ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Աւետարանի պատմութեան համաձայն, Յուդայի առաջնորդութեամբ քահանայապետներու եւ ժողովրդեան ծերեր ու մարդերը սուրերով եւ բիրերով Յիսուսը Գեթսեմանիի մէջ կը բռնեն ու կապելով կը տանին` նախ Աննայի` եւ յետոյ Կայիափա քահանայապետին տունը, ուր, յետ հարցաքննութեան, ամբոխը կը պոռայ ըսելով թէ «մահապարտ է» ու ոմանք կ’սկսին Յիսուսի երեսը թքնել, կռփել եւ ուրիշներ ալ կ’ապտակեն. այդ պահուն Պետրոսը գաւթին դուրսը նստած կը տաքնար. ան` աղախինի մը հարցման վրայ` երեք անգամ կ’ուրանայ Յիսուսը. յետոյ Պետրոս յիշելով իր Վարդապետին խօսքը` դուրս կ’ելնէ եւ դառնապէս կ’սկսի լալ (Տե'ս Մատթ. ԻԶ. 57-75, Մարկ. ԺԴ. 53-72, Ղուկ. ԻԲ. 54-62, Յովհ. ԺԸ. 12-27):
       Յիսուսի այս տնօրինական գործերուն ի յիշատակ` Կայիափայի տան տեղւոյն վրայ քրիստոնեայք` Զ. դարուն, կառուցած են սրբավայր մը, իբր կեդրոն ուխտագնացութեան. եւ նոյն սրբավայրը մինչեւ հիմակ գոյութիւն ունի եւ սեպհականութիւնը կը վերաբերի Հայոց եւ այժմ ան կը կոչուի Ս. Փրկչավանք:
       Պիտի գրենք նախ Ս. Փրկչավանքին պատմութիւնը եւ վկայութիւնները եւ յետոյ պիտի յիշենք Է. դարէն սկսեալ Աւագ Հինգշաբթիի գիշերուան թափօրը Ս. Փրկչի եկեղեցիին մէջ. եւ ապա ի ձեռին ունեցած մեր յիշատակարաններու համաձայն, պիտի ծանօթագրենք նոյն վանքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը: