ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Երուսաղմէի հարաւակողմը գտնուող Սիոնի քաղաքամասին մէջ շինուած է Ս. Յակոբեանց վանքը: Այդ քաղաքամասին Հայոց թաղ անունը կը տրուի, որ իր ամբողջութեամբը Ս. Յակոբեանց ստացութիւնն է. եւ անոր մէջ են քաղաքացի Հայոց բնակութեան տուները, որոնք թէեւ վանքապատկան կաուածներ են, այլ տեղացի Հայերը ձրիաբար կը բնակին: Թաղին բոլոր շինութիւնները եւ գետինները, հիւսիսէն հարաւ, այսինքն Ս. Փրկչի գերեզմանատան ետեւի դուռէն մինչեւ Ասորւոց վանքը իբր 450 մէթր երկայնութիւն եւ արեւելքէն արեւմուտք, այսինքն պարտէզներու ետեւի պարապէն մինչեւ արեւելակողման տուներուն ծայրը, իբր 300 մէթր լազնութիւն ունեցաող, անկանոն քառանկիւն մը կը կազմեն, մերձաւորաբար 150, 000 քառակուսի մէթր տարածութեամբ, որուն մէկ մասը բուն վանական շէնքերն են, մաս մըն ալ քաղաքացւոց բնակարաններ եւ մաս մ'ալ պարտէզներ: Հայոց քաղաքամասը, եւ մանաւանդ մայրավանքին դիրքը, եզակի ըսուելու չափ նշանաւոր է, եւ հարեւան ազգութեանց նախանձելի դարձած է, ոչ միայն Սիոնի պատմական եւ նուիրական նշանակութեամբը, այլ եւ բաց հորիզոնովը, մաքուր օդովը եւ հովասուն դիրքովը, զի թէպէտ բնակութեանց մօտ, բայց խճողումներէ եւ քաղաքամիջի խտացած մթնոլորտէն ազատ է: Ս. Յակոբեանց Աթոռին գրաւած տարածութիւնը միապաղաղ ստացութիւն մը կը կազմէ:
       Թէ Միաբանական եւ թէ ուխտաւորական բնակարանները եւ թէ քաղաղացւոց բնակութեան մասերը հետզհետէ ստացուած կամ շինուած կտորներ են, ինչպէս պատմական յիշատակներ ալ կը հաւաստեն: Շինութեան ոճը ընդհարնապէս հինն է, հաստ պատերով, ցած դուռերով, պզտիկ պատուհաններով եւ կամարակապ առաստաղներով: Շինուածանիւթն է քարը որ առատ է Երուսաղէմի ամեն կողմերը:
       Վանականց եւ ուխտաւորաց սահմանեալ միւս բոլոր շինութիւնք կեդրոնական մասը կը գրաւեն, եւ իբր 175 մէթր երկայն եւ 100 մէթր լայն, այսինքն իբր 18, 000 մէթր քառակուսի տարածութիւն ունին, եւ այս մասին մէջ են Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարը եւ Ս. Թէոդորոս եկեղեցին. ինքնուրոյն մասեր կը կազմեն Չամ թաղը, Ժառանգաւորաց Վարժարանին յատկացեալ, գմբեթայարկ ճեմարանը` որ վարժարանին մաս կը կազմէ, Ս: Հրեշտակապետաց եկեղեցին ու վանքը, կեդրոնական շինուածը մէջէմէջ բաւիղանման անցքերով միացած է, եւ շատ մը թագերու կը բաժնուի: Վանքին մեծ դուռը կը բացուի առջեւի հրապարակի վրայ: Դրան վրայ երեւցող ճակատի մասը հին աբեղաթաղն է, կէս կամար անցքին վրայ բարձրացող շէնքը սեղանատունն է, իսկ միւս կողմի մեծ կամարին վրայ կը բարձրանայ Պատրիարքարանը: Ս. Յակոբեանց վանքին, եկեղեցւոյն եւ այլ շինուածոց տարածութեան մասին գաղափար մը տալէ վերջ կ՚անցնինք մեր բուն նիւթին. նախ գրել թէ որո'նց յիշատակին կառուցուած է հայկական այս վանքն ու եկեղեցին, ապա եկեղեցիին ու անոր սրբավայրերուն պատմական ծագումը յիշել ու նկարագրել, մէջբերելով ամենէն հին յիշատակարանները. պատմել ու յիշատակել վանքին այն ամեն գլխաւոր ու կարեւոր շէնքերը որ պատմականօրէն բազմադիմի օգուտներ ընծայած են Ս. Յակոբեանց վանքին: 1 . Ս. Յակոբեանց վանքը ու եկեղեցին կառուցուած են Յակոբոս Զեբեդեան եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքելոց յիշատակին, այդ պատճառաւ վանքն ու եկեղեցին կը կոչուին յանուն Ս. Յակոբեանց:
       Յակոբոս Զեբեդեան . Որդի Զեբեդայի, եղբայր Յովհաննու եւ տասներկու առաքեալներէն մին: Ան ձկնորսութիւնը թողլով հետեւեցաւ Յիսուսի, եւ իր եղբօրը հետ կոչուեցաւ բաներեգէս, կամ որդիքն որոտման (Մարկ. Ա. 19. Գ. 17): Յովհաննէսի նման, ան կ՚ուզէր երկինքէն կրակ իջեցնել Սամարիոյ գիւղերէն միոյն վրայ (Ղուկ. Թ. 54) եւ պատուոյ տեղ մը ընդունիլ երկնից արքայութեան մէջ (Մարկ. Ժ. 35-41): Պետրոսի եւ Յովհաննէսի հետ Յիսուսի հետ միերմանալով անոր Այլակերպութեան եւ այլ տնօրինական գործերու վկան հանդիսացաւ. ինչպէս նաեւ Յայրոսի աղջկան յարութեան (Մատթ. ԺԷ. 1-9, Մարկ. Ե. 37, ԺԴ. 33): Հերովդէս Ագրիպպասէն նահատակուեցաւ 44ին (Գործք Առաքելոց. ԺԲ. 2) եւ ան եղաւ առաքելոց առաջին նահատակը: Ըստ աւանդութեան, Յակոբոս Երուսաղէմէն դուրս նահատակուած ըլլալով հրեշտակի միջոցաւ անոր գլուխը բերուեցաւ Ս. Աստուածածնի` որ Յովհաննու Աւետարանչի եւ Տեառնեղբայր Յակոբ արդար առաքելոյն հետ նստած կը սգար անոր մահը. դարձեալ ըստ աւանդութեան, Ս. Յակոբայ տաճարին մէջ` աջակողմը առաջին սիւնին տակ ցոյց կը տրուի Ս. Աստուածածնի նստած տեղը, ուրկէ Տիրամայրը հրամայեց որ Յակոբոսի գլուխը թաղուի տաճարին մէջ այն տեղը որ մինչեւ հիմայ կը կոչուի Ս: Գլխադիր:
      
       Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալ . Ազգական էր Յիսուսի մօրը եւ հօրը կողմանէ. Տեառնեղբայր Յակոբոսը կը կոչուի նաեւ փոք, որոշելու համար երկոտասանից երկու Յակոբոսներէն. կը կոչուէր նաեւ արդար: Ասոր եղբայրներն էին Յովսէ, Սիմոն եւ Յուդա` որ առհասարակ կը կոչուէին եղբարք Յիսուսի:
       Տեառնեղբայր Յակոբոս Քրիստոսի Համբարձումէն վերջ կարգուեցաւ եպիսկոպոսապետ Երուսաղէմի, եւ Գործք Արաքելոցէն յայտնի է թէ Յակոբոս մին էր գլխաւոր առաքեալներէն որ սիւն կոչուեցան Պօղոսէն. ան էր որ նախագահեց Երուսաղէմի ժողովին: Անոր կ՚ընծայուի Յակոբու անունով Ս: Գրոց կանոնին կաթուղիկեայց թուղթը: Նահատակուած է 60ին, իր եպիսկոպոսութեան երեսներորդ տարին: Անոր նահատկութեան մանրամասն պարագաները կը հաղորդեն մեզ Եւսեբիոս` Հեգեսիպպոսէն առնելով եւ Կղեմես Աղեքսանդրացին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Յակոբեանց տաճարը կը նկատուի տան տեղը Տեառնեղբօր Յակոբու, որուն մարմինը նախապէս թաղուած է Ս. Աթոռին տակ եւ յետոյ փոխադրուած է աւագ սեղանին ներքեւ: