Անծանօթ 
  
   կը 
  
   մնայ 
  
   մեզ 
  
   Ռեմլէի 
  
   վանքին 
  
   ծագումը. 
  
   բայց 
  
   կ՚երեւի 
  
   որ 
  
   շատ 
  
   հին 
  
   չէ. 
  
   յայտնի 
  
   ըլլալով 
  
   քաղաքին 
  
   արաբական 
  
   հիմնարկութիւն 
  
   մը 
  
   ըլլալը 
  
   եւ 
  
   Խաչակրաց 
  
   տիրապետութեան 
  
   ժամանակ 
  
   տեղացի 
  
   քրիստոնէից 
  
   հանդղպ 
  
   անոնց 
  
   ունեցած 
  
   ատելութիւնը. 
  
   բայց 
  
   շատ 
  
   ալ 
  
   հաւանական 
  
   չենք 
  
   գտներ 
  
   կարծիքն 
  
   այն 
  
   պատմագիրներուն` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   գրեն 
  
   իբր 
  
   թէ 
  
   ԵՂիազար 
  
   պատրիարք 
  
   ըլլայ 
  
   հիմնադիրը 
  
   նոյն 
  
   վանքին. 
  
   բայց 
  
   ինձ 
  
   կը 
  
   թուի 
  
   թէ 
  
   Յոպպէէն 
  
   Եորւսաղէմ 
  
   եւ 
  
   փոխադարձաբար 
  
   մեկնող 
  
   ուխտաւորներուն 
  
   համար 
  
   կայան 
  
   մը 
  
   անհրաժեշտ 
  
   էր 
  
   նոյն 
  
   ճանապարհին 
  
   վրայ, 
  
   եւ 
  
   հետեւաբար 
  
   Եղիազարէն 
  
   շատ 
  
   կանուխ 
  
   պէտք 
  
   էր 
  
   հիմնարոկւած 
  
   ըլլար 
  
   Ռեմլէի 
  
   վանքը, 
  
   թէեւ 
  
   այդ 
  
   մասին 
  
   ի 
  
   ձեռին 
  
   յիշատակարան 
  
   չունինք: 
  
   Եղիազար 
  
   Ռեմլէի 
  
   մէջ 
  
   քանի 
  
   մի 
  
   տուներ 
  
   կը 
  
   գնէ 
  
   եւ 
  
   զանոնք 
  
   միացնելով 
  
   ուխտաւորաց 
  
   իջեւանատեղի 
  
   մկ 
  
   կը 
  
   շինէ. 
  
   կը 
  
   կառուցանէ 
  
   եկեղեցի 
  
   մը, 
  
   յանուն 
  
   Ս. 
  
   Գէորգայ, 
  
   որուն 
  
   նուիրուած 
  
   եկեղեցիներ 
  
   հինէն 
  
   կան 
  
   Ռեմլէի 
  
   մօտ, 
  
   Լիւդի 
  
   մէջ. 
  
   եկեղեցիին 
  
   լայնքն 
  
   է 
  
   9մ. 
  
   15, 
  
   երկայնքը` 
  
   12մ. 
  
   55. 
  
   ան 
  
   միասիւն 
  
   է. 
  
   Յոպպէի 
  
   ճանապարհին 
  
   վրայ 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   յատկացնէ 
  
   գերեզմանատուն 
  
   մը: 
  
   Վանքին 
  
   շինութեան 
  
   պատճառաւ 
  
   որպէս 
  
   զի 
  
   տեղւոյն 
  
   իսլամները 
  
   չզայրանան` 
  
   անոնց 
  
   սիրտը 
  
   շինելու 
  
   համար 
  
   տեղւոյն 
  
   մզկիթը` 
  
   զոր 
  
   վերեւ 
  
   յիշեցինք 
  
   արդէն, 
  
   թէ 
  
   ան 
  
   կանուխէն 
  
   եկեղեցի 
  
   էր, 
  
   նորոգեց 
  
   եւ 
  
   սահմանեց 
  
   տարուէ 
  
   տարի 
  
   17 
  
   դահեկան 
  
   իւղագին 
  
   տալ 
  
   Ս: 
  
   Գէորգի 
  
   կալուածներէն, 
  
   ինչպէս 
  
   մինչեւ 
  
   հիմակ 
  
   ալ 
  
   կը 
  
   տրուի: 
 
       
  
   Հաննէ 
  
   (էջ 
  
   69) 
  
   կը 
  
   գրէ. 
  
   «գոյ 
  
   աստ 
  
   վանք 
  
   մի 
  
   ազգիս 
  
   մերոյ 
  
   յանուն 
  
   սրբոյն 
  
   Գէորգայ 
  
   զօրավարին, 
  
   եւ 
  
   երանեալ 
  
   մեծ 
  
   մարտիորսին, 
  
   զփոքրիկ 
  
   եւ 
  
   զգեղեցիկ 
  
   ունելով 
  
   զեկեղեցի` 
  
   հանդերձ 
  
   բարձիբերձ 
  
   դապասօք 
  
   եւ 
  
   խցերովք: 
  
   Եւ 
  
   ունի 
  
   տնտեսատուն, 
  
   փուռ, 
  
   սեղանատուն, 
  
   գինետուն 
  
   եւ 
  
   պարտէզ 
  
   իլիմոն 
  
   ծառօք: 
  
   Բնակին 
  
   աստ 
  
   միաբանք, 
  
   եւ 
  
   աստ 
  
   իջեւանին 
  
   տէրունակա 
  
   ն 
  
   ուխտաւորքն, 
  
   զի 
  
   լայն 
  
   եւ 
  
   ընդարձակ 
  
   ունի 
  
   ատեան. 
  
   որոց 
  
   շինողաց 
  
   եւ 
  
   պատճառլինողաց` 
  
   մանաւոնդ 
  
   Եղիազար 
  
   կաթուղիկոսին` 
  
   եւ 
  
   այժմ 
  
   չէն 
  
   պահողաց, 
  
   Տէր 
  
   Քրիստոս 
  
   ողորմեսցի. 
  
   ամէն»: 
 
        
  
   Յետագայ 
  
   տողերէն 
  
   պիտի 
  
   տեսնուի 
  
   որ 
  
   Ս. 
  
   Աթոռոյ 
  
   գահակալները 
  
   մասնաւոր 
  
   հոգածութիւն 
  
   ունեցած 
  
   են 
  
   Ռեմլէի 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   վանքին 
  
   նկատմամբ. 
  
   հոն 
  
   կը 
  
   մնար 
  
   տեսուչ 
  
   մը, 
  
   իբր 
  
   պաշտօնեայ 
  
   ուխտաւորաց 
  
   հոգեւոր 
  
   մխիթարութեան 
  
   եւ 
  
   հսկող 
  
   վանքապատական 
  
   կալուծոց: 
  
   Եղիազարէն 
  
   յետոյ 
  
   Շղթայակիր 
  
   եւս 
  
   1728ին 
  
   տուն 
  
   մը 
  
   գնած 
  
   է 
  
   իբր 
  
   վանքին 
  
   կալուած: 
  
   1764ին 
  
   Կարապետ 
  
   պատրիարք 
  
   Գանձակեցին 
  
   նորոգած 
  
   է 
  
   նոյն 
  
   վանքը,
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   հետեւեալ 
  
   յիշատակարանէն` 
  
   որ 
  
   կը 
  
   գտնուի 
  
   եկեղեցիին 
  
   միակ 
  
   սիւնին 
  
   վրայ. 
  
   «Ավ. 
  
   ՎԱնքս 
  
   Սրբոյն 
  
   Գէորգայ 
  
   որ 
  
   ի 
  
   Ռեմլէ 
  
   բազում 
  
   ծախիւք 
  
   եւ 
  
   նգղութեամբ 
  
   նորոգեցաւ 
  
   նորակերտ 
  
   մեծ 
  
   դրամբն, 
  
   ի 
  
   պատրիարքութեան 
  
   Սրբոյն 
  
   Երուսաղէմի 
  
   Տեառն 
  
   Կարապետի, 
  
   աշխատութեամբ 
  
   Գաբրիէլ 
  
   եւ 
  
   Գէորգ 
  
   վարդապետաց 
  
   եւ 
  
   բոլոր 
  
   միաբանից. 
  
   ի 
  
   ՌՄԺԳ 
  
   (= 
  
   1764) 
  
   թվին, 
  
   որ 
  
   հանդիպիք 
  
   տուք 
  
   զողորմիս»: 
 
        
  
   1806ին 
  
   Վանեցի 
  
   Թէոդորոս 
  
   պատրիարք 
  
   կը 
  
   յիշատակէ 
  
   Ս: 
  
   Գէորգի 
  
   խաչկալը 
  
   եւ 
  
   անոր 
  
   պատկերը 
  
   ի 
  
   յիշատակ 
  
   իր 
  
   հոգեւոր 
  
   եւ 
  
   մարմնաւոր 
  
   ծնողաց. 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   հասկցուի 
  
   աւանդատան 
  
   սեղանի 
  
   պատկերին 
  
   յիշատակարանէն: 
 
        
  
   1814ին 
  
   Թէոդորոս 
  
   պատրիարքին 
  
   եւ 
  
   տեսուչ 
  
   Մահալըճցի 
  
   Յակոբ 
  
   վարդապետի 
  
   օրով 
  
   Էվգարացի 
  
   թուղլաճի 
  
   մհի. 
  
   Մարտիրոս 
  
   եւ 
  
   Համասփիւռ 
  
   կողակիցը 
  
   կը 
  
   յիշատակեն 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   եկեղեցիի 
  
   Ս. 
  
   Կարապետ 
  
   խորանի 
  
   խաչկալը 
  
   հանդերձ 
  
   եալտըզով, 
  
   ինչպէս 
  
   կը 
  
   տեղեկանանք 
  
   աւանդատան 
  
   յիշատակարանէն: 
 
        
  
   1833ին 
  
   Աժտէրխանի 
  
   եւ 
  
   Հնդկաց 
  
   նուիրակ 
  
   Կարապետ 
  
   արքեպիսկոպոս 
  
   Եւդոկիացի 
  
   ( 
  
   1849 
  
   դեկտ. 
  
   16) 
  
   Ռեմլէի 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   վանքին 
  
   կը 
  
   նուիրէ 
  
   վանքէն 
  
   դուրս 
  
   մեծագոյն 
  
   պարտէզ 
  
   մը 
  
   եւ 
  
   ձիթաստան 
  
   մը 
  
   (Տե'ս 
  
   Ստորագրութիւն 
  
   Երուսաղէմի, 
  
   էջ 
  
   33): 
  
   1867ին 
  
   Եսայի 
  
   պատրիարք` 
  
   Աթանաս 
  
   վրդ. 
  
   Սատաղեան 
  
   գնած 
  
   է 
  
   երկու 
  
   մասեր 
  
   եւս 
  
   եւ 
  
   ըստ 
  
   առաջնոյն 
  
   կցուած 
  
   է 
  
   վերնոյն. 
  
   այժմ 
  
   պարտէզին 
  
   տարածութիւնը 
  
   մերձաւորապէս 
  
   200 
  
   արտավար 
  
   (տէօնիւմ) 
  
   է: 
  
   Այս 
  
   պարտէզին 
  
   Հաշիշիէ 
  
   անունը 
  
   կը 
  
   տրուի. 
  
   իսկ 
  
   Ռեմլէցիք 
  
   կ՚ըսն 
  
   Պայարա: 
 
        
  
   1843 
  
   յուլիս 
  
   25ին 
  
   Զաքարիա 
  
   պատրիարք 
  
   Կոփեցի 
  
   Ռեմլէի 
  
   վանքին 
  
   մէջ 
  
   առաջին 
  
   անգամ 
  
   կը 
  
   բանյ 
  
   Ժա. 
  
   Վարժարանը 
  
   եւ 
  
   հայերէն 
  
   լեզուի 
  
   ուսուցիչ 
  
   կը 
  
   կարգէ 
  
   Խաչատուր 
  
   քաահնայ 
  
   Տարոնեցին 
  
   եւ 
  
   հոգաբարձու` 
  
   Ստեփան 
  
   վարդապետ 
  
   Տիգրանակերտցին: 
  
   Եւ 
  
   որպէս 
  
   զի 
  
   բարեկարգ 
  
   ընթանայ 
  
   վարժարանը` 
  
   իր 
  
   յանձնարարութեամբ 
  
   փոխնանորդ 
  
   Կիրակոս 
  
   եպս. 
  
   եւ 
  
   քանի 
  
   մը 
  
   առաջաւոր 
  
   վարդապետներ 
  
   տասը 
  
   յօդուածներէ 
  
   բաղկացեալ 
  
   կանոնգիր 
  
   մը 
  
   կը 
  
   պատրաստեն` 
  
   ւոսմանց 
  
   աստիճաններու 
  
   եւ 
  
   ուսուցիչներու 
  
   եւ 
  
   ուսանողներու 
  
   պարտականութեանց 
  
   վերաբերեալ: 
  
   Իբր 
  
   մէկ 
  
   ու 
  
   կէս 
  
   տարի 
  
   յետոյ 
  
   Զաքարիա 
  
   պատրիար 
  
   վարժարանը 
  
   կը 
  
   փոխադրէ 
  
   Երուսաղէմ 
  
   առանձին 
  
   տան 
  
   մը 
  
   մէջ, 
  
   եւ 
  
   ուսոցիչ 
  
   կը 
  
   կարգէ 
  
   Արմաշի 
  
   վանքին 
  
   Մուրատ 
  
   վարժապետը 
  
   ( 
  
   1848), 
  
   որ 
  
   հմուտ 
  
   եւ 
  
   եռանդուն 
  
   աշխարհական 
  
   մըն 
  
   էր 
  
   ու 
  
   այն 
  
   տարին 
  
   ուխտի 
  
   եկած 
  
   էր 
  
   Երուսաղէմ: 
 
        
  
   1876-1907 
  
   թուականին 
  
   Ռեմլէի 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   վանքին 
  
   տեսուչն 
  
   էր 
  
   Մալաթիացի 
  
   Բարթուղիմէոս 
  
   վրդ. 
  
   Սատաղեան` 
  
   որ 
  
   նոյն 
  
   վանքին 
  
   կտակած 
  
   է 
  
   տուն 
  
   մը, 
  
   խանութներ 
  
   եւ 
  
   պարտէզ 
  
   մը 
  
   հազար 
  
   ոսկւոյ 
  
   արժողութեամբ: 
  
   Քրձազգեաց 
  
   միաբան 
  
   մը 
  
   Սարգիս 
  
   Պաղտասարեան 
  
   Տիգրանակերտցի 
  
   ( 
  
   1930) 
  
   բացի 
  
   իր 
  
   միւս 
  
   յիշատակներէն, 
  
   Ռեմլէի 
  
   մէջ 
  
   յիշատակ 
  
   թողած 
  
   է 
  
   վեց 
  
   մթերանոցներ: 
 
        
  
   Մինչեւ 
  
   վերջին 
  
   տարիներս 
  
   Ռեմլէի 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   վանքը 
  
   իր 
  
   յարկաբաժիններով 
  
   կանգուն 
  
   էր, 
  
   Հաննէ 
  
   պատմագիրին 
  
   վերեւ 
  
   նկարագրուածին 
  
   համաձայն. 
  
   բայց 
  
   1927 
  
   յուլիս 
  
   11ին 
  
   տեղի 
  
   ունեցած 
  
   սոսկալի 
  
   երկրաշարժին 
  
   հետեւանքով, 
  
   ինչպէս 
  
   Երուսաղէմի 
  
   եւ 
  
   շրջակայից, 
  
   նոյնպէս 
  
   Ռեմլէի 
  
   մէջ 
  
   բազմաթիւ 
  
   տուներ 
  
   եւ 
  
   շէնքե 
  
   րկործանեցան, 
  
   ու 
  
   շատ 
  
   մարդեր 
  
   փլատակներու 
  
   տակ 
  
   մնացին. 
  
   Ռեմլէի 
  
   Ս. 
  
   Գէորգ 
  
   վանքն 
  
   ալ 
  
   զերծ 
  
   չմնաց 
  
   երկրաշարժէն, 
  
   բացի 
  
   եկեղեցիէն 
  
   որ 
  
   անվնաս 
  
   մնաց, 
  
   ամբողջովին 
  
   քանդուեցան 
  
   տեսչարանը 
  
   իր 
  
   մասերով, 
  
   ուխտաւորաց 
  
   սենեակները 
  
   եկ 
  
   քանի 
  
   մը 
  
   վանքապատական 
  
   կալուծներ: 
  
   Առ 
  
   այժմ 
  
   փլատակները 
  
   մաքրելով 
  
   առ 
  
   ժամանակեայ 
  
   նորոգութիւն 
  
   մը 
  
   կատարուած 
  
   է, 
  
   ապագային 
  
   վերապահելով 
  
   վանքին 
  
   ամբողջական 
  
   նորոգութիւնը, 
  
   որ 
  
   անհրաժեշտ 
  
   է: