ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երուսաղէմի հայոց հին վանօրայք ընդհանրապէս կը յիշատակուին իրենց հիմնադիրներուն անունվ, շատ յիշեր են որ իրենց իսկական անունով կը յիշուին, այդ քիչերէն է Գազաւոնի վանքը որ կը կրէ թէ հիմնադիրին եւ թէ վանքին անունը: Գազաւոն Կամսարական անուն մըն է. նոյն նախարարութիւնը ունեցած է Գազաւոն անուամբ երեք պատմական անձեր.
       Ա. Գազաւոն, որդի Սպանդարտի, 389ին (Խորենացի Գ. ԽԲ).
       Բ. Գազաւոն, որդի Հրահատի, 426ին (Խորենացի Գ. ԿԵ. ).
       Գ. Գազաւոն, հայր Զաւրակի, Զ. դար (Գիրք Թղթոց, էջ 74):
       Պատմական պարագաները Գազաւոնները հիմնարկած ըլլան յիշատակուած վանքը, վասն զի անոնք հեռի կը դտոնւէին յունական կայսրութեան սահաններէն. աւելի շատ հաւանականութիւն ունի Ա. Գազաւոնը, նախ որ տղայութեան օրերուն քաղաքական պատճառներով իր մօրը հետ ապաստանած է յունական բաժինը, եւ ծանօթ էր նոյն աշխարհին մէջ: 386էն յետոյ հայոց թագաւորութեան կիսուած ժամանակ, Գազաւոն` Արշակ Գ. թագաւորին հետ մեկնելով պարսկական բաժնէն դարձեալ հաստատուեցաւ յունական բա ժնին մէջ եւ հռչակաւոր դարձաւ իր քաջագործութիւններով: Երբ Արշակ մեռաւ, Յոյնք իրենց բաժնին հայկական թագաւորութեան վերջ տալով հաստատեցին յոյն կոմս մը, եւ սպարապետութիւնն ալ յանձնեցին Գազաւոնին, որ այս պարագային տակ հայ նախարարաց հետ դիմեց պարսկական բաժնի Հայոց Խոսրով թագաւորին եւ մեկնեցաւ անոր ծառայութեան մէջ մտնելու համար: Քաղաքական ծանր դէպքերու բերումով, Գազաւոն շղթայակապ Խոսրովի հետ տարուեցաւ Անյոյշ բերդը եւ հոն վախճանեցաւ:
       Արդ, Սպանդարատի որդի Գազաւոնը յունաց աշխարհին հետ իր յաճախակի յարաբերութիւններովն եւ երկար ժամանակ բնակութեամբն ու զինուորական համբաւովն աւելի ծանօթացած էր յոյներուն, որ նոյն ժամանակ տիերապետող էին Պաղեստինի: Անոր սպարապետութեան պաշտօնը, դիրքը եւ ազդեցութիւնը պիտի օգնէին Ս. Երկրին մէջ յաւերժացնելու իր նախարարութեան անունը` կառուցանելով հոյակապ վանք մը, յանուն Ս. Կուսանաց` Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի: Հայ Պատմութիւնը արձանագրած է բազմաթիւ Կամսարական նախարարներու անունները` որ վանքեր կամ եկեղեցիներ շինած են, մասնաւորապէս Շիրակի մէջ, Մրենի եւ Թալինի եկեղեցիները, որ մինչեւ հիմակ կանգուն կը մնան, անոնց ջերմեռանդ կրօնասիրութեան արդիւնքն են: Կամսարականք մինչեւ ութերորդ դար խնամութեամբ ալ զօրանալով մեծ ծառայութիւններ մատուցին եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին: Կամսարականք` որքան բարեհամբաւ եւ հայրենանուէր գործերով հռչակուած, նո'յնքան կսծալի դէպքերով լեցուն տարեգրութիւն մը թողած են, զոհ ըլլալով եղբայրական նախանձի եւ ատելութեան: Անոնք հայրենիքէն դուրս ալ, Արեւմտեան աշխարհի ընծայած են դէմքեր` զարդարուած յիշատակելի գործերով. անոնք են դարձեալ որ Ս. Երկրին մէջ շինած են Համբարձման լերան վրայ, Շիրակացւոց վանքը, Բատին եւ Ս. Լուսաւորիչ վանքերը, որոնց տեղերը տակաւին չենք կրցած ճշդել. մասնաւորապէս կը յիշուի Համազասպ Կամսարակա ն մը` որ Երուսաղէմ այցելած ու ազատած է ա'յն հայկական վանքերը որոնք գրակուած էին յոյներէն, եւ որուն խնդրանքովը Անաստաս վրդ. գրի առած է Երուսաղէմի Հայ Վանօրէից Ցուցակը: