ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այնքեարիմի Ս. Կարապետի վանքին հիմնարկութեան ծագման մասին պատմութիւնը արձանագրութիւն մը չ ունի, միայն Անաստաս հայ վարդապետը` իր Ս. Տեղեաց ցուցակին մէջ, «Մամիկոնեանց վանքն որ յանուն Ս. Կարապետին» խորագրով կը յիշէ երկու վանքեր, մին` քաղաքէն դուրս, որ «Լեռնակողման» Հայոց վանքն է, միւսը` Սիօնի մէջ: Մամիկոնեանք` քանի որ Տարօնոյ Ս. Կարապետ վանքին հովանաւորը եղած են, անտարակոյս պիտի փափաքէին Ս. Կարապետի ծննադավայրին` Այնքեարիմի մէջ, կառուցանել իշխանավայել յիշատակարան մը: Հայք` մինչեւ Խաչակրաց ժամանակ, Մամիկոնեանց սոյն վանքին խաղաղ կերպով տիրացած էին եւ ո'չ ոք զիրենք անհանգիստ կ’ընէր: Սալահէտտինի Երուսաղէմի գրաւումէն յետոյ է որ նոյն տեղւոյն վրայ կը ծագին սեպհականութեան խնդիրներ։ Սալահէտտին՝ Պաղեստինի շրջակաները, իրեն հետ պատերազմող յաղթականներուն շնորհած էր հողեր, որոնց մէջ կը գտոնւէին վանքեր եւ եկեղեցիներ: Սալահէտտին հողային այդ «պարգեւները» հին եւ նոր սեպհականատերէրուն միջեւ խնդիրներ երեւան բերին եւ պաշտօնական դիմումներու դուռ բացին (Տե'ս "Meistermann", la "Terre Sainte", 1925, էջ 33): Այդ կարգի հողերէն կը կարծուէին Հայոց Լեռնակողման վանքի սեպհականութիւնները եւ այդ պատճառաւ նեղութիւններու կ’ենթարկուէին տեղւոյն վանականները: Ս. Աթոռիս դիւանական թղթոց մէջ կա'յ Եգիպտոսի Սուլթան Մէլիք Սալիհի (1240-1250) մէկ հրովարտակը, որով կը թոյլատրուի հայ վանականաց, համաձայն արքունական հին հրամանագրերու, տիրանալ նոյն վանքին եւ տեղի չտալ ոտնձգութիւններու, եւ կ’արգելու դրացիներուն անիրաւ ընթացքը (Տե'ս Ժամանակագրական Պատմ. Երուսաղէ մի, հատ. Ա. էջ 184): Բայց կ’երեւի թէ շատ քիչ ժամանակի համար, օգուտ մը ունեցաւ այս բարձրագոյն հրամանը, վասն զի, ինչպէս տեսանք ուխտաւոր ուղեգիրներու մանրամասն ծանօթագրութենէն, դրացիները շարունակած են իրենց ապօրէն պահանջները, վանքն ու եկեղեցին քանդելու, անբնակելի դարձնելու իրենց բոլոր յարձակումներով: Հայ միաբանութիւնը ամէն գնով կը տոկար սակայն, եւ կը շարունակէր իր աշխատանքը. այնպէս կը տեսնուի որ տրուած նեղութիւններուն հակառակ, անխափան կը կատարուէին ժամասացութիւն, գրչագրական եւ գրական զբաղումներ, ինչպէս ցոյց կու տան յիշատակարանները, մեր այս տեսութեան ի վկայութիւն. հոս կը դնենք նոյն հատակոտոր յիշատակարանաց օրինակներ: Այսպէս, Յովհաննէս աբեղայ մը. 1386 թուին, ձեռագիր մը կը նուիրէ «Լեռնակողման» վանքին. « յիշեսջիք զվերջին զստացաւղ զովանէս աբեղայս, որ զգիրքս գնեցի ի տէր Գրիգորէ որ ի Սսէ. եւ դարձեալ տուի ի լեռնակողմն ի յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց ի հուին ՊԼԵ» (Ձեռ. Թ. 89): Դարձեալ նոյն ձեռագրին մէջ, ուրիշ գրիչ մը, Ստեփանոս, 1390ին, կը գրէ. «Գրեցաւ սակաւ գիրս ի հռչակաւոր անապատ լեռնակողմանս, որ յանուն Սբ. Յովհաննէս Կարապետին, ՊԼԹ. Յուլիս Ժ. ձեռամբ Ստեփաննոսի Սբ. Երուսաղէմի Գրիգոր Մըսըրցուն»: Այս Ստեփանոս Սեբաստացին է որ 1390ին, նոյն վանքին մէջ, կ’ընդօրինակէ «Մաշտոց» մը. «Գրեցաւ սակաւ գիրս ի հռչակաւոր անապատս լեռնակողմանս որ յանուն Ս. Յովհաննէս Կարապետին ի թուին ՊԼԹ. ձեռամբ Ստեփանոսի, յեպիսկոպոսութեան Ս. Երուսաղէմի տէր Գրիգորի Մըսըրցւոյ», . 661): Դարձեալ նոյն գրչէն, 1329ին, « Ողորմեա Քս. եւ միաբան եղբարցս լեռնակողմանս կրաւնաւորացս եւ գործաւորացս առ հասարակ. ի թվ. ՊԽԱ., կազմեցաւ ձեռամբ անարժան Ստեփանոսի. . 271), «Սաղմոսարան-Ժամագրքի» մը, 1392 թուականաւ նոյն գրչին մէկ յիշատակարանէն. «… նա եւ ինձ ի սրտէ խոցելոյս եւ մեղօք խաւարելոյս թերավարժ աշխատողի սորա եւ կազմողի Ստեփաննոսի եւ միաբան եղբարցս լեռնակողմանս մեղաց թողութիւն խնդրել ի թվ. ՊԽԱ. կազմեցաւ Սաղմոսարանս». . 271): Նոյն վանքին մէջ Մատթէոս կրօնաւոր մը կը կազմէ Սարգիս Շնորհալւոյ «Մեկ. Կաթողիկեայ թղթոց» գիրքը . 299) ու կը գրէ հետեւեալ անթուական յիշատակարանը. « զկազմող սորա զՄատթէոս զյոգնամեղ սուտանուն կրաւնաւոր յիշեսջիք յաղօթս ձեր. արդ կազմեցաւ սա յանապատիս ընդ հովանեաւ Սբ. Կարապետին եւ Սբ. Վիմին եւ Սբ. Աստուածածնիս եւ Սբ. Ծնընդիս… »: 1417ին կը յիշատակուի Լեռնակողմեցի Աստուածատուր միակեց մը` որ Պօղոս Գառնեցի Ս. Աթոռոյս առաջնորդին (յետոյ կաթողիկոս) հետ, խոշոր Ճառընտիրի մը գրչութեան նպաստած է, «եւ ընդ նմին յիշեսջիք զԱստուածատուր միակեցին զլեռնակողմեցին, որ ի ծախքն աւգնական եղեւ… »: . 1): Ուրիշ մը, Յովհաննէս աբեղայ, 1448ին, դարձեալ նոյն վանքին մէջ կը կազմէ «Յայսմաւուրք» մը . 1822) եւ կը գրէ. «Կազմեցաւ այսաւուրքս «Լեռնակողման» վանսն Սբ. Յովհանու Մկրտչին ձեռամբ սուտանուն Յովհաննէս անուամբ աբեղայի ’ի թվին ՊՂԷ. »: Այս յիշատակարանին մէջ կը յիշուին նաեւ Լեռնակողման վանքի Կիրակոս միայնակեացը եւ Տրապիզոնցի մայր մը: Կայ նաեւ յեպիսկոպոսութեան Սբ. Քաղաքի Երուսաղեմայ տէր Մեսրոպայ եւ տէր Աբրահամին» ընդօրինակուած անթուական Գանձարանի մը յիշատակարանը, ուր այլ ազգային Ս. Տեղեաց հետ կը յիշատակուի նաեւ սուրբ Լեռնակողմը (Տե'ս «Նօտարք Հայոց», էջ 19): Մեսրոպ եւ Աբրահամ եպիսկոպոսները Ս. Աթոռոյս առաջնորդին (յետոյ կաթողիկոս) հետ, խոշոր Ճառընտիրի մը գրչութեան նպաստած է, «եւ ընդ նմին յիշեսջիք զԱստուածտուր միակեցին զլեռնակողմեցին, որ ի ծախքն աւգնական եղեւ …»: . 1): Ուրիշ մը, Յովհաննէս աբեղայ, 1448ին, դարձեալ նոյն վանքին մէջ կը կազմէ «Յայսմաւուրք» մը . 1822) եւ կը գրէ. «Կազմ եցաւ այսմաւուրքս «Լեռնակողման» վանսն Սբ. Յովհաննու Մկրտչին ձեռամբ սուտանուն Յովհաննէս անուամբ աբեղայի ’ի թվին ՊՂԷ. …»: Այս յիշատակարանին մէջ կը յիշուին նաեւ Լեռնակողման վանքի Կիրակոս միայնակեացը եւ Տրապիզոնցի մայր մը: Կայ նաեւ յեպիսկոպոսութեան Սբ. Քաղաքի Երուսաղեմայ տէր Մեսրոպայ եւ տէր Աբրահամին» ընդօրինակուած անթուական Գանձարանի մը յիշատակարանը, ուր այլ ազգային Ս. Տեղեաց հետ կը յիշատակուի նաեւ սուրբ Լեռնակողմը (Տե'ս «Նօտարք Հայոց», էջ 19): Մեսրոպ եւ Աբրահամ եպիսկոպոսները Ս. Աթոռոյս գահակալ գտնուած են 1445-1461: Սբ. Աթոռիս . 1662) ձեռագիրը ընդօրինակած են Ս. Հրեշտակապետաց վանքին մէջ, մին` Մանուէլ, 1466ին, միւսն Սարգիս, 1469ին, Լեռնակողման վանահայր Աբրահամ քահանայի համար, յիշատակարաններն են. « գրեցաւ սա ի թվիս Հայոց ՋԺԲ …… ձեռամբ Մանուէլի ’ի խնդրոյ Աբրահամ քհյի. հաւր վանից Սբ. Յովհաննու Մկրտչին Լեռնակողմանն», «… ձեռամբ Սարգսի սպասաւորի Սբ. Հրեշտակապետաց` ի յիշատակ եւ ի վայելումն սրբասէր կրօնաւորիս Աբրահամ աբեղային, սպասաւոր Սբ. Յովհաննու Լեռնակողմանն. թվ. ՋԺԸ. մայիս ԺԵ. »: Ուրեմն յայտնի կ’ըլլայ թէ այս միջոցներուն Այնքեարիմի վանքին միաբանութիւնը ճնշումներու տակ ստիպուած է թողուլ վանքը, որ դրացիներուն քանդումներուն հետեւանքով հետզհետէ սկսած է աւերիլ: Ինչպէս տեսաք, օտար ուղեգիրներ մինչեւ 1586, կը յիշատակեն վանքին կիսակործան պատերը եւ անոնց վրայ նշմարուած որմագրերը: Բայց կը թուի որ` վանքը որքան որ բռնագրաւուած էր, սակայն հայ վանականներ եւ հայ ուխտաւորներ մերթ ընդ մերթ կը հաճախէին հոն թէ' այցելութեան եւ թէ' ուխտի համար. այսպէս Ս. Աթոռոյ պատրիարք Մինաս Ամթեցի իր Օ րագրութեան մէջ, 1694ին եւ 1695ին կը յիշատակէ թէ` նոյն ժամանակ պատրիարքական խնդիր մը ծագած էր եւ Ս. Յակոբի միաբաններէն ոմանք Լեռնակողման վանքը երթալով հոն ժողով մը կը գումարեն եւ կ’որոշեն գրել Կ. Պոլիս ու աշխարհական տեղապահ մը խնդրել կառավարելու համար Ս. Աթոռը. ու այս պատճառով վէճեր եւ յուզումներ պակաս չեն ըլլար վանականներու միջեւ:
       Դարձեալ նոյն պատրիարքին Օրագրութիւնէն կ’իմացուի որ որպէսզի լատին կրօնաւորք սիրով եւ յարգանօք վարուին Լեռնակողման վանքն այցելող հայ վանականներուն հետ եւ հիւրընկալեն զանոնք, Մինաս պատրիարք` իբրեւ յիշատակ, լատինաց վանքին նուէր կը զրկէ վաթսուն երկու կտոր պղինձ ու մետաքսահիւս Քերմանի պատուական գորգ մը, (տե'ս Տ. Հ. Թ. Սաւալանեանց, Պատմ. Երուսաղէմի, Ա. հատ. էջ 648): Թերեւս այդ ժամանակներէն մնացած է տարին անգամ մը, Մեծ Պահոց վեցերորդ շաբթուն, հայ ուխտաւորներուն Ս. Կարապետի վանք երթալու ու լատինաց եկեղեցիին մէջ իրենց ուխտը կատարելու սովորութիւնը: Իսկ առաջները, մինչդեռ կանգուն էր տակաւին Լեռնակողման Հայոց վանքը, ուխտաւորները կ’երթային ու մէկ կամ երկու օր կը մնային հոն` ներկայ գտնուելու համար սուրբ պատարագին (անդ, էջ 648649):
       Իսկ գալով նոյն վանքին ԺԸ. դարու աւերեալ վիճակի մասին Ս. Աթոռոյս վաստակաւոր միաբաններէն Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմացի (Հաննէ, 1733), կը գրէ թէ իր ժամանակ, նոյն վանքին պատերը միայն գոյութիւն ունէին, իր տողերն են. «… Էր սա փառաւոր վանք, եւ ունէր եկեղեցի գմբեթաշէն յոյժ գեղեցիկ ի ձեռս ազգիս Հայոց լեալ, որ եւ միաբանք իսկ բնակէին ի սմա, բայց ի չարութենէ ի վաղ ժամանակաց երկու հարիւր ամաւ յառաջ փախեաւ ի վանացն, եւ աւերեալ զվանքն ի սպառ քակեցին, որոյ եւ որմունքն միայն այժմ երեւին: Բայց գոյ մերձ եկեղեցւոյն դարպաս մի մեծ իբր պանդոկ, որ ասեն թէ` գինետուն վանիցն…» (Պատմ. Երուսաղէմի, էջ 296): Հայ միաբանութեան ստիպողական լքումէ յետոյ է որ լատինք` 1621ին, անյաջող փորձերով, եւ ապա, 1725ին, վերջապէս կը տիրանան նոյն տեղերուն` իսպառ ջնջելով հայրական յիշատակարանները որ կը գտնուէին վանքին աւերակաց մէջ (Ժամանակագրական Պատմութիւն Երուսաղէմի, Հտր. Ա. էջ 3045):
       Ստեփանոս Սեբաստացի գրիչը, իր երկու յիշատակարաններուն մէջ, ինչպէս վերեւ տեսանք, Այնքեարիմի վանքը կը կոչէ հռչակաւոր Անապատ եւ իրաւունք ունէր. վասն զի, համաձայն օտար ուղեգիրներու նկարագրո ւթեան, զոր վերեւ տեսանք, արդարեւ նոյն վանքը հռչակաւոր էր իր ճարտարապետական կառուցուածքով եւ ներքին գեղեցիկ որմանկարչութեամբ. ա'ն հիանալի եւ հոյակապ յիշատակարան մըն էր, որ կը վկայեէր Մամիկոնեանց նախարարութեան եկեղեցաշէն գործոց, որոնց լծորդուած էր դիւցազնական ոգին, որ հովանաւորը եղած էր, ինչպէս Մշոյ Ս. Կարապետին, նոյնպէս Այնքեարիմի Ս. Յովհաննու Մկրտչի փառաշուք տաճարին: