ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երկու Աւետարանիչները` Մատթէոս (Բ) եւ Ղուկաս (Բ) կը պատմեն Փրկչին Ս. Ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ: Ըստ գրաւոր յիշատակարանաց եւ աւանդութեան, Քրիստոս ծնաւ այրի մը մէջ, թէեւ այր բառը Աւետարանիչները որոշապէս չեն յիշեր. բայց Աւետարանին մէջ յիշուած մսուր բառին գոյութենէն յայտնի է թէ Փրկչին ծննդեան տեղը մսուր բառին գոյութենէն յայտնի է թէ Փրկչին ծննդեան տեղը բնակութեան կամ տան վերածուած այրի մը մէջ էր. բաց աստի, չենք կրնար ալ ըսել թէ այրը Աւետարանին մէջ չէ յիշատակուած. քանի որ Լազարեան Ճեմարանին ծանօթ հայ ձեռագիր . դար) Աւետարանը կը յիշատակէ այր բառը. «Եւ նոքա իբրեւ լուան թագաւորէն` գնացին, եւ ահա աստղն զոր տեսին յարեւելս` առաջնորդեաց նոցա, մինչեւ եկեալ եկաց` ի վերայ այրին ուր էր մանուկն (Մատթ. Բ. 9): Այս տարբերակը առաւելապէս կը հաստատուի մեր Շարակնոցին Աստուածայայտնութեան կանոնովը, ուր բազմիցս կը յիշատակուի այրը:
       Քրիստոսի ծննդեան աւետարանական մանրամասնութիւնները հոս չենք յիշեր, Աւետարանները կը պատմեն զանոնք: Մենք միայն պիտի ջանանք նկարագրել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան այրը, անոր վրայ կառուցուած եկեղեցին ու դարէ դար կրած գլխաւոր փոփոխութիւնները եւ յետոյ պիտի յիշատակենք Ս. Ծննդեան մօտ կառուցուած հայոց վանքը ու անոր վերաբերեալ հայկական յիշատակները: