկացուցին
պաշտամունքի
ժողովնրեու
եւ
վվերածեցին
իր
նախնի
պայծառութեան,
ինչպէս
միւս
սրբավայրներն:
Անոր
յիշատակը
երկար
ատեն
առաւելակշիռ
մնաց
Ձիթենեաց
լերան
վրայ:
ԺԲ.
դարու
ուխտաւոր
ուղեգիրները
հետեւեալ
կերպով
կը
նկարագրեն
նոյն
եկեղեցին.
քսան
աստիճաններով
սանդուղ
մը
կը
գտնուէր
անոր
առջեւը,
որուն
ծայրի
սրահը
կը
ծառայէր
իբր
գաւիթ,
եկեղեցին,
առաջուան
պէս,
արտաքին
բոլորշի
պատով
մը
պահպանուած
էր.
ներսի
կողմը
կար
մարմարիոնէ
սալարկուած
սրահ
մը
սիւներէ
բռնուած
կամարով
մը:
Գեղեցիկ
նկարներով
եւ
քանդակներով
զարդարուած
էին
որմերը:
Աւանդական
յատակագծին
համաձայն,
շէնքին
կեդրոնը
ո'չ
տանիք
կար
եւ
ո'չ
ալ
գմբէթ:
Իսկ
գալով
այն
փոքր
շէնքին,
որ
կը
գտնուէր
բացօթեայ
մասին
ճիշդ
մէջտեղը,
ոչ
թէ
Բիւզանդացւոց
ժամանակի
պղնձէ
շինուած
այն
պարզ
շրջափակն
էր,
որ
կը
պարունակէր
ուխտաւորաց
բաշխուելիք
նուիրական
փոշին,
այլ
կապուտագոյն
երակով
ճերմակ
մարմարէ
ծածկուած
կլոր
փոքր
աշտարակ
մը,
որուն
վրայ
կար
փոքրիկ
գմբէթ
մը,
գագաթը
բաց:
Եկեղեցւոյն
մէջ
կար
նաեւ
ժայռի
մը
ցցուածքը,
որմէ
ուխտաւորք
մասեր
կ’առնէին
եւ
կը
համբուրէին,
մտածելով
որ
անոնք
կը
կրեն
Փրկչին
ոտքերուն
հետքը:
Ինչպէս
երբեմն
փոշին
բովանդակող
փոքր
աշտարակը,
նոյնպէս
այս
ժառին
ցցուածքը
կը
գտնուէր
գմբէթին
ճիշդ
բացուածքին
տակ.
եւ
անոր
վրայ
կար
սեղան
մը
մարմարով
ծածկւոած,
բարեպաշտ
ուխտաւորներու
նախանձայուզութեան
եռանդէն
յառաջ
գալիք
վնասներէն
զերծ
պահելու
զայն:
Նոյն
եկեղեցիները
1137-1500
Խաչակիրք
88
տարինրեէ
աւելի
չկրցան
մնալ
Ս.
Երկրին
մէջ,
կառավարողներուն
անընդունակութեան,
մանաւանդ
անոնցմէ
ոմանց
վնասաբեր
անհեռատեսութեան
պատճառաւ:
Սալահէտտին
ստիպուեցաւ
կրօնական
պատերազմ
հրատարակել
եւ
շահել
Հադդինի
կռիւը,
որով
ան
կարողացաւ
փշրել
Խաչակրաց
ոյժը
ու
1187ին
յաղթականօրէն
մտնել
Երուսաղէմ.
սոյն
յաղթանակը
եղաւ
Ս.
Երկրի
Լատին
թագաւորութեան
գերեզմանը:
Այս
ժամանակ
այն
երկու
եկեղեցիներն
ալ,
ուրիշ
սրբավայրերու
նման
կործանեցան:
Աշակերտարանը
Այս
եկեղեցին
այլեւս
փոխած
էր
իր
անունը
եւ
յիշատակը.
յետագայ
ուխտաւոր
ուղեգիրներէն
Jean
Poloner
(1422)
եւ
Fabri
(1480-83)
կը
նկարագրեն
անոր
աւերեալ
վիճակը
եւ
կ’ողբան
անոր
երբեմնի
փառքը
եւ
գեղեցկութիւնը:
Բլուրը
Բլրի
Եկեղեցին
թէեւ
ծանր
կերպով
քանդուած,
բայց
անոր
մեծ
մասը
եւ
սիւները
դեռ
կանգուն
կը
մնային:
Ներքին
փոքր
շէնքը
անմիջապէս
նորոգուեցաւ.
իսկ
ամբողջ
շէնքը
կարելի
եղաւ
նորոգել
1229ին:
Այս
կործանումներուն
հետեւանքով
ներքին
զարդերը
ոչնչացած
էին:
ԺԴ.
դարուն
ան
դեռ
կը
պահէր
իր
ամբողջութիւնը,
բայց
ԺԵ.
ին
վանտալութիւնը
լրացուց
իր
դերը,
այնպէս
որ
սալարկուած
մարմարներն
ու
սիւները
պատերէն
խլելով
ուրիշ
տեղեր
տարուեցան
ու
շէնքը`
իր
արեւելեան
մասէն
խոշոր
պատով
մը
բաժնուած`
կը
ծառայէր
գիւղացւոց
բնակութեան
եւ
անասնոց
պաշտպանութեան:
Նոյն
եկեղեցիները
1500էն
մինչեւ
մեր
օրերը
Աշակերտարանի
եկեղեցին
ԺԶ.
դարէն
յետոյ
այլեւս
բոլորովին
քանդուած
էր,
ինչպէս
կը
նկարագրեն
ուղեգիրնրեը:
Ականատես
մը
կը
գրէ
թէ
«նոյն
եկեղեցւոյն
գետնին
պեղումներէն
երեւան
ելած
էին
ջրհոր
մը,
կրօնական
շէնքի
մը
պատերը,
որ
անտարակոյս
Հեղինէի
շինած
եկեղեցւոյն
հիմերն
էին:
Կորնթական
խոյակներու,
պսակներու,
հռոմէական
ցցուակներով
(moulures)
զարդարուած
սիւնաբուներուն
կտորները
տարակոյս
չեն
թողուր
աւերեալ
յիշատակարանին
ծագման
մասին:
Մարմարի
ահագին
բեկորները
մեծ
դժուարութեամբ
սայլերով
կը
կրէին
Յովսափատի
ձորը
ու
հոն
կը
ծախէին
այսոլց,
որ
կը
կրէին
Յովսափատի
ձորը
ու
հոն
կը
ծախէին
այլոց,
որ
կոտրատելով
անոնցմէ
կը
շինէին
գերեզմանաքարեր:
1873-75ին,
լատինք
գնեցին
այդ
գետինը
Արաբներէն
ու
հոն
հաստատուեցան
Կարմեղեան
կրօնաւորուհիք:
Գալով
Բլրի
Եկեղեցւոյ,
անոր
գետնին
մէկ
մասին
վրայ
շատ
կանուխէն
շինուած
էր
մզկիթ
մը
եւ
հաստատուած
էին
Արաբներ:
ԺԶ.
դարէն
յետոյ,
անոր
պահերուն
եւ
սիւներուն
միայն
հիմերը
կ’երեւնային:
Իսկ
Ոտնատեղւոյն
գմբէթաւոր
մատուռը
ազատ
կը
մնար
քանդումներէն:
Դարուս
գիտնական
հնախօսները
սոյն
երկու
եկեղեցիներուն
աւերակաց
մնացորդներուն
համաձայն,
շինած
են
անոնց
յատակագծերն
եւ
պատկերացուած
գեղարուեստական
զարդերն
ու
մոզայիքները:
Մարդ
տեսնելով
կ’ապշի
անոնց
ճարտար
կառուցուածքին
եւ
յօրիանուածքին
վրայ:
Քրիստոնեան,
ի
տես
անոնց,
կ’ըմբռնէ
նոյն
եկեղեցիները
շինողաց
կրօնական
զգացումները,
գաղափարները
ու
այն
ներշնչումները`
որ
անտեսանելիօրէն
զետեղուած
էին
անոնց
հոգւոյն
խորը,
եւ
գեղարուեստի
էր`
որ
պիտի
կարենար
թոյլ
տալու
մեզ
անոնց
նկարներուն,
քանդակներուն
մէջէն
ակնարկ
մը
ձգելու
բարեպաշտ
քրիստոնէից
հոգեկան
աշխարհին:
Քրիստոնեայք
երկիր
վրայ
անմահացած
էին
երեւցող
արուեստին
մէջ: