Այս 
  
   վանքին 
  
   պատմական 
  
   ծագումը 
  
   գրելէ 
  
   յառաջ 
  
   պէտք 
  
   է 
  
   որ 
  
   ծանօթանանք 
  
   այն 
  
   պատմ 
  
   իչին` 
  
   որ 
  
   գրած 
  
   է 
  
   անոր 
  
   մասին, 
  
   եւ 
  
   հասկանանք 
  
   այն 
  
   շարժառիթները, 
  
   որոնց 
  
   համաձայն 
  
   վանքին 
  
   հիմնադիրը 
  
   մեկնեցաւ 
  
   իր 
  
   երկրէի 
  
   ու 
  
   եկաւ 
  
   հաստատուիլ 
  
   Պաղեստին: 
 
        
  
   1. 
  
   Աբուսահլ 
  
   Հայ. 
 
        
  
   Ս. 
  
   Սարգիս 
  
   վանքին 
  
   ու 
  
   եկեղեցիին 
  
   վրայ 
  
   մեզ 
  
   տեղեկանողն 
  
   է 
  
   Աբուսահլ 
  
   Հայ 
  
   պատմիչը 
  
   (արաբ.
  
   ). 
  
   ան 
  
   ԺԲ. 
  
   դարուն 
  
   կ՚ապրէր 
  
   Եգիպտուի 
  
   մէջ. 
  
   գրած 
  
   է 
  
   արաբերէն 
  
   լեզուով 
  
   պատմութիւն 
  
   մը 
  
   Եգիպտոսի 
  
   եւ 
  
   շրջակայից 
  
   վանքերուն 
  
   ու 
  
   եկեղեցիներուն 
  
   վրայ. 
  
   ինչպէս 
  
   նաեւ 
  
   Նուպիոյ 
  
   եւ 
  
   Եթովպիոյ 
  
   կողմերը 
  
   կը 
  
   յիշատակէ, 
  
   չմոռանալով 
  
   հայկական 
  
   վանքերու 
  
   եւ 
  
   եկեղեցիներու 
  
   նկարագրութիւնը. 
  
   նոյն 
  
   այդ 
  
   պատմութեան 
  
   ձեռագիրը 
  
   զոր 
  
   Vanslip 
  
   գնած 
  
   էր 
  
   ԺԷ, 
  
   դարուն, 
  
   կը 
  
   գտոնւի 
  
   Փարիզի 
  
   Ազգ. 
  
   Մատենադարանին 
  
   մէջ. 
  
   այդ 
  
   ձեռագիրը 
  
   Աբուսահլ 
  
   մահուանէն 
  
   երկու 
  
   հարիւր 
  
   տարի 
  
   վերջ 
  
   ԺԴ. 
  
   դարուն, 
  
   ընդօրինակուած 
  
   է 
  
   Ղպտիի 
  
   մը 
  
   կողմէն, 
  
   եւ 
  
   կը 
  
   կարծուի 
  
   որ 
  
   ընդօրինակողը 
  
   հեղինակին 
  
   վրայ 
  
   տեղեկութիւններ 
  
   տուած 
  
   ըլլայ 
  
   ձեռագրին 
  
   սկիզբը. 
  
   բայց 
  
   դժբախտաբար 
  
   կը 
  
   պասկի 
  
   այդ 
  
   մասը. 
  
   հաւանական 
  
   է 
  
   որ 
  
   հակառակորդ 
  
   մը 
  
   կտրած 
  
   հանած 
  
   է 
  
   զայն. 
  
   արդէն 
  
   Evetts` 
  
   որ 
  
   1895ին 
  
   թէ 
  
   արտագրած 
  
   եւ 
  
   թէ 
  
   անգլիերէնի 
  
   թարգմանած 
  
   է 
  
   զայն` 
  
   դիտած 
  
   է 
  
   որ 
  
   ձեռագրին 
  
   առաջին 
  
   քսան 
  
   երոկւ 
  
   էջերը 
  
   կը 
  
   պակսին: 
  
   Ուրիշ 
  
   իրողութիւն 
  
   մ՚ալ 
  
   որ 
  
   պէտք 
  
   չէ 
  
   աչքէ 
  
   վրիպեցնել, 
  
   այն 
  
   է 
  
   թէ 
  
   վերեւ 
  
   յիշուած 
  
   ձեռագիրը, 
  
   չի 
  
   կրնար 
  
   ըլլալ 
  
   առաջին 
  
   բնագրին 
  
   հարազատ 
  
   օրինակը, 
  
   վասն 
  
   զի 
  
   նոյն 
  
   ինքն 
  
   ընդօրինակողը 
  
   իր 
  
   ընդօրինակութեան 
  
   վերջը 
  
   կը 
  
   յայտարարէ 
  
   թէ 
  
   ուզած 
  
   էր 
  
   գիրքը 
  
   համառօտել 
  
   առանց 
  
   շեղելու 
  
   բնագրէն. 
  
   բայց 
  
   չէ 
  
   կրցած 
  
   իր 
  
   խոստումը 
  
   պահել: 
  
   Յայտնի 
  
   ըլլալով 
  
   որ 
  
   Ղպտիները 
  
   զանազան 
  
   պատճառներով 
  
   հաշտ 
  
   աչօք 
  
   չէին 
  
   նայեր 
  
   Եգիպտոս 
  
   հաստատուած 
  
   քրիստոնեաներուն 
  
   վրայ, 
  
   հաւանական 
  
   է 
  
   որ 
  
   կամ 
  
   ընդօրինակողը 
  
   եւ 
  
   կամ 
  
   ուրիշ 
  
   մը 
  
   համարձակած 
  
   է 
  
   ջնջել 
  
   այն 
  
   մասը` 
  
   որ 
  
   Հայոց 
  
   նպաստաւոր 
  
   էր: 
 
        
  
   Ապուսահլ 
  
   Հայ 
  
   իր 
  
   դարուն 
  
   կարեւոր 
  
   մատենագիր 
  
   մ՚էր 
  
   եւ 
  
   գիտնական 
  
   մը. 
  
   ան 
  
   յարաբերութիւն 
  
   կը 
  
   մշակէր 
  
   պետական 
  
   երեւելի 
  
   մեծ 
  
   անձնաւորութեանց 
  
   հետ, 
  
   ինչպէս 
  
   կ՚երեւի 
  
   իր 
  
   պատմութեան 
  
   ընաթացին: 
  
   P. 
  
   Alexis 
  
   Mallon 
  
   իր 
  
   մէկ 
  
   գիրքին 
  
   մէջ 
  
   կը 
  
   վկայէ 
  
   թէ 
  
   «մինչեւ 
  
   մեր 
  
   օրերը 
  
   հասած 
  
   ղպտի 
  
   բանասիրութեան 
  
   բոլոր 
  
   գործերը 
  
   կը 
  
   վերաբերին 
  
   ԺԴ. 
  
   դարերուն 
  
   շրջանին: 
  
   Այս 
  
   շրջանին 
  
   Եգիպտոսի 
  
   եւ 
  
   Եւտիքիոսէն 
  
   վերջ, 
  
   Աբուսահլ 
  
   հայ, 
  
   Էլ 
  
   Մաքուն, 
  
   Իպն 
  
   Էլ 
  
   Ասսալ, 
  
   Իպն 
  
   Րահէպ, 
  
   Ապուլ 
  
   Պարաքաթ: 
  
   Այս 
  
   թուականը 
  
   արաբ 
  
   քրիստոնեայ 
  
   գրականութեան 
  
   յետակէտն 
  
   էր» 
  
   (Տե'ս 
  
   Une 
  
   ecole 
  
   de 
  
   Savants 
  
   Egyptiens 
  
   au 
  
   Moyen 
  
   Age, 
  
   էջ 
  
   110): 
 
       
  
   Աբուսահլի 
  
   պատմածները 
  
   շատ 
  
   ճիշդ 
  
   են, 
  
   միայն 
  
   թէ 
  
   չէ 
  
   պահուած 
  
   ժամանակագրական 
  
   կարգը. 
  
   անոր 
  
   գիրքը 
  
   ունի 
  
   տեղագրական 
  
   եւ 
  
   պատմական 
  
   ճոխ 
  
   մթերք 
  
   մը. 
  
   իր 
  
   աղբիւրներն 
  
   են` 
  
   Աբուլ 
  
   Հասան 
  
   Շաբուշտի 
  
   (Ժ-ԺԱ. 
  
   դար) 
  
   որ 
  
   գրած 
  
   է 
  
   Վանօրէից 
  
   անուամբ 
  
   գիրք 
  
   մը 
  
   (Քիթապ 
  
   Էլ-Տիարաթ), 
  
   Սեւերոս 
  
   եպս., 
  
   հեղինակը 
  
   Աղեքսանդրիոյ 
  
   պատրիարքաց 
  
   պատմութեան 
  
   (Թ. 
  
   դար), 
  
   Եւտիքոս, 
  
   այլ 
  
   անուամբ 
  
   Սայիտ 
  
   Իպն 
  
   Էլ 
  
   - 
  
   Պատրիկ 
  
   (940) 
  
   որ 
  
   ունի 
  
   Տարեգիրք 
  
   կոչուած 
  
   պատմութիւնը: 
  
   Աբւոսահալ 
  
   հմուտ 
  
   կը 
  
   թուի 
  
   մահմետական 
  
   օրինաց 
  
   եւ 
  
   պատմութեանց. 
  
   ան 
  
   աւելի 
  
   Ղպտիներուն 
  
   մէջ 
  
   մեծցած 
  
   ու 
  
   սնած 
  
   ըլլալուն 
  
   յարեալ 
  
   կ՚երեւի 
  
   այս 
  
   ազգին: 
 
        
  
   Աաբագէտները 
  
   եւ 
  
   բնասէր 
  
   արեւելագէտները, 
  
   ինչպէս 
  
   Գադրմէր 
  
   եւ 
  
   մանաւանդ 
  
   Րենտոյ 
  
   ԺԸ. 
  
   դարու 
  
   սկիզբը 
  
   շատ 
  
   բանաքաղութիւններ 
  
   ըրած 
  
   են 
  
   այս 
  
   պատմիչէս. 
  
   եւ 
  
   որոնցմէ 
  
   օգտուած 
  
   է 
  
   Հ. 
  
   Ղ. 
  
   Ալիշան 
  
   իր 
  
   Ս. 
  
   Ներսէս 
  
   Շնորհալի 
  
   եւ 
  
   պաարգայ 
  
   իւր 
  
   գրքին 
  
   խմբագրութեան 
  
   հայկական 
  
   մասերը 
  
   եւ 
  
   փոքր 
  
   տետրակի 
  
   մը 
  
   մէջ 
  
   ամփոփելով` 
  
   1895ին 
  
   հրատարակած 
  
   է, 
  
   որմէ, 
  
   եւ 
  
   ուրիշ 
  
   տեղերէ, 
  
   մենք 
  
   եւս 
  
   օգտուեցանք: