ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. Սկիւթուպոլսեցիի խօսքերը այդ մասին.
       Հայ Միաբանութեան ծագման պատմութիւնը գրելու համար մեր ձեռքը չունիք հին օերրէն մնացած հայեցի յիշատակարան մը. այդ մասին դարձեալ մեզ իրազեկ ընողն է Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցին, այն անզուգական պատմիչը` որ ստոյգ գիծերով կը ներկայացնէ Դ. եւ Ե. դարուց Երուսաղէմի Անապատին ա'յն Հայերը` որ եկած էին Հայաստանէն եւ յարած անապատի զանազան վանքերու եղբայրութեանց, պահելով իրենց լեզուն եւ կրօնական ինքուրոյն կեանքը. Ղուզիպայի, Եւթիմիոսի, Թէոդոսի (Տէյր Տօզի) եւ Մար - Սաբայի գլխաւոր վանքերուն եղբայրութիւններն, ըստ Սկիւթուպոլսեցւոյն, միեւնոյն ազգութիւններէ կազմուած չէին: Այս վանքերու եղբայրութիւններն Ապու Տիզի, Ղազարիոնի եւ Փարանի կամ պաղեստինեան ոեւէ գիւղի տեղացիներէն չէին կազմուեր: Պէտք է խոստովանիլ թէ այդ վանուց եղբայրներն եկած էին Յունաստանէն, Փոքր - Ասիայէն եւ Հայաստանէն. անոնցմէ ոմանք Յոյն էին, ոմանք Կապադովկիացի եւ այլք Հայաստանցի. եւ այս նորեկներ ընդհանրապէս բարձր իմացականութեան տէր անձեր էին (Տե'ս Raymond Genierի vie de St. Euthyme le Grand, էջ 49):
       Կը փափաքինք առ այժմ միայն գրել Մար-Սաբայի հայ վանականութեան ծագումը: Ինչպէս կը հասկցուի Սկիւթուպոլսեցիին խօսքերէն, նոյն իսկ Մար-Սաբայի օրով ծագում առած է նոյն վանքին Հայ Միաբանութիւնը: Մար- Սաբայի յունարէն կենսագրութեան քանի մը հատուածները, զոր մեր խնդարնոքվ, բարեհաճեցաւ թարգմանել մեր հոգելոյս Դուրեան Ս. Պատրիարք Հայրը, Սաբայի վանքին հայ միաբանութեան պատմական ծագման տեսակէտով թանկարժէք տողեր են. ո'չ մի Հայ պատմիչ երբեք յիշատակութիւն չունի Երուսաղէմի Անապատին վանական եղբայրութեանց մէջ ապրող վաղնջական հայ միաբանութեանց վերաբերմամբ. Սկիւթուպոլսեցին կ՚աւանդէ մեզ հին դարու հայկական վանական կեանքէն նորութիւններ, որոնց համար Հայ Եկեղեցական Մատենագրութիւնը շնորհակալեօք կ՚արձանագրէ անոր այս պատմական չքնաղ տողերը:
       Ահա նոյն հատուածներուն թարգմանութիւնը.
       «Անաստասի գահակալութեան եւ Զենոնի մահուան տարին` հոգեւոր շնորհներով պայծառռացան աստուածարեալ մարդ մը Երեմիա նուն ազգաւ Հայ` այցելեց մենաստանը, հետն էին իր եկու աշակերտները` Պետրոս եւ Պօղոս, այսպէս կոչուած` իբրեւ ստոյգ պատկերն ու դրոշմը անոր կեանքին: Ասոնցմէ Պօղոսը երկար ժամանակ ապրեցաւ մենաստանին մէջ, եւ սքանչելւոյն Սաբայի ուղղութեանց կատարեալ փորձն առաւ. ստէպ խօսելով անոր շուրջիններուն հետ, որոնցմէ շատերն ապահովաբար հետեւող էին մարդուն ներկայ վարքին հակասարապէս (Հտծ. 68):
       «Արդ` երբ անոնք յարեցան մանսատանին, երանելին Սաբա շատ ուրախացաւ. եւ անոնց յաիւացուց այրին հիւսիսակողմի փոքրիկ խուցը` ուր իր ճգնութիւններն անցուցած էր առաջին օրէն, եւ ուր ջուրի հոսանք մը կար, եւ անոնց տուաւ փոքրիկ աղօթարանը, որպէս զի կիրակի եւ շաբաթ օրերը` իրենց լեզուովը կատարեն սովորական փառաբանութիւնները. այդ օրէն էր որ Հայերը ընդունուեցան մենաստանին մէջ (Հտծ. 70):
       «Եւ որովհետեւ առաջին աստուածաշէն տաճարը նեղ եկա ւ եղբայրներու ժողովման եւ աղօթարանին մեծութիւնն ալ չը բաւեց Հայոց բազութեան. աստուածարեալն Սաբա անոնց հիմրուն վրայ ուրիշ շէնք մը կանգնեց` առաւելագոյն վայելչութեամբ եւ մեծութեամբ, ու զայն նուիրեց Աստուածածնի, եւ նաւակատիքը կատարեց ըստ սովորութեան, եւ յանձնեց զայն եղբայրներու, ն որպէս զի յետ այնորիկ հոն ժողովուին, եւ Հայոց բազութիւնն ալ նոյն սուրբ տաճարը փոխադրեց, որպէս զի քրիստոնէական փառաբանութիւնները եւ Աւետարանը իրենց լեզուովը կարդան ունկնդիրներուն, աստուածային խորհուրդներուն հաղորդուելով ուրիշներու հետ, եւ հասարակաց ըլլայ աէմուն մասնակցութիւնը (Հտծ. 92):
       «… Տեսնելով որ Հայերը սրբազան երգերու կարգերը ուղղութեամբ կը պաշտեն, թոյլատրեց անոնց իրենց բնիկ լեզուովը երգել, բաց ի երեքսրբեանէն` զոր յունարէն երգել կոնանադրեց. յանձնարարելով նաեւ որ շաբաթ օրերը այրին մատրան եւ կիրակի օրերը` Աստուածածնի մէջ ժողովուին, եւ իւրաքանչիւրին մէջ կիրակի` երեւելի եւ տէրունական տօներու առթիւ` երեկոյէ մինչեւ առաւօտ երկարաձգուի հսկումը» (Հտծ. 93):
       Այս տողերէն կը հասկցուի ուրեմն որ նոյն իսկ Մար-Սաբայի կենդանութեան կազմուած էր տեղւոյն Հայ Միաբանութիւնը, շինուած էր յատուկ մատուռ մը` ուծր բազմաթիւ միաբանք իրենց լեզուաւ պաշտամունք կը կատարէին եւ կը հետեւէին վանական կեանքի:
      
       Բ. Հայազգի Ե րեմիայի վանքը.
       «Շնորհներով պայծառացած աստուածարեալ մարդը» Հայագի Երեմիան, Մար - Սաբայի վերջին տարիներուն` կը մեկնի վանքէն, ուրիշ վանք մը հաստատելու Կեդրոնի Ձորին հիւսիսային եզերքը, Սբէլիոն կոչուած (Քարայրի վանք) վանքին մօտ, դէպ ի հիւսիս, ինն հարիւր մէթր հեռաւորութեամբ: Մար - Սաբա լսելով իր պատուական սարկաւագինա մեկնումը եւ դիտաւորութիւնը` կը հետեւի անոր` ատաղձ, գործաւոր եւ դրամ առնելով իր հետը. կը շինէ մատուռ մը եւ վանք մը Երեմիայի եւ հետեւողաց համար, կը կանոնադրէ գործադրելու իր սեփական վանքին կանոնները եւ ընդհանուր վերակացու կը նշանակէ Երեմիան: 532ին էր որ կը հաստատուէր այս վանքը եւ կը կոչուէր Երեիմայի վանք, եւ ընտիր սարկաւագը հակառակ իր ակնակալութեան, ուենցաւ իր բաժինը տարափէն ա'յն ոսկիներուն` որ այնքան տխրեցուցած էին զինքը. այս ակնարկութիւն մըն է Մար-Սաբայի կողմէն` Յուստինիանոս կայսրէն առնուած եւ վանքերուն ծախսուած մեծ գումարներուն մասին: Երեմիայի ձեռնարկը վանականց համար բացառիկ իրողութիւն մը չէր. կային ուրիշներ ալ նոյնիսկ Մար - Սաբայի հակառակորդներ` որ թողլով վանքը` կ՚երթային այլուկր եւ կը հիմնէին մենաստաններ եւ ինքը` Մար-Սաբան ալ կ՚օժանդակէր: Երեմիայի ուրոյն վանք ունենալուն այս պատմական պարագան Սկիւթուպոլսեցին չէ յիշատակած իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ. տարբեր աղբիւրէ մէջ կը բերէ Raymond Genier(Տե'ս վերը, էջ 30-31): Վերեւ կարդացինք Սկիւթուպոլսեցիին փառաւոր վկայութիւնը Հայազգի Երեիմայի նկատմամբ. տարբեր անձ մը չենք կրնար նկատել ա'յն Երեմիա սարկաւագը` որ իր անուամբ վանք մը կառոյց Կեդրոնի Ձորին հիւսիսային եզերքը` օժանդակութեամբ Մար - Սաբայի: Ըստ մեր կարծեաց, մեծ հաւանականութեամբ երկու անձերը նոյն են, քանի որ մանաւանդ` վաղեմի յիշատակութիւն մ՚ալ ունինք թէ Սաբայի Ձորին մէջ հակական վանք մը գոյութիւն ունեցած է: Հայոց Անաստա վրդ. ի Վանօրէից Ցուցակին մէջ կը կարդանք. «Այլ վանք Սիւնեաց ի Ձորն Սաբայի». այս վանքը անտարակոյս Մար - Սաբայի վանքէն տարբեր էր եւ հայկական. հետքը կորսուած ուրիշ վանօրէից նման, այս փոքրիկ վանքն ել, իր կործանումէն յետո, անյիշատակ մնացած է մեր կարծեօք: Սաբայի Ձորին հայկակն այս վանքը` հայագզի Երեմիայի կողմէն կառուցուած վանքը պէտք է ըլլայ: Սիւնեաց անուամբ կը յիշուի այն պատճառաւ որ Է. կամ Ը. դարուն, Սիւնիք նորոգած են զայն եւ կոչուած է իրենց անուամբ: Ս. Տեղեաց մէջ Սիւնեաց նախարարութիւնը ունէր ուրիշ չորս վանքեր եւս, ըստ Անաստաս վարդապետի Ցուցակին:
      
       Գ. Մար- Սաբայի Հայ Միաբանութիւնը Ձեռագիր Յիշատակարանի մը համաձայն.
       Մար-Սաբայի Հայ Միաբանութեան նախնական կազմութենէն մինչեւ ԺԵ. դարու կէսը նոյն Միաբանութեան պատմական կեանքի մասին ոեւէ տեղեկութեան չենք հանդիպած. այլ եւ այլ ժամանակ նոյն վանքին վրայ տեղի ունեցող յարձակումներուն հետեւանքով, Մաիբանութիւնը անտարակոյս ունեցած է իր ընդհատենրը եւ վանքին վերանորոգման` դարձեալ վերսկսած է իր կանոնաւոր կեանքը: Այս պարագան ցոյց կու տայ մեզ հայերէն ձեռագրական յիշատակարան մը, ԺԵ. դարուն, ընդօրինակուած Մար- Սաբայի վանքին մէջ. որմէ կը հասկցուի թէ Հայ Մաիբանական կեանքը տեւած է մինչեւ ԺԵ. դարուն կէսը, եւ հաւանաբար վերջ գտած 1636ին, Սերպերուն նոյն վանքէն քաշուելէն յետոյ: Այդ ձեռագրական յիշատակարնը ընդօրինակուած է Հալէպի Ս Քառասունք եկեղեցւոյն սեպհական Աւետարանէն . 23). նոյնութեամբ զայն կը դենք հոս.
       «…զՅամի իննհարիւրերորդի եւ չորրոդի թուականիս հայկազանց տումարի (904=1455), աւարտագործեալ եղեւ աստուածախաւս եւ կենսատու սուրբ Աւետարանս Քրիստոսի Աստուծոյն մերոյ: գգ Զոր իմ մեղապարտ եւ սուտ անուն Սարկաւագի Թադէոսի ցանկացող եղէ այսմ աստուածախաւս մատենի եւ ստացայ զսա ինձ գանձ անկողոպտելի եւ փրկանս մեղուցեալ հոգւոյ իմոյգ: Բայց արդ գրեցաւ սա ձեռամբ յոգնամեղ եւ սուտանուն եւ փցուն եւ անարհեստ գրչի Թադէոս սուտանուն Սրակգաւագի: Ի լաւ եւ յընտիր աւրինակէ, ի սահմանս Սուրբ Քաղաքիս Երուսաղէմի եւ հռչակաւոր Անապատս ի վանս սրբոյն Սաբայի, ընդ հովանեաւ սրբոց որ անդ են հանգուցեալ:
       Դարձեալ աղաչեմ զձեզ զի յիշեսցջիք զհոգեւոր եղբայրն իմ զՅովհաննէս որ զԹուղթն կոկեաց եւ զՄարկոս միայնակեացն եւ զմիաբանս Սուրբ Փրկչիս:
       Դարձեալ ծաներուք ո'վ սուրբ եղբարք որ տուաք յիշատակ հոգւոց մերո ցզսուրբ Աւետարանս հագեւոր որդւոյ մերոյ եւ աշակերտին իմոյ տէր Աբրահամա դեռաբուսիկ քահանային Մսըրացոյ. Աստուած աւրհնէ զինքն եւ զիւր որդիքն, զի բազում անգամ աշխատեցաւ հետ ի մեզ ի մարմնաւոր պիտոյիցս ծառայութիւն անելով:
       Ծաներուք ո'վ սուրբ եղբարք վկայութեամբ Աբրահմա վարդապետին եւ տէր Տաւնականին եւ տէր Սաւղոմանին եւ տէր Հայրապետին որ տուաք զսուրբ աւետարանս յիշատակ հոգւոց մերոց տէր Աբրահամին: եթէ ոք կամեցի ի դմանէ դաւ հանելով կամ գողանալով. զմասն Յուդայի առցէ եւ զխաչահանողացն: Թվկնթենէն?. Հայոց ՋԻ (=1471):
       Այս յիշատակարանէն որոշապէս կը հասկցուի որ Թադէոս սարկաւագ, իբր հայ միաբան, 1455ին, Սաբայի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Աւետարան մը, իր անձին համար, աշխատակցութեամբ Ս. Փրկչի մաիբան թուղթ կոկող Յովհաննէսի` իր հոգեւոր եղբօրը եւ Մարկոս միայնակեացին, եւ 16 տարի ետքը նոյն Աւետարանը կը նուիրէ իրեն աշակերտին Մսըրցի Տէօր Աբրահամ Քահանային:
      
       Դ. Հայ Միաբանութեան եկեղեցին Մար- Սաբային մէջ.
       Ըստ Սկիւթուպոլսեցւոյն բացատրութեան, ինչպէս տեսանք վերեւ, Մար - Սաբա Հայոց միաբաններուն բազմութեանը պատճառաւ իր յատկացուցած մատուռը նեղ գալուն համար, յանուն Ս. Աստուածածնի նոր եկեղեցի մը կը շինէ «առաւելագոյն վայելչութեամբ եւ մեծութեամբ»:
       501ին կը կատարուի այս շինութիւնը, ոչ թէ միայն անհրաժեշտ պէտքի մը համար, այլ իբր բողոք ընդդէմ Նեստորի: Այս նորաշէն եկեղեցւոյն նաւակատիքը կը կատարէ Երուսաղէմի Եղիա պատրիարքը, որ աշակերտակիցն էր եւ մտերիմը Մար - Սաբայի (Տե'ս Raymond Genierի Conferances de Saint Etienne, 1910, էջ 295): Պատահած դէպքերուն պատճառաւ կը թուի թէ ՀԱյ Միաբանութեան յատկացուած եկեղեցին փոփոխութեան ենթարկուած է: Երուսաղէմի Նօթր-Տամի բրօֆէսորներէն 1922ին կ՚ըսուի թէ` «Աւետման եկեղեցին Սաբայի հայ վանականց կողմէն շինուեցաւ. բայց ան չունի այժմ ոեւէ յիշատակարան». չգիտենք թէ նոյն հեղինակները ո՞ւրկէ քաղած են այս տեղեկութիւնը: Վերջին դարու մեր պատմիչներէն Հաննէ, զոր յիշեցինք, իր Պատմութեան մէջ (էջ 282) Մար - Սաբայի վանքին թուած եկեղեցիներու կարգին կը յիշատակէ Ս. Առաքելոց Եկեղեցին եւ կը յարէ. «Եւ ազգս մեր ունին ի սմա մասն մի վիճակ»: Իսկ Խորէն վրդ. Մխիթարեան` (յետոյ եպս. ) իր Համառօտ Պատմութիւն Երուսաղէմի գործին մէջ (էջ 158), Հաննէի յիշած եկեղեցիներուն անունները մէջ բերելէ յետոյ, կ՚աւելցնէ սա' խօսքերը. «Ութերորդը` Սրբոց Առաքելոց որ Հայոց նախարարներէն շինուած է. բայց այժմ բոլորովին քանդուած է»: Խորէն վրդ. ի այս վերջին ծանօթութեան աղբիւրը մեզ անծանօթ կը մնայ. նոյնիմաստ կրկնութիւն մը ունի նաեւ Մկրտիչ վրդ. Արծրուեան իր Ստորագրութիւն Երուսաղէմի գրքին մէջ (էջ 274): Տիգրան Սաւալան` իր Երուսաղէմի Պատմութեան մէջ, ոեւէ նշանակելի տեղեկութիւն մը չի տար դժբախտաբար. միայն կը գրէ (էջ 298) սա հակիրճ տողերը. «Ի վերայ գմբէթի եկեղեցւոյն որ ի վանս Հ. Սաբայի` գտանին երկաթագրեալ անուանք Հայ վարդապետաց ոմանց եւ գտանին անդ հայերէն հին ձեռագիրք»: Մեր այցելութեան առթիւ, հակառակ մեր հետազօհութեանց, չը կրցինք տսենել Սաւալանի յիշած երկածագիր այդ արձանագրութիւնը. իսկ հայերէն ձեռագրաց գոյութեան ապացոյց է անտարակոյս Հալէպի Ս. Քառասունք եկեղեցւոյն Աւետարանը` որուն յիշատակարանը դրինք վերը. իսկ այն Ամերտկացին որ Երուսաղէմի յունաց պատրիարքարանին յունարէն ձեռագիրները ցուցակագրած է, իր Ցուցակին մէջ ցոյց կու տայ թէ կը գտնուին հայերէն 16 ձեռագիրներ` որ Մար- Սաբայի մէջ ընդօրինակուած եւ անկէ փոխադրուած են: